26 յունիսէն 2 յուլիս 2023, Իրլանտայի Հանրապետութիւն: Երկիր մը, որ օժտուած է Աստուծոյ ստեղծած գեղեցիկ բնութեամբ: Հոն, ուր կանաչ գոյնը կը տեսնես ամէն տեղ: Անձրեւոտ կլիման երկիրը եւ անոր բնութիւնը վերածած է գեղեցիկ կանաչի: Բայց երկրին բնութեան հետ կայ ժողովուրդին ժպիտը եւ անոր բարեկամական ու հաղորդակցութեան ջերմ հոգին: Իրլանտան այնպիսի երկիր մըն է, ուր շատ յաճախ անծանօթը կրնայ դառնալ ծանօթ, եւ օտարը ինքզինք կրնայ զգալ հարազատ:
Այս մթնոլորտին մէջ էր, որ ուզեցի տեսնել եւ վայելել երկրին բնութիւնը: Զբօսաշրջական ընկերութեան մը կազմակերպած պտոյտին մասնակցեցայ տեսնելու համար երկիրը իր ամբողջութեան մէջ:
Իրլանտացի վարորդը ունէր պատմելու յատուկ կարողութիւն: Եթէ մէկ կողմէ կար իր զուարթ բնաւորութիւնը, միւս կողմէ կար նաեւ գիտելիքներու եւ պատմական տուեալներու իր պաշարը: Ան ներկայացուց երկրին պատմութիւնը` առարկայական եւ գիտական հիմքերով, հեռու` զգացական մօտեցումներէ: «Իրլանտան աւելի քան ութ հարիւր տարի մնացած է անգլիական գաղութատիրութեան տակ: Երկրին պատմական այս ժամանակահատուածը դժուար եղած է», ըսաւ ան: «Անգլիացիք իրենց հոգածութեան եւ սեփականութեան տակ առին երկրին բնական հարստութիւնը, մինչեւ որ վրայ հասաւ 1850-ի սովը», շարունակեց ան:
Իրլանտայի սովը ծանր հետեւանք ունեցած է երկրին վրայ: Մահացած է աւելի քան մէկ միլիոն իրլանտացի: Սովը պատճառ եղած է նաեւ մօտաւորապէս չորս միլիոն իրլանտացիներու գաղթին: Այս իմաստով, իրլանտական գաղութներ կարելի է տեսնել Ամերիկայի եւ Եւրոպայի տարբեր քաղաքներուն մէջ:
«Սովին պատճառը բնութեան աղէտը չէր միայն,- վարորդն է դարձեալ: – Անգլիական գաղութատիրութեան ժամանակ երկրին հարստութեան սեփականաշնորհումը եւ չարաշահութիւնը մեծ դեր ունեցած են սովի տարածման մէջ: Այդ պատճառով ալ բազմաթիւ իրլանտացիներ պատմութեան այս աղէտը կը նկատեն ցեղասպանութիւն` գործադրուած իրլանտացի ժողովուրդին դէմ»:
Վարորդի դէմքին վրայ չկար զգացական արտայայտութիւն: Ան հարազատօրէն կը ներկայացնէր իր երկրին պատմութիւնը: Կարելի չէր ինծի համար ցեղասպանութեան իրականութեան վրայէն աննկատ անցնիլ: Եւ չուշացաւ հարցումս վարորդին. «Ինչպէ՞ս կը նայիս պատմութեանդ այդ ժամանակահատուածին»:
«Պատմութեան հետ պիտի հաշտուիս, որպէսզի կեանքդ յառաջ երթայ», ըսաւ վարորդը:
Հաշտուի՞լ:
Այս մտածումներուն եւ մտորումներուն մէջէն սկսայ մտնել Իրլանտայի հայկական իրականութեան մէջ: Դոկտ. Փոլ Մանուկ Տիշչէքէնեան եկած է Իրաքէն: Ան մասնագիտութեամբ ճարտարապետ է: Փոլ ունի համակ սէր` հայութեան եւ Հայաստանի նկատմամբ: Աշխատանք տարած է գաղութի հայութեան հետ համատեղ, որ Իրլանտայի մայրաքաղաք Տապլինի Քրիստոսի եկեղեցի-քաթետրալի բակին մէջ տեղադրուի հայկական խաչքար մը: Ան բացատրեց եւ ցոյց տուաւ խաչքարի ճարտարապետական եւ մշակութային գիծերը, եւ թէ ինչպէ՛ս հայկական եւ իրլանտական յատկանիշները միացած են խաչքարին մէջ: «Մեր նպատակը հայ-իրլանտական բարեկամութեան խորհրդանիշ մը զետեղել էր: Ուզեցինք շեշտել Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը եւ Իրլանտայի հետ մեր բարեկամութիւնը», ըսաւ Փոլ:
