Հեռուստացոյցով ունկնդրեցի ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի երկարաշունչ ելոյթը՝ ՀՀԿ Համագումարին...Պահ մը շփոթմունքի մէջ ինկայ...Արդեօ՞ք ան իսկապէս կը խօսէր Հայաստանի Հանրապետութեան մասին ուր, ըստ իրեն՝ գերակայ են օրէնքն ու իրաւունքը, բարձրագոյն արժէք են մարդն ու քաղաքացին, ուր կան ապահովութիւն, պատժելիութիւն, խօսքի ազատութիւն, անկախ դատարաններ....եւ այսպէս շարունակաբար: ԵՐԱՆԻ ԹԷ ԱՅԴ ԽՕՍՔԵՐԸ ԴԱՌՆԱՅԻՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, ԳՈՐԾՈՂ, ՇՕՇԱՓԵԼԻ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: Այդ պարագային, մենք ալ բարձրագոչ պիտի ձայնակցէինք իրեն՝ ՍԱ ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ Է ՈՒ ՎԵՐՋ...եւ հպարտ պիտի զգայինք ունենալու նման երկիր ու պետութիւն: Գուցէ օր մը՝ մեր բոլորին ճիգերով ու ջանքերով, մենք պիտի ունենանք մեր երազներու երկիրը: ՄԵՆՔ ՊԷՏՔ Է ՁԵՌՔԲԵՐԵՆՔ ԵՐԱԶՆԵՐՈՒ ՄԵՐ ԵՐԿԻՐԸ: ՍԱ ՄԵՐ ԲՈԼՈՐԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆ ՈՒ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆ Է: