Գազայի հատվածում և Լիբանանում հրադադարի մասին Իսրայելի համաձայնությունը կարող է ազդել հոկտեմբերի 26-ի հարձակումից հետո հրեական պետությանը հակահարված տալու Իրանի որոշման վրա՝ հայտարարել է ԻԻՀ նախագահ Մասուդ Փեզեշքիանը։ «Նրանք լավ գիտեն, որ եթե որևէ սխալ թույլ տան Իրանի Իսլամական Հանրապետության դեմ, կստանան ջախջախիչ պատասխան»,- ասել է նա:               
 

Գում Գափուի պատմական ցոյցի յիշատակին

Գում Գափուի պատմական ցոյցի յիշատակին
15.07.2024 | 20:21

Արեւմտահայաստանի մէջ տեղի ունեցող ամենօրեայ խժդժութիւնները, կողոպուտը,հարստահարութիւնը, իրաւունքներու անտեսումն ու հալածանքները, Պոլսոյ Աշըգեան պատրիարքին ցուցաբերած անտարբերութիւնը առաւել եւս կը քաջալերէին Սուլթանը:

Ընկերային, տնտեսական անհանդուրժելի կացութիւն կը տիրէր արեւմտահայաստանի մէջ:Ո՞վ պիտի լսէր արեւմտահայութեան ձայնը..

Պոլսոյ մէջ այդ ժամանակաշրջանին գործող գլխաւոր յեղափոխական շարժումը Հնչակեան կուսակցութիւնն էր:

Հնչական կուսակցութիւնը ժողովրդային հաւաքական գանգատները լսելի դարձնելու նպատակով, 15 յուլիս 1890-ին կազմակերպեց Գում-Գաբուի պատմական եւ նշանաւոր մեծ ցոյցը:

Գում Գափուի ցոյցը դարերէ իվեր ընկճուած, հալածուած, հարստահարուած ու մարտիրոսացած ժողովուրդի մը զայրոյթին պոռթկումն էր: Ան նպատակ ունէր Սուլթանին ու կառավարութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել խաղաղ ժողովուրդի մը յափշտակուած իրաւունքներուն վրայ։

Հազարաւոր հայեր, 15 յուլիսին, դիմեցին Գում Գաբուի մայր եկեղեցին, ուր կը գտնուէր Աշըգեան Խորէն Պատրիարքը։ Ժամերգութեան պահուն ժողովուրդին եւ ցուցարարներու բուռն պահանջին վրայ հրապարակաւ ընթերցուեցան արեւմտահայութեան բանաձեւած պահանջները։ Պատրիարքէն խնդրուեցաւ թափօրը առաջնորդել դէպի Բարձր դուռ ներկայացնելու անոր ցաւերն ու արդար պահանջները։ Սուլթանին բարեկամ պատրիարքը փորձեց փախուստ տալ դէպի պատրիարքարան,սակայն ժողովուրդն ու ցուցարարները յաջողեցան ատրճանակներով ստիպել, որ իր հօտին գլուխը անցնի։

Աղմկալի բացագանչութիւններով պատրիարքին կառքը, ամբոխն ու ցուցարարները դիմեցին Բ. դուռ։ Լուրը արդէն հասած էր սուլթանին: Հազարաւոր զինուորներ յարձակում գործեցին ժողովուրդին վրայ՝ սուիններով ու հրացաններով։ Տեսարանը ահռելի էր եւ կռիւը անհաւասար՝ զինուորներուն ու ժողովուրդին միջեւ։ Հայերը ունեցան բազմաթիւ նահատակներ եւ վիրաւորներ։

Գում Գափուի ցոյցը համարձակ գործողութիւն էր: Օսմանեան պետութեան մայրաքաղաքը տակաւին չէր տեսած նման բողոք: Օտար Մամուլը գնահատեց զայն, իբրեւ առաջին հայ յեղափոխական գիտակցական քայլ, ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական ձգտումներու գործնական արտայայտութիւն։

Գում Գափուի ցոյցին ներկայացուած պահանջները նորութիւն էին ազատագրական պայքարի գաղափարախօսութեան պատմութեան մէջ:

Հնչակեան կուսակցութիւնը արթնութիւն շեփորեց, քաղաքական թմբիռով քնացող հայութեան: Սարսափէն կարկամած լեզուները բացաւ, շրթները շարժման մէջ դրաւ, հոգիները վերանորոգեց, զանոնք արիացնելէ ետք՝ թուլցած կամքերը պողպատեց եւ զանոնք առաջնորդեց դէպի ազատութիւն:

Հայոց պատմութեան նոր անկիւնադարձէն՝ 1887-ին յաջորդեցին ազատագրական պայքարի մեր փառապանծ էջերը՝ Կարնոյ, Գում Գափուի, Պապ Ալիի ցոյցերը, Խանասորի արշաւանքը, Պանք Օթոմանի գրաւումը, Սասունի, Զէյթունի, Շապին Գարահիսարի, Վանի ապստամբութիւններն ու ինքնապաշտպանութիւնները: Երկար է շարքը...

Հայ յեղափոխութեան վերակերտած նոր հայութիւնը իր կորսուած իրաւունքները նոր ուղիով ձեռք բերել կը ձգտէր, ձանձրացած ու ձերբազատած հին ուղիներէ եւ փորձերէ:

Պէտք է վերապրեցնենք մեր մօտաւոր անցեալի փառքերը կազմող այս փառաւոր էջերը, իրենց ներքին հոգիով, որովհետեւ առանց անոնց՝ մենք ներկայի փառքերէն զուրկ եւ գուցէ պատմութեան անցնող ինքնակորոյս ժողովուրդ մը դառնայինք եւ կամ «գոյութիւն» քաշկռտող հաւաքականութիւն:

Փա՛ռք եւ պատիւ Գում Գափուի մեծ ցոյցին եւ անոր հերոսներուն, որոնք ստրուկը մարտիկի վերածած մեր ժողովուրդը մղեցին տէր դառնալու իր պատմա-քաղաքական իրաւունքներուն:

Ահարոն ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Դիտվել է՝ 6304

Մեկնաբանություններ