Թուրքիայի նախագահ Ռեջեփ Թայիփ Էրդողանը հակաիսրայելական հայտարարություններ է արել և նույնիսկ սպառնացել ներխուժել Իսրայելի տարածք՝ գրում է The Jerusalem Post-ը։ «Ինչպես մենք մտանք Ղարաբաղ և Լիբիա, նույնը կանենք Իսրայելի հետ»,- հայտարարել է Էրդողանը կուսակցական հանդիպման ժամանակ:               
 

Բողոքի ցոյցեր Յունաստանի մէջ Հունգարիոյ ներկայացուցչութեանց առջեւ

Բողոքի ցոյցեր Յունաստանի մէջ Հունգարիոյ ներկայացուցչութեանց առջեւ
06.09.2012 | 12:10

Աթէնք-Թեսաղոնիկէ

Յունահայութիւնը իր բողոքը երկու ցոյցերով արտայայտեց, հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի ոճրասպան Ռամիլ Սաֆարովին Ատրպէյճանի արտայանձնելու Հունգարիոյ պատասխանատուութեան համար։

Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ Հունգարիոյ զոյգ ներկայացուցչութիւններուն առջեւ համախմբուեցան մեր հայրենակիցները Չորեքշաբթի 5 Սեպտեմբերին։ Կէսօրուան ժամը 1ին կայացաւ Թեսաղոնիկէի մէջ ցոյցը, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ։ Մեր հայրենակիցները համախմբուեցան Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ առջեւ, ապա քայլարշաւով շարժեցան դէպի Հունգարիոյ հիւպատոսութեան շէնք, բարձրախօսով լոզունգներ բացագանչելով։ Պատուիրակութիւն մը ընդունուեցաւ Հունգարիոյ հիւպատոսի ներկայացուցիչին կողմէ, որ ստանձնեց բողոքի յուշագիրը յանձնելու պարտականութիւնը։

Կէսօրէ ետք ժամը 6.30ին տեղի ունեցաւ Աթէնքի ցոյցը, միասնաբար կազմակերպուած Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Ռ.Ա.Կ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան կողմէ։

Ցուցարարները համախմբուեցան Վասիլիսիս Սոֆիաս կեդրոնական պողոտային վրայ, մեծ պաստառներ պարզած։ Երիտասարդներ, պատանիներ, տարեցներ, յունահայ եւ Հայաստանէն Աթէնք հաստատուած մեծ թիւով հայրենակիցներ ներկայ եղան եռանդուն ցոյցին։ Ցոյցը կը գլխաւորէին Արցախէն Յունաստան այցելող 22 պատանիները, իրենց դաստիարակներով, որոնք հպարտօրէն պարզած էին Արցախի դրօշը։

Ցուցարարները յառաջացան լոզունգներ բացագանչելով։

Ցոյցը կանգ առաւ Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ, ոստիկանութեան հսկողութեան տակ։ Կարճ խորհրդակցութենէ ետք դեսպանութեան մուտքին իջաւ դեսպանի խորհրդականը որ ընդունեց եռանդամ պատուիրակութիւն մը։ Պատուիրակութիւնը իրեն յանձնեց բողոքի յուշագիրը, բացատրելով թէ հայութիւնը ամբողջ ընդվզած ու զայրացած է Հունգարիոյ կառավարութեան որոշումով՝ Ատրպէյճանին յանձնելու հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի ոճրասպանը։ Հունգարացի պաշտօնակատարը հաւաստիացուց որ Աթէնքէն եւ Թեսաղոնիկէէն հնչած բողոքի ձայները պիտի հասնին Պուտափեշտի իշխանութիւններուն եւ ստանձնեց գրաւոր յուշագիրը յանձնելու պարտականութիւնը։

Լուսանկարներ

. .
Դիտվել է՝ 1607

Մեկնաբանություններ