Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի միջոցառումներու ծիրէն ներս, հովանաւորութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի եւ կազմակերպութեամբ Պէյրութի «Ծաղիկ» գրական ազգային հանդէսի, Շաբաթ 14 Մարտի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ ազգային ազատագրական շարժման եւ ռազմական գործիչ Զօրավար Անդրանիկի 150-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն, ուր ներկայ գտնուեցաւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի:
Լիբանանի եւ Հայաստանի օրհներգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք, «Ծաղիկ» գրական ազգային հանդէսի հիմնադիր եւ խմբագրապետ Յակոբ Տիւնեայեան (գրական անունով՝ Ասպետ Ռուբինեան) իր բացման եւ բարիգալուստի խօսքին մէջ ողջունելով ներկաները՝ որոնք լեցուցած էին ամբողջ սրահը, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ու դրուատիքով անդրադարձաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարին ազգաշէն գործունէութեանց Սփիւռքի տարածքին, զայն կոչելով «Հայրենիքէն դէպի Սփիւռքի բոլոր համայնքները կարկառող «Ոսկի Կամուրջ»: Ան ամփոփ խօսելէ ետք օրուան յայտագրին մասին, հրաւիրեց ՀՀ սփիւռքի նախարար եւ հանդիսութեան հովանաւոր Հրանոյշ Յակոբեանը որ սրտի խօսքն ըսէ այս առիթով:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւորութեամբ խօսեցաւ հայոց ազատագրական շարժման հայ մարտիկներու, հայ ֆետայիներու ազգափրկիչ դերակատարութեան, անձնանուէր զոհաբերութիւններուն մասին հայ ազգային ազատագրական պայքարի բովին մէջ:
Ան վեր առաւ Ազգային Հերոս Զօրավար Անդրանիկի առանձնակի մեծութիւնը, հասնելով մինչեւ մերօրեայ ազատամարտիկներու նահատակութիւնը, անկախ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ պատրաստակամութեան ոգին հայկական հզօր բանակներուն, որոնք տիւ ու գիշեր կը պահպանեն հայոց հայրենիքի սահմանները թշնամիին դէմ: Ապա նախարար Յակոբեան բարձր գնահատելով եւ առանձնացնելով «Ծաղիկ» գրական հանդէսի առաքելութիւնը սփիւռքահայ եւ յատկապէս լիբանանահայ մամուլի ընտանիքին մէջ, «Մայրենիի Դեսպան» մետալով պարգեւատրեց հանդէսի խմբագրապետ Յակոբ Տիւնեայեան-Ասպետ Ռուբինեանը, որ շնորհակալութիւն ու երախտագիտութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարին ըսաւ, որ «սոյն պարգեւը կ’ընդունի՝ յանձնառու մնալով զինք առաւել պարտաւորեցնող կոչումին, Մայրենիի տարածման եւ անաղարտ պահպանման «Դեսպան»ի երդումին»:
Այնուհետեւ Տիւնեայեան հրաւիրեց օրուան գլխաւոր բանախօս, գրող, գրականագէտ, պատմագէտ ու Անդրանիկագէտ, Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Դոկտ. Կարօ Վարդանեանը, որ Երեւանէն հրաւիրուած էր կազմակերպիչ հանդէսի խմբագրութեան կողմէ: «Զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի Սաւառնող Եւ Անպարտելի Ոգիին Վերադարձը» խորագրի տակ, Դոկտ. Կարօ Վարդանեան սպառիչ կերպով խօսեցաւ Մեծ Հայդուկապետի, Ազգային Հերոսի ռազմագիտական իմաստութեան, հեռատեսութեան, փառաւոր յաղթանակներուն, թշնամի թուրքին միա՛կ սարսափը ըլլալու իրողութեան եւ հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածները միաւորելու անոր խոր հաւատքին, երբեք չթուլցող ջանքերուն վրայ, չգայթակղելով, չսայթաքելով, ծառանալով իր դէմ սարքուող բոլոր դաւերուն ու հալածանքներուն, զինք նսեմացնել միտող չարախօսութիւններուն դէմ, յատկապէս 20-րդ դարու առաջին քառորդ ժամանակահատուածին: Այնուհետեւ «Ծաղիկ»ի խմբագրապետը Անդրանիկեան յուշանուէր յանձնեց Դոկտ. Վարդանեանին՝ վերջինին հայ պատմագրութեան կալուածէն ներս ունեցած նշանակալի ներդրումին եւ աշխատանքներուն համար:
Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ եւ հրաւիրուցաւ լիբանանահայ ու Սփիւռքի տարածքին հանրածանօթ եւ վաստակաշատ ասմունքող Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան, որ խոր ապրումով ասմունքեց Աւետիք Իսահակեանի «Ռազմակոչ» բանաստեղծութիւնը: Երիտասարդ ու տաղանդաւոր արուեստագիտուհի Շողեր Կրպոյեան դաշնամուրի վրայ նուագեց Առնօ Բաբաջանեանի «Էլեգիա»ն եւ «Վաղարշապատի Պարը», հուսկ իր հմայիչ ու բարձրաթռիչ ձայնով երիտասարդ արուեստագէտ Նժդեհ Պոտրումեան երգեց Զօրավար Անդրանիկին նուիրուած Գուսան Շերամի շատ սիրուած «Իբրեւ Արծիւ», ապա Գուսան Աշոտի «Յուշարձաններ» երգերը:
Տեղին է նշել, որ «Ծաղիկ»ի խմբագրապետը հանդիսականներուն ներկայացուց սոյն միջոցառման հիւրաբար ներկայ գտնուող՝ Փարիզի արուարձաններէն հայաշատ Ալֆորվիլ քաղաքի մէջ նորակառոյց հայկական երկրորդական վարժարանի հիմնադիր եւ անոր նախագիծի գլխաւոր հովանաւոր, ձեռներէց Ազգային Բարերար Գէորգ Հ. Արապեանը, որուն անունով կը կոչուի նոր ու հոյակերտ կրթարանը, որուն պաշտօնական բացումը պիտի կատարէ Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալսը, յառաջիկայ 4 Յուլիս 2015-ին:
Արժանի է նաեւ յիշել, որ սոյն միջոցառումէն օր մը առաջ, ՈՒրբաթ 13 Մարտին, Դոկտ. Կարօ Վարդանեան «Ծաղիկ»ի խմբագրապետի ուղեկցութեամբ այցելած էին Պէյրութի Վահան Թէքէեան միջնակարգ եւ ՀԲԸ Միութեան Դարուհի-Յովակիմեան երկրորդական վարժարանները եւ ջերմօրէն ընդունուելէ ետք տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերուն կողմէ, Դոկտ. Վարդանեան Զօրավար Անդրանիկի պատգամը փոխանեց աշակերտներուն եւ պատանի-պատանուհիներուն: Դարձեալ նոյն օրը, Դոկտ. Կարօ Վարդանեան «Future» հեռատեսիլի կայանի սթիւտիոներէն ներս ընդունուելով հայկական բաժնի լուրերու խօսնակուհի Նազելի Էպէեան-Նալպանտեանի կողմէ, հանրութեան փոխանցեց Զօրավար Անդրանիկի 150-ամեակի միջոցառման կապակցութեամբ շահեկան հարցազրոյց մը, ապա «Ռատիօ Սեւան»ի մէջ Շաբաթ 14 Մարտի կէսօրին շահեկան հարցազրոյց մը ունեցաւ նոյն խօսնակուհիին հետ: Հարցազրոյցներն ու Հայկազեան համալսարանի մէջ հանդիսութիւնը սփռուեցան աշխարհով մէկ:
dzaghig.com