ՄԱԿ-ի կլիմայի COP29 համաժողովի շրջանակում Ադրբեջանի նախագահ Իլհամ Ալիևը հանդիպել է Մեծ Բրիտանիայի վարչապետ Քիր Սթարմերի հետ. վերջինս հետաքրքրվել է Հայաստանի և Ադրբեջանի միջև բանակցային գործընթացով։ Ալիևն ասել է, որ խաղաղության պայմանագրի տեքստի զգալի մասն արդեն համաձայնեցված է, միաժամանակ, հերթական անգամ դժգոհել է Հայաստանի Սահմանադրությունից՝ նշելով դրանում պարունակվող «տարածքային հավակնությունները»։               
 

Քրիստոնեայ Ներկայութիւնը Արաբական Ծոցի Երկիրներու մէջ՝ Պատմական Զարգացումներ, Առաքելութիւն եւ Մարտահրաւէրներ.. Դոկտ. Հրայր ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Քրիստոնեայ Ներկայութիւնը Արաբական Ծոցի Երկիրներու մէջ՝ Պատմական Զարգացումներ, Առաքելութիւն եւ Մարտահրաւէրներ.. Դոկտ. Հրայր ՃԷՊԷՃԵԱՆ
05.05.2023 | 10:51

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ

Արաբական-Պարսից Ծոցը կը գտնուի Ասիոյ արեւմտեան շրջանի, Իրանի եւ Արաբական թերակղզիի միջեւ եւ Հնդկական ովկիանոսի երկայնքով։ Բնակչութիւնը արաբներ են, որոնց արմատները ծնունդ առած են հին ժամանակներէ։ Արաբերէնը պաշտօնական լեզուն է, բայց իւրաքանչիւր Ծոցի երկիր ունի իր բարբառը որ կրնայ տարբերիլ մէկը միւսէն։ Իսլամական ներխուժումէն ետք, ՔԵ եօթերորդ դարուն, բոլոր այս երկիրները ընդունեցին իսլամական կրօնքը։

Արաբական Ծոցի երկիրները կը կազմեն Պահրէյնի Թագաւորութիւնը, Քուէյթ, Օմանի Սուլթանութիւնը, Քաթար, Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութիւնը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ Եմէնը։ Առաջին վեց երկիրները միասին կը կազմեն Ծոցի Երկիրներու Համագործակցութեան Խորհուրդը, որ հիմնուած է 1981 թուականին, Ապու Տապիի մէջ։ Խորհուրդին նպատակն է խաղաղութիւն, համերաշխութիւն եւ ապահովութիւն յառաջացնել շրջանին մէջ եւ զարգացնել տնտեսական կապերը իրար միջեւ։ Պէտք է ընդունիլ, թէ Ծոցի Խորհուրդը սկսած է դառնալ կարեւոր միաւոր Արաբական աշխարհի մէջ եւ նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ։ Այդ ներկայիս հիմնական դեր ստանձնած է քաղաքական կեանքի մէջ եւ այս տեղական թէ միջազգային յարափերութիւներու մէջ։

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐ
Քրիստոնեայ ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ սկսած է զարգանալ ՔԵ չորրորդ դարէն ետք։ Եթէ նոյնիսկ պատմութեան որոշ ժամանակահատուածէ մը ետք չէ զարգացած բայց քրիստոնեայ եկեղեցին մնացած է հոգեւոր եւ մշակութային կռուան Ծոցի այս տարածաշրջանին մէջ եւ մինչեւ այսօր։

Սուրիանի աղբիւրներ Արեւելքի եկեղեցիի, որ նաեւ կը կոչուի Նեսթորական եկեղեցի, կը մատնանշէ վանքերու ներկայութիւնը չորրորդ դարու կէսերէն սկսեալ։ Այս վանքերը կը գտնուէին հիւսիս արեւելեան շրջաններուն մէջ, որ ներկայ օրերու Պահրէյնը եւ Քաթարն է։ Անոնք կը կոչուէին Պէթ Քաթարիէ։ ՔԵ 325 թուին կայացած Նիկիոյ ժողովին, ուր 300 արքեպիսկոպոսներ մասնակցած են՝ երեքը եկած էին Պէթ Քաթարիէն, որ այդ ժամանակներու ամենէն հին եկեղեցական թեմերէն մին էր Արեւելեան Արաբական եկեղեցիին։ Ներկայ օրերուն այս շրջանները կը կոչուին Օման, Քաթար եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Պատմական արձանագրութիւնները եւ տուեալները նոյնպէս կը վկայեն, թէ քրիստոնեայ ներկայութիւնը մնացած է աշխուժ նոյնիսկ իսլամական ներխուժումէն ետք՝ ՔԵ 629 թուականէն անդին։

Քանի մը տեսութիւններ կան, թէ ինչպէս քրիստոնեայ ներկայոթիւնը սկսած է Ծոցի երկիրներու մէջ։

Քրիստոնեայ արաբներ եւ ցեղախումբեր հասած են Ծոցի երկիրները, որոնք լաւ յարաբերութիւններու մէջ էին քրիստոնեայ հաւաքականութիւններու հետ Ալ Հիրա շրջանին մէջ՝ կեդրոնական Իրաք, ինչպէս նաեւ Պահրէյնի եւ հիւսիս-արեւելքի շրջաններու մէջ հաստատուած Ապտըլ Քայս հաւաքականութիւններու հետ։

Տուեալներ նաեւ կը վկայեն, թէ քրիստոնեայ ներկայութիւնը տարածուեցաւ Նեսթորական եկեղեցիի աւետարանչական արշաւներու որպէս հետեւանք, որ բաժնուած մէկ մասնիկն էր հինգերորդ դարու Արեւմտեան Սուրիանի Ճաքոպայթ եկեղեցիին։ Պատմագէտներ նաեւ կը վկայէն, թէ Նեսթորական եկեղեցին հալածանքներու ենթարկուած է Պարսկաստանի Շափուր Բ.ի կողմէ ինչ որ պատճառ եղած է, որ քրիստոնեաններ հասնին Ծոցի երկիրները։ 1992 տարուան ընթացքին երբ եկեղեցական վանք մը յայտնաբերուեցաւ Պանի Եաս կղզիին մէջ՝ Ապու Տապի, ուր փաստուեցաւ թէ քրիստոնեաներ ապրած էին այս շրջաններուն մէջ ՔԵ արդէն վաղ վեցերրորդ դարուն։

Իսլամական տիրապետութենէն ետք, պատմութեան արձանագրութիւնները կը վկայեն, թէ քրիստոնեայ ներկայութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ իններորդ դար։ Հոս կը յիշատակուի, թէ քրիստոնեաններ եւ իսլամներ միասին ապրեցան համերաշխօրէն։ Նոյնիսկ կան տուեալներ, թէ եկեղեցիի սպառնալիքը եւ վտանգը աւելի շատ ներքին էր քան արտաքին։ Պատմական տուեալներ կը խօսին եօթներորդ եւ ութերորդ դարերուն երբ հիմնուած է Ալ Քուսու եկեղեցին իսլամ հաւաքականութեան հանդուրժողութեան որպէս արդիւնք։ Ալ Խարք վանքի յիշատակարաններուն մէջ արձանագրուած է Տիմոթէոս Ա.ի աշխուժ գործունէութիւնը, եւ Արեւելքի եկեղեցիին համար այդ տարիները նկատուած են որպէս ոսկեայ տարիներ։

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ ԵՒ ԱՆՀԵՏԱՑՈՒՄԸ
Երկու հիմնական տարբերակներ կան քրիստոնեայ եկեղեցիին ճակատագրին եւ անհետացումին առընչութեամբ ՔԵ իններորդ դարէն ետք։

Առաջինը կը հիմնաւորէ, թէ հալածանքը ամբողջութեամբ անհետացուց Արեւելքի եկեղեցին Ծոցի երկիրներէն։ Այս մտածողութեան պատկանողները կը հիմնաւորեն իրենց տեսութիւնը Մուհամէտ Մարքարէի մահուան անկողինին վրայ իր արտասանած խօսքերը. «Բոլոր Ծոցի տարածաշրջանին մէջ ուրիշ կրօնք մը պէտք չէ գոյութիւն ունենայ»։ Կարելի է չէ հիմնաւորել այս տեսակէտ-թեզը։ Այս ժամանակահատուածին քրիստոնեաններ եւ հրեաններ փոքրամասնութեան կարգավիճակ ունէին եւ տուքանք պարտադրուած էր անոնց վրայ, Ճիզա։ Պատմական վկայութիւններու մէջ չիկայ որեւէ յիշատակութիւն, թէ քրիստոնեաններ ենթարկուած են սպաննութեան կամ տեղահանումի։

Երկրորդ տեսակէտը կ՚ըսէ, թէ Արեւելեան եկեղեցիի անհետացումը առնչուած է Բիւզանդական աստուածաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան պարտադրանքներուն եւ բանավէճերուն հետ, ուր արաբ մտաւորական եւ կրօնական առաջնորդներ մեկուսացուեցան եւ պատճառ դարձան եկեղեցիին տկարացումին եւ անհետացումին։ Այս իմաստով, կրօնափոխութիւնը աւելի շիտակ փաստարկ եղած է, երբ քրիստոնեաներ «յոգնած քրիստոնեայ վարդապետութեան եւ աստուածաբանական բանավէճերէ՝ իսլամ կրօնքը աւելի նպատակայարմար տեսած են»։

Տնտեսական պատճառները եւ անոնց շարժառիթները պէտք է նկատի առնել նաեւ, ուր քրիստոնեաներ կրօնափոխ ըլլալով եւ իսլամական կրօնքը ընդունելով անոնք աւելի դիւրին եւ ազատ վաճառականական յարափերութիւններ մշակած են։

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԸ ԾՈՑԻ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ
Քրիստոնեայ ներկայութիւնը դարձեալ մուտք գործեց Ծոցի տարածաշրջանին մէջ 1497 թուականներուն փորթուքալական գաղութատիրութեան օրերուն, որ սկսաւ երբ Վասքօ Տի Կամա Փորթուքալէն հասաւ Ծոցի շրջանները։ Փորթուքալցիք, որոնք զօրաւոր հակա-իսլամ տրամադրութիւններով լեցուած էին՝ ապրելով արաբական ներխուժումը եւ տիրապետութիւնը եւրոպայի մէջ, գրաւեցին շրջանը եւ հիմնեցին պարիսպներ Օմանի եւ Պահրէյնի մէջ եւ Հորմուզի մէջ շինեցին կայան մը Ծոցի պարսկական մասին մէջ։

Կը յիշատակուին նաեւ բռնարարքներ փորթուքալական գաղութատիրութեան օրերուն տեղացի արաբներու վրայ։ Փորթուքալցիներուն հետ մուտք գործեց կաթողիկէ Գարմելիթ միսիոնարական առաքելութիւնը։ Անոր յաջորդեց Հոլանտական Բարեկարգեալ-Բողոքական եկեղեցին երբ հիմնուեցաւ Հոլանտական-Հնդկական արեւելեան ընկերութիւնը 1602 թուականին։

Անգլիական գաղութատիրութիւնը սկսաւ 1600 տարիներուն Կարմիր Ծովու, Արաբական Թերակղզիի, Իրաքի եւ Իրանի մէջ, երբ հիմնուեցաւ Արեւելեան Հնդկական ընկերութիւնը։ Անգլիացիք, որպէսզի պահպանեն իրենց հաղորդակցութիւնները, կործանեցին Հորմուզի կայանը պարսկական մասին մէջ 1622 տարիներէն սկսեալ եւ սկսաւ մրցակցութիւնը ֆրանսական ընկերութեան հետ, որ կայք ունէր արեւելեան հնդկաստանի մէջ։ Ֆրանսական մրցակցութիւնը անգլիացիներու եւ հոլանտացիներու հետ ծայր տուաւ աշխուժ միսիոնարական գործունէութեան կաթողիկէ եկեղեցիին կողմէ։
Ամերիկեան Արաբական Միսիոնարութիւնը, որ բողոքական կազմակերպութիւն մըն է եւ որ գործեց Ծոցի եւ հարաւային Իրաքի մէջ, հիմնուեցաւ 1889 տարիին։ 1894 տարին Ամերիկայի Բարեկարգեալ Եկեղեցին ստանձնեց այս միսիոնարական կազմակերպութիւնը, որ գործեց մինչեւ 1973։ Այս կազմակերպութիւնը Պահրէյնի մէջ հիմնեց հիւանդանոց եւ մանչերու դպրոցներ 1905 թ.ին։ Կազմակերպութիւնը հիմնեց առաջին սարքային հիւանդանոցը Քուէյթի մէջ 1913-ին։ Այս կազմակերպութեան հիմնած շատ մը հիմնարկները տակաւին կը շարունակուին Քուէյթի, Պահրյնի եւ Օմանի մէջ նոյնիսկ երբ կազմակերպութիւնը լուծուեցաւ եւ կասեցուց իր գործունէութիւնները 1973-ին։

Ալ Թամիմի միսիոնարական եւ եկեղեցական առաքելութիւններուն մասին կ՚ըսէ. «Աւետարանի քարոզչութիւնը Ծոցի երկիրներու մէջ արդիւնք չտուաւ քանի տեղացի քրիստոնեայ հաւաքականութիւն մը չի կազմուեցաւ»։ Ասով հանդերձ, քրիստոնեայ առաքելութիւնը իր կարեւոր հիմքերը դրաւ Ծոցի երկիրներուն մէջ յաջորդող տարիներուն եւ մինչեւ այսօր եւ կը ծառայէ որպէս հոգեւոր, եկեղեցական եւ ընկերային հենարան մեծ թիւով օտարազգի մարդոց, որոնք աշխատանքային մտահոգութիւններէ մեկնելով հաստատուած են Ծոցի տարածաշրջանին մէջ։ Իրականութիւն է սակայն, որ միսիոնարական առաքելութիւնը չի կրցաւ կազմել նոր քրիստոնեաներ տեղացի ժողովուրդին մէջ։

Եթէ մէկ հիմնական պատճառ կարելի չէ գտնել այս ձախողութեան համար, Սգուտըր կը հիմնաւորէ, թէ միսիոնարական կազմակերպութիւններու յաջողութիւնը պէտք է տեսնել այլ գրաւականներու մէջ։ Այսինքն, քրիստոնեայ միսիոնարները կրցան սիրաշահիլ տեղացիներու բարեկամութիւնը, որոնք ընդունեցին զիրենք եւ այս պատճառ եղաւ որ յարաբերութիւն մը ստեղծուի, որ հիմնուած է հանդուրժողականութեան եւ գոյակեցութեան տրամադրութեամբ։ Այս իմաստով, միսիոնարներու առաքելութիւնը ցոյց տուաւ քրիստոնէական մարդասիրական հոգիին ընկալումը։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Արեւմտեան քրիստոնէութիւնը մուտք գործեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիււները փորթուքալցիներու հետ 1506-ին։ Արաբական մտածողութեան մէջ յիշատակուած էր տակաւին քրիստոնեաներու իսլամներու հանդէպ անմարդկային վերաբերմունքը եւ սպաննութիււները՝ փորթուքալական գաղութատիրութեան օրերուն։ Անգլիական գաղութատիրութեան ժամանակ պայմանները փոխուեցան, որովհետեւ եղան անգլիացի կառավարիչներ, որոնք նկատուեցան որպէս հաղորդակցութեան եւ համակեցութեան կամուրջներ ստեղծող, ինչ որ տեղացիներու կողմէ դրական կերպով ընդունուեցաւ։

Պատմութիւնը կը յիշատակէ երկու գործունէութիւններ, որոնք դրական ներդրում ունեցան քրիստնեայ ներկայութեան ընդունման Արաբական Միացեալ էմիրութիւններուն մէջ։

Առաջինը՝ Արաբական Միսիոնարական Առաքելութիւնը որ 1889 տարիներէն սկսեալ բժշկական եւ կրթական լայնածաւալ գործեր տարած է։ Հոս կը յիշատակուի Ալ Այնի Ովասիս հիւանդանոցը, որ հիմնուած է 1960 թ.ին, որուն բժշկական աշխատակազմի նուիրական ծառայութիւնը մեծապէս գնահատանքի արժանացած է տեղացիներուն կողմէ։ Երկրորդը՝ Շէյխ Զայէտ Ալ Նահեանի քաղաքական առաջնորդութիւնն է։ Ան առաջին եւ հիմնադիր նախագահն է Արաբական Միացեալ Էմիրութիււներու։ Քրիստոնեայ ներկայութեան անդրադառնալով ան կ՚ըսէ. «Միասին եկէք հիմնենք զօրաւոր կռուան մը եւ օժանդակենք մեր եղբայրներուն (ակնարկը քրիստոնեաններուն համար է - ՀՃ) եւ միասին աշխատինք դէպի խաղաղութիւն»։ Եթէ այս յայտարարութիւնը լման կրօնական ազատութիւն չի տար քրիստոնեաններուն բայց ցուցանիշ է հանդուրժողականութեան, յարգանքի եւ համագործակցութեան։

Միսիոնարական շարժումը յաջողեցաւ բժշկական եւ կրթական մեծ ծառայութիւններ իրականացնել, բայց կարելի չեղաւ կրօնափոխութիւն յառաջացնել տեղացի իսլամներուն մէջ։ Թոմբսըն, որ Անկլիքան եկեղեցական մըն է, կ՚ըսէ. «Արաբները հաւատացին, թէ քրիստնեայ դառնալով կրնան արմատախիլ ըլլալ իրենց հաւաքականութիւններէն եւ հեռանալ իրենց հաւատարմութիւններէն»։

Աւետարանական եկեղեցին հիմնուեցաւ Տուպայի մէջ 1962-ին եւ 1966-ին Ապու Տապիի մէջ։ Աւետարանական եկեղեցիին մէջ կը հիւրընկալուին մեծ թիւով եկեղեցական խմբակցութիւններ, որոնք պետական ճանաչում չունին եւ իրենց եկեղեցական պաշտամունքները կ՚ունենան աւետարանական եկեղեցիին հովանիին տակ, որ պետական ճանաչում ունի։ Անկլիքան եկեղեցին հիմնուեցաւ Ապու Տապիի մէջ 1965-ին եւ Շարժա-Տոպայի մէջ 1970-ին։

Կաթողիկէ Գաբուչին միաբանութիւնը հիմը դրաւ կաթողիկէ եկեղեցիին 1965-ին։ Կաթողիկէ եկեղեցին հինգ դպրոցներ ունի Էմիրութիււներուն մէջ, ուր քրիստոնէական դաստիարակութիւն կը դասաւանդուի քրիստնեայ աշակերտներուն։ 2007-ին Վատիկանը եւ Էմիրութիւնները հիմնեցին միջ-պետական եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ։

Հայկական եկեղեցին՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Շարժայի մէջ հիմնուած է 1998-ին եւ Ապու Տապիի մէջ 2014-ին Սրբոց Նահատակաց անունով։

Հնդիկ հաւաքականութիւնը ամենէն մեծն է Էմիրութիւններուն մէջ։ Եկեղեցական համակարգը Էմիրութիւններուն մէջ կը բաղկանայ տարբեր լեզուական եւ մշակութային համայնքներէ եւ յարանուանութիւններէ։ Ըստ պետական արձանագրութիւններու աւելի քան 160 ազգութիւններ կ՚ապրին Էմիրութիււներուն մէջ։ Յատկնաշական երեւոյթ է, որ Էմիրութիւններու պետական վարչամեքենային մէջ ներառուած է «Յանդուրժողականութեան Նախարարութիւն»ը։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ
Քուէյթի քրիստոնեայ հաւաքականութեան յատկանիշներէն մին է տեղական Քուէյթցի քրիստոնեայ համայնքը՝ թիւով 300։ Անոնց արմատները եկած են Թուրքիայէն եւ հաստատուած Քուէյթ 20-րդ դարու սկիզբը։

Կաթողիկէ եկեղեցին հիմնուած է 1948-ին եւ Վատիկան Քուէյթի հետ դիւանագիտական կապեր հաստատեց 1996-ին։ Ամերիկեան Արաբական Միսիոնարական կազմակերպութիւնը հիմնած է երկրին մէջ առաջին հիւանդանոցը 1913-ին, առական սեռին համար եւ 1919-ին իգական սեռին համար։ 1913-ին անոնք նաեւ հիմնեցին տղոց համար դպրոց մը։ Շատ մը քուէյթցի բարձրաստիճան ղեկավարներ շրջանաւարտ եղած են այս դպրոցէն։

Հայկական եկեղեցին Քուէթի մէջ՝ Սրբոց Վարդանանց, հիմնուած է 1962-ին եւ հայկական վարժարանը 1962-ին։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՄԷՋ
Պահրէյնի մէջ կ՚ապրի մօտաւորապէս 500 տեղացի քրիստոնեայ համայնք մը, որ պետական ճանաչում ունի եւ ներկայացուցիչ մը խորհրդարանին մէջ։ 1901-ին միսիոնարութիւնը հիմը դրած է հիւանդանոցի մը, որ մինչեւ այսօր կը գործէ որպէս քրիստոնէական հաստատութիւն եւ կը համարուի Պահրէյնի լաւագոյն հիւանդանոցներէն մէկը։ Նոյնպէս առաջին դպրոցը հիմնուած է 1906-ին միսիոնարութիւններու կողմէ։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՔԱԹԱՐԻ ՄԷՋ
Քաթարի մէջ քրիստոնեայ ներկայութիւնը ունի աւելի նոր պատմութիւն։ 2008-ին կաթողիկէ եկեղեցին հիմը դրաւ առաջին եկեղեցաշէնքին։ Անկլիքան, Յոյն Օրթոտոքս եւ այլ համայնքներ նոյնպէս ունին իրենց եկեղեցաշէնքերը։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՕՄԱՆԻ ՄԷՋ
Օմանի Սուլթանութեան մէջ միսիոնարութիւնը հիմնեց մայրանոց-հիւանդանոց մը 1913-ին եւ երկսեռ դպրոց մը 1939-ին։ Այս մայրանոց-հիւանդանոցը եւ դպրոցը պատճառ եղան որ հիմը դրուի տեղական քրիստոնէական եկեղեցիի մը։ Սակայն հիւանդանոցին եւ դպրոցին փակումէն ետք տեղական քրիստոնեայ համայնքն ալ լուծեցաւ։ Այսօր Օմանի մէջ քրիստոնեայ եկեղեցին օտարազգի է եւ տարբեր համայնքներէ կազմուած։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԵՄԷՆԻ ՄԷՋ
Եմէնի Ատէն քաղաքին մէջ Անգլիական գաղութատիրութեան օրերուն աւելի քան 22 եկեղեցաշէնքեր հիմնուած էին՝ Անկլիքան եւ Կաթողիկէ։ Այսօր եկեղեցաշէնքերը փլատակ վիճակի մէջ են։ Քոյր Թերեզայի բարեսիրական կազմակերպութիւնը կը հովանաւորէ երէցներու եւ անկարներու պատսպարան մը Սանաայի, Ատենի եւ Թաաիզի մէջ։ Այսօր անոնք տակաւին կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը նոյնիսկ երկրին դժուար պայմաններուն մէջ։ Պէտք է նաեւ յիշել, թէ 1998-ին երեք քոյրեր սպաննուեցան այս բարեսիրական կազմակերպութեան անդմաներէն երբ իրենց առաքելութիւնը կը կատարէին։ Նոյնանման ճակատագրին ենթարկուեցան Հարաւային Մկրտչական եկեղեցիէն երեք բժիշկեր, որոնք սպաննուեցան Ճիպլայի հիւանդանոցին մէջ եւ պատճառ եղաւ որ քրիստոնէական այս հիւանդանոցը փակուի։

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՐՈՂԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԸ
Ծոցի երկիրներու ներկայի օրէնքը կ՚արգլիլէ աւետարանչութիւնը իսլամական համայնքին մէջ։ Քրիստոնէական ներկայութիւնը եթէ բաձարցակ ազատութիւններ չունի, բայց կայ հանդուրժողական մթնոլորտ եւ կեցուածք՝ պետական եւ ընկերային շրջանակներու կողմէ։ Քրիստոնէական դասական համայնքներ-եկեղեցիներ՝ կաթողիկէ, աւետարանական, առաքելական ու տակաւին, ունին պաշտօնական գրանցում։ Պետութիւն-եկեղեցի կապերը ընդհանրապէս փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մէջ է։ Քրիստոնեաներ իրաւունք ունին իրենց եկեղեցական արարողութիւնները եւ գործունէութիւնները ունենալ եկեղեցական շէնքերուն եւ անոնց պատեաններուն մէջ, որոնք տրամադրուած են պետութեան կողմէ։

Աւելի քան 17 Ծոցի քաղաքներու մէջ տրամադրուած են պետական հողաշերտեր ուր աւելի քան 40 եկեղեցաշէնքեր կը գործեն։ Քրիստոնեայ եկեղեցին Ծոցի մէջ կը համարուի որպէս «հիւր» եւ այս իմաստով կը «հիւրընկալուի» պետութեան կողմէ։ Եկեղեցիները իրենց եկեղեցաշէնքերու սեփականատէրերը չեն բայց ունին ապահովութիւն, թէ պետութիւնը պիտի չառնէ այս հողերը իրենցմէ։ Այս իմաստով քրիստոնեայ եկեղեցիները այս հողաշերտերու վրայ կառուցած են իրենց եկեղեցաշէնքերը։ Այս իրավիճակը ստեղծած է մօտիկ գործակցութիւն տարբեր քրիստոնեայ համայնքներու միջեւ։ Քաթրին Կրահամ՝ Անկլիքան կղերական մը, այս իրավիճակը կը կոչէ. «պարտադրուած համագործակցութիւն»։

Քրիստոնեայ ներկայութիւնը արդիւնք է մեծ թիւով օտարներու, որոնք աշխատանքի համար ժամանած են հոն։ Օտարազգի անձիք որոնք կ՚ապրին այս երկիրներուն մէջ չեն կրնար հպատակութիւն ստանալ, նոյնիսկ եթէ անոնք հոն ծնին կամ հոն ապրին 40 կամ 50 տարի։

Ծոցի չորս երկիրներ աշխարհի առաջին չորս դիրքերը կը գրաւեն, որպէս ամէնէն շատ օտարազգի բնակիչներ ունեցող, համեմատաբար իրենց տեղացի ժողովուրդին հետ։ Քաթար, Էմիրութիւններ, Քուէյթ եւ Պահրէյն կը գլխաւորեն աղիւսակի այս չորս դիրքերը։ Օտարազգի այս բնակչութեան մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն բանուորները, որոնք կուգան ասիական եւ ափրիկեան ցամաքամասերէն, իգական թէ առական սեռէ։ Աւելի քան 15 միլիոն բանուոր կ՚ապրի Ծոցի երկիրներուն մէջ։ Քրիստոնեայ ներկայութիւնը կը հաշուէ մօտաւորապէս 5 միլիոն։ Այս իմաստով Ծոցի քրիստոնեայ համայնքը կը կազմէ երկրորդ խոշորագոյն համայնքը Միջին Արեւելքի մէջ, Եգիպտոսէն ետք։

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Քուէյթի հայկական գողութը կազմակերպուած իրավիճակ ունի իր եկեղեցիով եւ վարչական դրուածքով։ Հայ եկեղեցին՝ Սրբոց Վարդանանց, հիմնուած է 1962-ին եւ դպրոցը 1961-ին։ Գաղութը ունի իր միութիւնները, որոնց միջոցաւ տեղի կ՚ունենան շատ մը գործունէութիւններ։ Հայ Առաքելական եկեղեցին կը պատկանի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Քուէյթի Առաջնորդարանը նաեւ կը հոգայ Պահրէյնի եւ Սէուտական Արաբիոյ փոքրաթիւ հայ գողութներու հոգեւոր կարիքները, որոնք եկեղեցական-կազմակերպչական կառոյցներ չունին։

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւներուն մէջ հայ գաղութը ունի երկու եկեղեցի՝ Շարժայի եւ Ապու Տհապիի մէջ։ Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին հիմնուած է 1998-ին իսկ Ապու Տապի՝ Սրբոց Նահատակաց, 2014-ին։ Երկու եկեղեցիները կը պատկանին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Շաբաթօրեայ վարժարաններ կը գործեն երկու քաղաղաքներուն մէջ, որպէսզի հայ երեխաներուն եւ պատանիներուն սորվեցնեն հայերէն լեզու, պատմութիւն եւ մշակոյթ։ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները նաեւ կը հոգան Քաթարի փոքրաթիւ գաղութին, որ ունի վարչութիւն մը տնօրինելու համար ազգային կեանքը։ Քաթարի մէջ հայ գաղութը չունի եկեղեցաշէնք։

Օմանի Սուլթանութեան մէջ կայ մօտաւորապէս 30-35 հայեր՝ ընդհանրապէս Լիբանանէն եւ Հայաստանէն։ Ծրագիրներ կը մշակուին որպէսզի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները օգտակար դառնան Օմանի փոքրաթիւ հայ գաղութի հոգեւոր կարիքներուն։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը հաստատած է դիւանագիտական կապեր Քուէյթի, Քաթարի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Օմանի հետ։

Արաբական Ծոցի տարածաշրջանին մէջ կարելի չէ հպատակութիւն ձեռք բերել։ Այս իմաստով, գաղութը չի կրնար արմատանալ երկրին մէջ, որպէս տեղացի հաւաքականութիւն։ Այս Ծոցի երկիրներու ընդհանուր իրավիճակն է եւ բոլոր օտար ազգութիւններուն համար։ Հայկական գաղութներուն մեծ մասը կուգայ Սուրիայէն, Լիբանանէն, Պարսկաստանէն եւ Հայաստանէն։ Սուրիահայերը կը կազմեն մեծամասնութիւն։ Կան երրորդ ու տակաւին չորրորդ սերունդի հայեր, որոնք Ծոցի երկիրներուն մէջ ծնած են։

ՎԵՐՋԱԲԱՆ
Քրիստոնեայ ներկայութիւնը Ծոցի երկիրներու մէջ ունի իւրայատկութիւններ իր նկարագրին եւ դրուածքին մէջ։ Ան ներկայութիւն մըն է տարածաշրջանի մը մէջ որ կը համարուի իսլամութեան հիմքը։ Եթէ քրիստոնեայ ներկայութիւնը ունի պատմական արմատներ տարածաշրջանին մէջ այսօր ան ունի հիւրի կարգավիճակ։ Եթէ հիւրին կը շնորհուի որոշ ազատութիւններ՝ ապրելու եւ գործելու տարածաշրջանին մէջ, բայց կը մնայ անոր առաքելութիւնը։

Աշխարհ այսօր գրեթէ իր ամբողջութեամբ կ՚ապրի Ծոցի տարածաշրջանին մէջ։ Այս իրավիճակը առիթ եւ պատեհութիւն է, որ տարբեր մշակոյթներ իրենց այլազանութեամբ քով-քովի գալով ապրին միասին եւ հասկնան, յարգեն եւ ընդունին «ուրիշ»ը։ Ուրիշը որ տարբեր է, բայց եւ նոյնքան արժէք է, որ կրնայ իր ներդրումը ունենալ մարդկային կեանքի եւ քաղաքակրթութեան սատարումին։

