38 իտալացի պատգամավորներ հայ գերիներին ազատ արձակելու կոչ են արել՝ տեղեկացնում է Tempi-ն։ Իտալիայի կառավարությանը կոչ է արվում պարտավորություն ստանձնել Հայաստանի և Ադրբեջանի հանդեպ տարածաշրջանում խաղաղության համաձայնագրի առնչությամբ և ապահովել դեռևս ադրբեջանական բանտերում պահվողների ազատ արձակումը:               
 

Աշխար­հը պար­տա­կան է Հայ ազ­գին եւ պար­տա­կան ալ կը մնա

Աշխար­հը պար­տա­կան է Հայ ազ­գին եւ պար­տա­կան ալ կը մնա
23.10.2020 | 00:17

Ի տես մար­դու ա­նաս­նա­կան բնազդ­նե­րուն յա­գուրդ տուող վայ­րա­գու­թիւն­նե­րուն, բա­րի նպա­տակ­նե­րով տի­նա­մի­թի ու­ժա­նա­կը ստեղ­ծած ըլ­լա­լուն հա­մար Ալֆ­րէտ Նո­պէ­լը զղ­ջաց ու խղ­ճի խայթ ու­նե­ցաւ: Ան իր ա­կա­մայ գոր­ծած «մեղ­քը» քա­ւե­լու հա­մար, հա­մա­պա­տաս­խան մր­ցա­նակ­ներ ստեղ­ծեց յա­նուն մար­դու բա­րօ­րու­թեան ու աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թեան:
Այն բո­լոր պա­տե­րազմ­նե­րը, մարդ­կա­յին խժդ­ժու­թիւն­ներն ու ա­ւեր­նե­րը, ո­րոնք տե­ղի կ'ու­նե­նան մար­դա­սի­րա­կան գա­ղա­փար­նե­րու վա­հա­նի ներ­քոյ, ծրագ­րուած ու մտա­ծուած ձե­ւով կը գոր­ծադ­րուին ա­մե­նայն սառ­նասր­տու­թեամբ ու ա­ռանց դոյզն խղ­ճի խայ­թի:


Բա­ցի Նո­պէ­լէն, մե­զի ծա­նօթ չէ գիտ­նա­կա­նի կամ ըն­կե­րու­թեան ա­նուն մը, որ կոր­ծա­նիչ զէն­քեր ստեղ­ծե­լէ ու ար­տադ­րե­լէ ետք խղ­ճի խայթ ու­նե­նայ ու հե­տե­ւի Նո­պէ­լի օ­րի­նա­կին:
Խի՞ղճ եւ այն ալ խղ­ճի խա՞յթ: Սկեպ­տիկ մը պի­տի ը­սէր որ «ո՞վ կոր­սն­ցու­ցեր է Խիղճ ը­սուա­ծը եւ դուք, այս դժն­դակ օ­րե­րուն կը փնտ­ռէք զայն ա­մօ­թա­հար Պէյ­րու­թի ա­ւե­րակ­նե­րուն մէջ եւ կամ Ար­ցա­խի խրոխտ լեռ­նե­րուն վրայ: Միայն թէ յան­կարծ չը­սէք թէ` «Խիղ­ճը» ի՛ն­քը հա­ւատքն է, այն մեր մէջ է, կայ ու կը մարդ­կայ­նաց­նէ մեզ:
Ինքն իր կեան­քի բա­րե­լաւ­ման ու բա­րօ­րու­թեան հա­մար ի՛նչ ուժ որ ստեղ­ծած եւ կամ զէնք շի­նած է մարդ ա­րա­րա­ծը, այդ բո­լո­րը գոր­ծա­ծած է նաեւ ինքն իր դէմ, ինքն իր տե­սակն ու իր ստեղ­ծած մշա­կոյթն իսկ ոչն­չաց­նե­լու հա­մար:


Հի­րո­շի­մա­յէն ու Նա­կա­զա­քիէն ետք, իր ուժգ­նու­թեամբ եր­րորդ մե­ծա­գոյն ռում­բը պայ­թե­ցաւ Պէյ­րու­թի նա­ւա­հան­գիս­տին մէջ ու ա­ւե­րեց քա­ղաքն ու ա­րուար­ձան­նե­րը, ան­գամ մը եւս ա­ւե­րե­լով՝ ար­դէն իսկ բզկ­տուած քա­ղա­քա­ցի­նե­րու հո­գե­կան աշ­խարհն ու կո­րո­վը: Ո՛չ ոք գիտ­ցաւ, ոչ ոք գի­տէ եւ ոչ ալ ո­րե­ւէ յոյս կայ որ ա­պա­գա­յին ո­րե­ւէ մէ­կը գիտ­նայ, թէ ին­չու՞ ը­րին, ո՞վ ը­րաւ եւ կամ ի՞նչ նպա­տա­կով, ո՞վ թե­լադ­րեց, որ ը­նեն: Մէկ բան յս­տակ է միայն, թէ ը­րին ա­ռանց խղ­ճի խայ­թի: Ի՞նչ տե­սակ խիղ­ճի մա­սին կր­նայ ըլ­լալ խօս­քը, երբ վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն հա­րիւ­րա­ւոր ա­կա­նուած ինք­նա­շարժ­ներ պայ­թե­ցան ու հա­զա­րա­ւոր ան­մեղ քա­ղա­քա­ցի­ներ զո­հուե­ցան՝ ըլ­լայ Լի­բա­նա­նի, թէ Լի­բա­նա­նի տա­րած­քէն դուրս: Յա­նուն ո՞ր մէկ սր­բա­զան նպա­տա­կի, ո՞ր մէկ մարդ­կա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն ի­րա­գոր­ծե­լու, կամ ո­րու՞ն հայ­րե­նիքն ու կեան­քը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար:


Ա­ռա­ջին ու երկ­րորդ հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազմ­նե­րէն ետք ա­մե­նադ­ժն­դակ ու ա­մե­նաան­հա­ւա­սար մար­տե­րէն մէ­կը տե­ղի կþու­նե­նայ մեր օ­րե­րուն՝ ա­զա­տա­տենչ Ար­ցա­խի մէջ: Նա­խա­յար­ձակ թշ­նա­մին, ա­ւե­լի ճի՛շ­դը թշ­նա­մի­նե­րը (չորս տար­բեր տե­սա­կի ու տար­բեր տա­րո­ղու­թեամբ ու­ժե­րու դէմ կե­նաց մա­հու ան­հա­ւա­սար կռիւ կը մղենք) չկա­րո­ղա­նա­լով ճա­կա­տի վրայ օ­րի­նա­ւոր զօր­քի դէմ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րել, ան­զօ­րու­թե­նէ մղուած կը սկ­սին կու­րօ­րէն ռմ­բա­կո­ծել խա­ղաղ, ան­զէն, բո­լո­րո­վին ան­մեղ բնակ­չու­թեան բնա­կա­վայ­րե­րը, ա­մե­նայն վայ­րա­գու­թեամբ, ան­գամ մը եւս ա­պա­ցու­ցե­լով որ ո՛չ խիղ­ճը, ո՛չ ալ մար­դա­սի­րա­կան գա­ղա­փար­նե­րը տեղ կր­նան ու­նե­նալ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ: Ի զուր չէ, որ հին յոյ­նե­րու պա­տե­րազ­մի, գո­ղե­րու, դի­ւա­նա­գի­տու­թեան ու պոռ­նիկ­նե­րու աս­տուա­ծը նոյնն էր՝ Ա­րէ­սը:


Այս դժն­դակ օ­րե­րուն խիղ­ճի հար­ցը սե­ղա­նի վրայ կը դրուի, պար­զա­պէս ա­նոր հա­մար, որ տա­կա­ւին մենք ու­նինք ո­րոշ ղե­կա­վար­ներ ու ա­նոնց հե­տե­ւորդ­ներ, ո­րոնք կը հա­ւա­տան խիղ­ճի գո­յու­թեան ու փր­կու­թեան գրա­ւը կը դնեն օ­տար մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րու մար­դա­սի­րա­կան գա­ղա­փար­նե­րու, մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու եւ մա­նա­ւա՛նդ Մեծն Ար­դա­րու­թեան վրայ: Մեր խիստ մար­դա­սի­րա­կան կրօնքն ալ նոյ­նը կþու­սու­ցա­նէ: ՈՒ մենք փաս­տօ­րէն կը մղուինք «բա­րեա­ցա­կա­մու­թիւն» մու­րա­լու մեր հան­դէպ ան­բա­րեա­ցա­կամ կե­ցուածք ճշ­դած մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րէն։


Իսկ մեր եր­դուեալ թշ­նա­մի­նե­րը ի­րենց մե­ծա­րուած բա­նաս­տեղ­ծի իսկ վկա­յու­թեամբ, վա­ղու՜ց «Ար­դա­րու­թիւ­նը կա­պած են ձիու պո­չին» ու կը քաշ­կռ­տեն զայն եր­կա­գուն­դի տար­բեր տա­րածք­նե­րու վրայ, խիղ­ճի փո­խա­րէն եա­թա­ղա­նը ճօ­ճե­լով աս­տուած­նե­րու դէմ:
Սի­րե­լի ըն­թեր­ցող, կա­մայ ա­կա­մայ մենք դար­ձեալ ա­ռան­ձին ենք ու ա­ռան­ձին պի­տի մնանք՝ յե­նած մեր կամ­քի ու սե­փա­կան ու­ժի վրայ:
Ա­րեւ­մուտքն ու ԱՄՆ-ի նման մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու «պաշտ­պան» հզօր ու­ժե­րը ան­կողմ­նա­կա­լու­թեան պի­տա­կի տակ ա­նա­չառ ըլ­լա­լու տպա­ւո­րու­թիւն կþու­զեն ձգել: Մինչ­դեռ, յատ­կա­պէս այս պա­րա­գա­յին ան­կողմ­նա­կա­լու­թիւնն ու ա­նա­չա­ռու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին տար­բեր բա­ներ են: Ա­նա­չա­ռու­թիւ­նը ար­դա­րու­թեան ի­րա­գոր­ծում կþե­թադ­րէ, իսկ ան­կողմ­նա­կա­լու­թիւ­նը՝ պա­տաս­խա­նա­տուու­թե­նէ խու­սա­փում: Ա­նոնք, ի տես մի­ջազ­գա­յին օ­րէնք­նե­րու կո­պիտ խախտ­ման ու մարդ­կա­յին տար­րա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու ոտ­նա­հար­ման, դի­տո­ղի դեր կը կա­տա­րեն ու ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն կը նպաս­տեն մեր թշ­նա­մի­նե­րու դի­ւա­յին ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­գործ­ման: Փաս­տօ­րէն, ա­սոնք ան­գամ մը եւս «ձեռ­քեր­նին կը լուան»:


Այն, ինչ որ տե­ղի կ'ու­նե­նայ այ­սօր Ար­ցա­խի ան­զէն բնակ­չու­թեան նկատ­մամբ, ոչ միայն ա­նար­դար ու ան­մարդ­կա­յին, այ­լեւ ա­պօ­րէն է մի­ջազ­գայ­նօ­րէն ու ի­րա­ւա­կան հո­ղի վրայ խիստ դա­տա­պար­տե­լի: Իսկ Պէյ­րու­թի վեր­ջին ռմ­բա­հա­րու­մը ծայր աս­տի­ճան հա­կա­մարդ­կա­յին սար­սա­փազ­դու ա­րարք մըն էր, ոչ միայն իր մեծ­ղի տա­րո­ղու­թեամբ, այ­լեւ տե­ղի կþու­նե­նար բազ­մա­կող­մա­նիօ­րէն կա­թուա­ծա­հար ե­ղած երկ­րի մը, տագ­նա­պա­հար ա­ռօ­րեա­յի ըն­թաց­քին: Քա­ղա­քա­կան ան­կա­յուն վի­ճակ, պա­տե­րազ­մի ար­հա­ւիրք, ա­նա­պա­հո­վու­թիւն, տն­տե­սա­կան ա­հագ­նա­ցող ճգ­նա­ժամ, մա­հա­բեր հա­մա­ճա­րակ, ա­պա­գա­յի ա­նո­րո­շու­թիւն, հա­զա­րա­ւոր զո­հեր, վի­րա­ւոր­ներ ու յան­պատ­րաս­տից տնանկ­ներ, բազ­մա­թիւ հի­ւան­դա­նոց­նե­րու եւ այլ հան­րա­յին կա­ռոյց­նե­րու քան­դում, հե­տե­ւա­բար նաեւ՝ հա­մա­տա­րած գոր­ծազր­կու­թիւն, ծայ­րա­հեղ թշուա­ռու­թիւն, ա­հա­ւոր ընկ­ճախտ ու... մա­սամբ նո­րին: Փո­խա­նակ այս բո­լո­րի դր­դա­պատ­ճա­ռը հան­դի­սա­ցող «ղե­կա­վար­նե­րը» դժոխք ղր­կե­լու, ա­նոնք խիղճ ը­սուա­ծը մէկ կողմ դրած՝ Պէյ­րու­թը վե­րա­ծե­ցին դժոխ­քի: Ար­ցա­խը եւս կը փոր­ձեն վե­րա­ծել դժոխ­քի: Ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կի տպա­ւո­րու­թիւ­նը այն է, որ մենք Ար­ցա­խի մէջ ան­գամ մը եւս ոտ­քի կո­խան կր­նանք ըլ­լալ ի հա­շիւ մե­ծա­պե­տա­կան սա­կար­կու­թիւն­նե­րու ու կողմ­նա­կի շա­հե­րու: Թող լաւ ի­մա­նան, սա­կայն, որ դա­րա­ւոր մեր պատ­մա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն­ներն ու փոր­ձու­թիւն­նե­րը թր­ծած ու ջր­դե­ղած են մեր ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւ­նը, մենք միաս­նա­կան ենք դար­ձեալ, ու Ար­ցա­խը Հա­յաս­տան է, Դրախ­տա­վայր, Սուրբ Ա­ւե­տա­րա­նի ան­բե­կա­նե­լի վկա­յու­թեամբ իսկ: Ար­ցա­խը բնա­կուած բնիկ հա­յե­րով, կը մնայ «սր­բօ­րէն բե­ղուն» դրախ­տա­վայր ու եր­բեք դժոխ­քի չի վե­րա­ծուիր:

Իբ­րեւ թէ խղ­ճա­հա­րու­թե­նէ դր­դուած՝ աշ­խար­հը պատ­րաստ է օգ­նե­լու թէ՛ Լի­բա­նա­նին թէ՛ Ար­ցա­խին: Ար­ցա­խա­հա­յու­թիւ­նը ին­քը, իր ան­ձուկ պայ­ման­նե­րով իսկ, թէ՛ նիւ­թա­պէս եւ թէ՛ բա­րո­յա­պէս նե­ցուկ կանգ­նե­ցաւ լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան: Լի­բա­նա­նա­հա­յու­թիւ­նը իր հեր­թին, նիւ­թա­բա­րո­յա­կան օգ­նու­թեան զու­գա­հեռ, ա­րեամբ եւս կը շա­րու­նա­կէ զօ­րակ­ցիլ Ար­ցա­խին:
Իսկ ա­նոնք, ո­րոնք Լի­բա­նանն ու Հա­յաս­տա­նը կո­ղոպ­տե­ցին (ո­մանք դե­ռեւս կը շա­րու­նա­կեն լկ­տիա­բար) ու այս վի­ճա­կին հաս­ցու­ցին, ա­նոնց­մէ շա­տեր կը յա­ւակ­նին մար­դա­սի­րա­կան ու հայ­րե­նա­սի­րա­կան ճա­ռեր ար­տա­սա­նել, ա­ռանց, սա­կայն, մա­տը մա­տի վրայ դնե­լու ու նիւ­թա­բա­րո­յա­կան ձեռք եր­կա­րե­լու երկ­րին ու ժո­ղո­վուր­դին: Այն ժո­ղո­վուր­դին, որ իր ու հայ­րե­նի­քի ճա­կա­տա­գի­րը վս­տա­հե­ցաւ ի­րենց:


Ինչ­պէս բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, մենք եւս ու­նինք ազ­գա­յին թե­րու­թիւն­ներ, սա­կայն մեր գլ­խա­ւոր թե­րու­թիւ­նը ան­միա­բա­նու­թիւ­նը չէ, ինչ­պէս շա­տեր կը կար­ծեն, այլ մեր խիստ մարդ­կա­յին նկա­րա­գիրն է դր­սե­ւո­րուած մեր պատ­մու­թեան ողջ եր­կայն­քին: Մենք այ­լեւս նախ­կին ազ­նիւ, նե­րո­ղա­միտ ու յան­ցա­ւոր ըլ­լա­լու չափ բա­րի Սա­սուն­ցի Դա­ւի­թը չենք, սկ­սած ենք շար­ժիլ ու գոր­ծել ա­ւե­լի տրա­մա­բա­նու­թեամբ, քան զգա­ցու­մով: Մենք այն Սա­սուն­ցի Դա­ւիթն ենք, ո­րուն «պո­չին կո­խած են» ար­դէն ու վի­րա­ւո­րած ա­նոր մարդ­կա­յին ինք­նա­սի­րու­թիւնն ու ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պատ­ւու­թիւ­նը: Վա՜յ ա­նոր, որ կը հա­մար­ձա­կի ու կը փոր­ձէ վի­րա­ւո­րել ու ա­ղա­ւա­ղել գլ­խա­գիր Մար­դու գլ­խա­գիր ԷՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ: Մար­դը ա­նա­սու­նէն զա­նա­զա­նող գե­րա­գոյն այն ար­ժէ­քը, որ ա­ձեռ­նմ­խե­լի ու անհ­պե­լի է նոյ­նի՛սկ: Այս պա­րա­գա­յին Սա­սուն­ցի այդ «ան­փորձ» պա­տա­նին յան­կարծ կը կեր­պա­րա­նա­փո­խուի ու կը դառ­նայ ան­զս­պե­լի կա­տա­ղած ա­ռիւծ, ըն­դու­նակ ան­հա­ւա­սար կռի­ւի ու պատ­րաստ անխ­նա­յո­րէն ոչն­չաց­նե­լու գթու­թե­նէ ու մարդ­կա­յին յատ­կու­թիւն­նե­րէ պար­պուած թշ­նա­մի­նե­րը:


Ա­հա­ւա­սիկ, թէ ին­չու մեր թշ­նա­մի­նե­րը դար­ձեալ յու­սա­խաբ պի­տի ըլ­լան, ո­րով­հե­տեւ մենք Սա­սուն­ցի Դա­ւիթ ենք ի վեր­ջոյ, ու մեր «պո­չին կո­խած» են ար­դէն: Այդ պատ­ճա­ռով ալ մենք հզօր ենք ու կը շա­րու­նա­կենք կռուիլ ան­թիւ ու ան­հա­մար զօր­քե­րու ու կա­տա­րե­լա­գոր­ծուած ու նո­րա­գոյն զի­նա­տե­սակ­նե­րու դէմ: Տար­բե­րու­թիւ­նը այն է, որ մենք կը կռուինք յա­նուն մեր հայ­րե­նի­քի ու ազ­գա­յին մշա­կոյ­թի պաշտ­պա­նու­թեան. իսկ թշ­նա­մի­նե­րը կը յա­ւակ­նին ու­րի­շի եր­կի­րը գրա­ւե­լու, թա­լա­նե­լու ու նոյ­նիսկ մեր դե­ռա­տի աղ­ջիկ­նե­րուն բռ­նա­բա­րե­լու խե­նե­շա­յին ակն­կա­լու­թեամբ:
Հա­յաս­տանն ու առ­հա­սա­րակ Կով­կա­սը քաո­սի վե­րա­ծե­լու նկր­տում­նե­րը ար­դէն նշ­մա­րե­լի են, եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը չեն պակ­սիր: Այ­նուա­մե­նայ­նիւ, սա­կայն, «Քաո­սի մէջն իսկ ելք կայ»՝ կ’ը­սէ մեզ­մէ եր­կու հա­զար եւ ա­ւե­լի տա­րի­ներ ա­ռաջ ապ­րած չին ի­մաս­տա­սէր Սուն Ցուն իր «Պա­տե­րազ­մի ա­րուես­տը» գիր­քին մէջ:


Ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ, որ Հա­յաս­տանն ու տա­րա­ծաշր­ջա­նը Քաո­սի վե­րա­ծուած է: Ներ­կայ կա­ցու­թե­նէն շատ ա­ւե­լի վատ պատ­մա­կան վի­ճակ­ներ դի­մագ­րա­ւած ենք, ԵԼՔ-ը գտած, գո­յա­տե­ւած ու հա­սած ենք ներ­կայ հանգ­րուա­նին: Վս­տահ ե­ղէք, որ այս քաո­սա­յին կա­ցու­թեան ելքն ալ կը գտ­նենք: ՈՒ փառ­քով կþօ­ծենք մեր փա­ռա­պանծ հե­րոս­նե­րու ճա­կա­տը:
Ի վեր­ջոյ, մենք այն ազգն ենք, որ չորս հա­զար եւ ա­ւե­լի տա­րի­ներ ա­ռաջ (դուք կր­նաք ը­սել Նոյ Նա­հա­պե­տէն ի վեր) կազ­մա­ւո­րուած, ծլած ու ծաղ­կած է նոյն տա­րա­ծաշր­ջա­նի՝ Հա­յաս­տան Աշ­խար­հէն ներս. ու հա­կա­ռակ ա­նոր, որ դա­րե­րու ըն­թաց­քին միշտ յա­ւե­լեալ ա­րիւն տուած ու եր­բեմն նաեւ հե­ղած օ­տար ա­փե­րու վրայ, կր­ցած է տո­կալ (իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րը ու՞ր են այ­սօր) ու կը շա­րու­նա­կէ գո­յա­տե­ւել իր բնօր­րա­նի՝ ար­մա­տա­կան ու միակ հայ­րե­նի հո­ղի վրայ: Այ­սօր ա­նաս­նա­կան բնազդ­նե­րէն տա­կա­ւին չձեր­բա­զա­տուած, վաչ­կա­տուն հոր­դա­ներ ե­կած են վտան­գե­լու մեր ինք­նու­թիւնն ու ա­ւե­րե­լու մեր եր­կի­րը: Ա­նոնք ի սկիզ­բա­նէ ձա­խո­ղած են ար­դէն, ու ինչ­պէս ան­ցեա­լին, այ­սօր եւս մեր կեն­սա­տու ա­րիւ­նը կը հե­ղուի մեր սր­բա­զան հո­ղին վրայ գի­տակ­ցա­բար, այն վա­ւե­րա­կան հա­մո­զու­մով, որ թա­փուած ա­րիւ­նը կեն­սա­տու ա­ւիշ է մե­զի հա­մար: Կաս­կա­ծէ վեր է, որ դար­ձեալ պի­տի շա­րու­նա­կենք շէ­նաց­նել մեր եր­կի­րը, զար­գաց­նել մեր մշա­կոյթն ու միա­ժա­մա­նակ նպաս­տել նաեւ հա­մա­մարդ­կա­յին ո­գե­ղէն ար­ժէք­նե­րու բարձ­րաց­ման ու տա­րած­ման, ինչ­պէս ը­րած ենք պատ­մու­թեան ողջ ըն­թաց­քին:
Ա­յո՛, աշ­խար­հը պար­տա­կան է Հայ ազ­գին եւ պար­տա­կան ալ կը մնա:


Մով­սէս ԾԻ­ՐԱ­ՆԻ
Ար­վես­տա­բան
Բեյ­րութ

Դիտվել է՝ 2453

Մեկնաբանություններ