Քրիստոսի եկեղեցին պատմամշակութային գեղեցիկ իրագործում մըն է: Հիմնուած է 1030 թուականին եւ տարին աւելի քան հինգ հարիւր հազար այցելուներ ունի: «Շատ են այցելուները, որոնք կու գան եւ ծաղիկներ կը զետեղեն խաչքարին առջեւ` իբրեւ յարգանքի արտայայտութիւն», ըսաւ Փոլ:
Փոլ Մանուկ ջատագովն է հայրենիքի բարգաւաճման: Արդէն ունի տուն մը Երեւան եւ տարին քանի մը ամիս Հայաստան կ՛ապրի: «Շատ բարեկամներ ունիմ Հայաստան եւ կը մասնակցիմ բարեսիրական ծրագիրներու` Հայաստանի եւ Արցախի համար»: Փոլի դէմքին վրայ գծուեցաւ ժպիտ եւ գոհունակութիւն: Բայց անպայմանօրէն նաեւ` հպարտութիւն: «Կը սիրեմ Հայաստանը», ըսաւ ան:
Այտա Սարաֆեանը եկած է Պաղտատէն: Ան երկար տարիներ աշխատած է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան հետ եւ այս շրջագիծին մէջ ճամբորդած է բազմաթիւ երկիրներ, մինչեւ որ հաստատուած է Տապլին: «Ո՛ւր որ գացի եւ ո՛ւր որ կ՛երթամ, հայը կը փնտռեմ,- ըսաւ Այտա: – Հայութիւնը ամբողջ էութիւնս է»: Այտան չի բաւարարուիր միայն հայը փնտռելով: «Հայը իր գործով պէտք է մէջտեղ գայ», կը հաւատայ Այտան:
Այտան աշխուժ մասնակցութիւն ունի Իրլանտայի մէջ հայկական կեանքը կազմակերպելու աշխատանքին մէջ: Ան ատենապետն է եկեղեցւոյ վարչական ժողովին, որ մէկ մասնիկն է Միացեալ Թագաւորութեան հայկական առաջնորդարանին: «Յովակիմ եպս. Մանուկեան տարին քանի մը անգամ կ՛այցելէ Տապլին, եւ պատարագ կը մատուցուի այստեղ», ըսաւ Այտան:
Գաղութը կը հաշուէ մօտաւորապէս հինգ հարիւր հայորդիներ: Մեծամասնութիւնը եկած է Հայաստանէն, նաեւ կան Իրաքէն, Սուրիայէն եւ քանի մը հոգի նաեւ Լիբանանէն: «2009-ին հիմնեցինք հայկական շաբաթօրեայ վարժարանը, որպէսզի հայ նոր սերունդը հայերէն սորվի: Ներկայիս ունինք 13 աշակերտներ», ըսաւ Այտա:
Մարգրիտ Սարաֆեան Այտային քոյրն է: «Մայրս շատ կարեւոր դեր ունեցաւ մեզի հայերէն սորվեցնելուն մէջ», ըսաւ Մարգրիտ: Սարաֆեաններուն մայրը եղած է լիբանանահայ, որուն մէջ դարբնուած է հայկական ամուր նկարագիր, եւ ան իր երեք դուստրերուն մէջ դրած է հայեցի ինքնութեան ամուր հիմք:
«Միայն լեզուն սորվիլը չի բաւեր,- Մարգրիտն է դարձեալ,- հոգին ալ պէտք է»: Հոգին պահելու համար պէտք եղած է քրիստոնէական դաստիարակութիւնը եւ անոր սնունդը: «Ուզեցինք եկեղեցի երթալ, որպէսզի մեր հաւատքը պահենք: Իրլանտայի մէջ հայկական եկեղեցի չկար: Ստիպուած էինք եգիպտական եկեղեցի երթալ, որպէսզի մեր քրիստոնէական հաւատքը պահենք եւ զօրացնենք»:
Մարգրիտին մէջ կը տեսնէի քրիստոնէական հաւատքի կարեւորութիւնը` մարդկային կեանքին եւ հաւաքականութեան համար: «Ես Իրլանտա եկայ հաւատքով եւ այդ հաւատքի տունը փնտռեցի, քանի որ հայկական տան մը մէջ մեծցած եմ: Հաւատքս հայկական է եւ զօրաւոր», ըսաւ Մարգրիտ: Մարգրիտ կը հետեւի Աստուածաշունչի առցանց սերտողութեան` պահելու համար իր հայկական ամուր հաւատքը:
Լիւսի Սարաֆեանը Այտային եւ Մարգրիտին քոյրն է: «Ես հայկական դպրոց չգացի Իրաքի մէջ, որովհետեւ դպրոցը լեցուն էր, եւ ինծի համար տեղ չէր մնացած հոն: Մայրս ինծի հայերէն սորվեցուց: Ինծի շատ աղուոր պատմութիւններ ալ կը պատմէր», ըսաւ Լիւսի:
Սարաֆեան ընտանիքին հայկական ուղեւորութիւնը սկսած էր Գոնիայէն եւ հասած Պաղտատ` Ցեղասպանութենէ ետք: Կը զրուցէի ընտանիքի մը հետ, որ դարձեալ տեղափոխուած էր իր «տունէն»` Իրաքէն, եւ հասած «նոր տունը»` Իրլանտա:
Զոհրապ Մարտիրոսեանը Հալէպէն դուրս եկած է երիտասարդ տարիքին: Երկար ժամանակ ապրած է Գերմանիա եւ 2006-էն սկսեալ կ՛ապրի Իրլանտա: Ամուսնացած է Լիւսիին հետ եւ կազմած` հայկական ընտանիք: Զոհրապը տոկուն հայն է` «երազային Հալէպ»-ի զաւակը: Կարծես տակաւին երէկ էր, որ Զոհրապ ձգած էր իր շատ սիրած քաղաքը: «Ես հայ եմ: Ինչո՞ւ պէտք է փոխուիմ», ըսաւ Զոհրապ:
Զոհրապին համար հայը եւ բարեկամութիւնը շատ կարեւոր գրաւականներ են: «Այս այցելութիւնդ չեմ հաշուեր», ըսաւ Զոհրապ` աւելցնելով. «Յաջորդ անգամ մեր տունը կը մնաս»: Զոհրապ հալէպահայն է, ջերմ, հարազատ, որ չէ փոխուած:
Այտան, Մարգրիտը եւ Լիւսինը Ցեղասպանութենէ ճողոպրած երրորդ սերունդի հայեր են: Անոնք չեն ապրած Ցեղասպանութիւնը, բայց ինչպէս իւրաքանչիւր հայ` կը շալկեն անոր ցաւը: «Ցեղասպանութիւնը շատ ցաւալի է,- Այտան է խօսողը: – Մեծ մայրս կը պատմէր»: Երեք քոյրերը ապրած են Ցեղասպանութիւնը` լսելով հայուն պատմութիւնը, ցաւալի պատմութիւնը: Եւ հաշտուա՞ծ են:
Ցեղասպանութեան պատմութեան հետ անոնք ապրած են նաեւ Հայաստանի իրականութիւնը: «Չափահաս էի, երբ առաջին անգամ Հայաստան գացի», ըսաւ Այտան: «Ճամբորդելէս առաջ շատ կարդացի եւ ուսումնասիրեցի հայրենիքին մասին», շարունակեց Այտան: Ուսումնասիրութեան հետ Այտան ապրած է նաեւ Ցեղասպանութեան պատմութիւնը` արցունքը աչքերուն: Ան ըսաւ. «Նոր ցեղասպանութիւն ապրեցայ»:
Այտայի համար հայրենիքը տեսնելը եւ ծանօթանալը այդքան ալ դիւրին չէ եղած: «Արաբական մշակոյթս հետս բերած էի Հայաստան եւ տեսայ, որ հայ ենք, բայց տարբերութիւններ կան»: Բայց անպայմանօրէն կայ միացնող օղակը: «Ծիծեռնակաբերդը եւ Ս. Էջմիածնի տաճարը միացուցին զիս հայրենի հողին հետ», ըսաւ Այտան:
Կը վերադառնամ իրլանտացի վարորդին: «Պատմութեան հետ պիտի հաշտուիս, որպէսզի կեանքը յառաջ երթայ»:
«Իրաքի մէջ մեզի կ՛ըսէին, որ երբ դուրսի աշխարհը երթանք, կրնանք ձուլուիլ: Մենք դուրս եկանք եւ նոր աշխարհը տեսանք: Նոր աշխարհին մէջ ապրելով` մեր ինքնութիւնը պահեցինք, նոյնիսկ երբ ոչ հայերու հետ ամուսնացանք, քանի որ մեր հայկական արժէքները նաեւ դրինք ոչ հայերուն մէջ». Այտայի կեանքի հաւատամքն է այս:
Հայուն համար հաշտուելու գործընթացը իր ազգային ինքնութիւնը եւ հաւատքը պահելու գրաւականին մէջ է: Ատիկա հայուն պատմութիւնն է եւ` այդ պատմութիւնը յիշելն ու պահանջելը: Յիշելով եւ պահանջելով է, որ հայը պիտի հաշտուի իր պատմութեան հետ, որքան ալ որ երկար տեւէ այս ուղեւորութիւնը: Յիշելով եւ պահանջելով է, որ հայուն պատմութիւնը, իմա՛ համակ կեանքը, յառաջ պիտի երթայ: Իրլանտա եւ ամէնուր:
Յիշե՛լ եւ պահանջե՛լ:
Այս ալ հայուն պատմութեան հետ հաշտուելու պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութիւնն է:
Այս պարտականութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ է, որ հայուն պատմութիւնը յառաջ պիտի երթայ:
Դոկտ. Հրայր ՃԷՊԷՃԵԱՆ