Եթէ քրիստոնեայ եկեղեցին օտարազգի է բայց եկեղեցի է եւ ունի իր առաքելութիւնը, որ չի սահմամափակուիր ազգութեան պիտակով։ Ծոցի երկիրներուն մէջ քրիսոտնեայ ներկայութիւնը եւ պատմութեան առանցքին կրցած է ցոյց տալ, թէ ունեցած է իր ներդրումը տարածաշրջանին մէջ գոյակեցութեան եւ համերաշխութեան տարածումին ի խնդիր։ Միջ-համայնքային եւ միջ-կրօնական երկխօսութիւնը եւ համակեցութիւնը կարեւոր գրաւական է համերաշխութեան եւ խաղաղութեան համար։ Այս իմաստով քրիստոնեայ եկեղեցին իր տարբեր համայնքներով, մշակոյթներով եւ լեզուներով լաւապէս կը սատարէ այս համակեցութեան առաքելութեան։

Քրիստոնեայ ներկայութիւնը եւ առաքելութիւնը կարելի չէ թիւի ու հաշուարկի արժէչափերով վերլուծել եւ անոր ներդրումը գնահատել։ Քրիստոնէական առաքելութիւնը կեանք է, որ կը սատարէ մարդկային կեանքի մէջ արժէքի գնահատականը եւ կերտումը եւ այս անհատական եւ հաւաքական իրականութիւններու համար։ Այս իմաստով, Ծոցի երկիրներու քրիստոնէական առաքելութիւնը ունի մեծ ներդրում եւ նպաստ ի խնդիր համամարդկային կեանքի բարօրութեան։ Անոր ներկայութիւնը կրնայ ծառայել որպէս մէկ լաւ օրինակ եւ ապրող վկայութիւն, ի խնդիր մարդկութեան կեանքի բարելաւումին եւ յառաջխաղացքին։


ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ

  1. A. Al Tamimi. At-tabshir fi mintaqat-il-khalij il-arabi: dirasah fi ittarikh il- ijtima I wa is-siyasi (Evangelism in the Region of the Arabian Gulf: A study in Social and Political History). Kuwait: Sharikat-il-Kazimah li in-Nashr wa it-Tarjamah wa it-Tawzi, 1982.
  2. A. Thompson. Christianity in the UAE: Culture and Heritage. Dubai: Motivate Publishing, 2011.
  3. C. Baumer, The Church of the East. An illustrated history of Assyrian Christianity. London: Tauris, 2006.
  4. C. Graham. “The Gulf Church, Migrant Workers and Muslim Society,” extensive survey independently printed in 2009.
  5. D. T. Potts, The Arabian Gulf in Antiquity: From Alexander to the Coming of Islam, vol. 2. Oxford: Clarendon Press, 1990.
  6. D. Hawley. The Trucial States. London: George and Unwin, 1970.
  7. F. Al Sayegh. “Post 9/11 Changes in the Gulf: The case of the UAE,” Middle East Policy 111, no. 2 (2004): 107.
  8. F. Heard-Bey, ed. From Trucial States to United Arab Emirates. Dubai: Motivate Publishing, 2004.
  9. G. R. D. King. “A Nestorian Monastic Settlement on the Island of Sir Bani Yas,” Abu Dhabi, a Preliminary Report BSOAS 60 (1997): 221.
  10. H. Alian. Christians in Kuwait. Kuwait: Zat Salasel, 2015.
  11. J. M. Fiey. Communautes syriaques en Iran et Irak des origins a 1552. London: Variorum Reprints, 1979.
  12. J. Casper. ‘Why Christianity is Surging in the Heart of Islam’, Christianity Today 59/7 (11
  13. September 2015), 19.
  14. L. Scudder, III. The Arabian Mission’s Story: In search of Abraham’s Other Son. Grand
  15. Rapids, MI: Eerdmans, 1998.
  16. R. A. Carter. “Christianity in the Gulf during the first centuries of Islam,” Arabian Archaeology and Epigraphy 19 (2008): 71.
  17. R. C. Beaucamp. “L’eveche Nestorian de Masmahig dans l’archipel d’al-Bahrayn,” BB 2 (1983): 186-18, in R. A. Carter, “Christianity in the Gulf during the first centuries of Islam,” Arabian Archaeology and Epigraphy 19 (2008): 106.
Դիտվել է՝ 6074

Մեկնաբանություններ