Յաւիտենականութիւնը այնքան իրական է, որքան երգը թռչունին եւ գոյնը ծաղիկին: Այնքան իրական, որքան ջերմութիւնը կնոջ մը աչքերուն եւ տրտում գեղեցկութիւնը թիթեռնիկի թեւերուն: Այնքան իրական, որքան լռութիւնը:
Կը հաւատամ, Տէ՜ր, որովհետեւ հաւատքը այն տաճարն է, որուն կը սպասարկեն իմ զգայարանքները՝ որպէս պատարագիչ քահանայ, որպէս դպիր եւ որպէս սարկաւագ:
Երբ կը հաւատամ, կը զգամ, որ, Տէ՜ր, Քու շունչը գինիի պէս կը տարածուի իմ մարմնիս մէջ, եւ ես, Քեզմով ներշնչուած, ստեղծագործութեան ոյժը կը զգամ, ոյժը, որ յաւիտենականութեանն է:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