Մենք չկրցանք ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ մը շուրջ համախմբել, համադրել մեր լաւագոյն ուժերը՝ մտաւոր, մշակութային, տնտեսական եւ քաղաքական, ժողովրդավարական հիմունքով եւ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԶՕՐԱՇԱՐԺ ստեղծել, որ կարենար նոր կեանք, նոր թափ ու որակ փոխանցել ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ի Հայաստան եւ Սփիւռս....եւ կը շարունակենք տատանուիլ աջ ու ձախ, հիմնականօրէն օտարէն սպասելով մեր ազգային փրկութիւնը: