Հյուսիսային Կորեայի իշխանությունները մահապատժի են ենթարկել տասնյակ բարձրաստիճան պաշտոնյաների հուլիսի վերջին տեղի ունեցած հեղեղումների պատճառով, որոնք խլել են հազարավոր կյանքեր: Ավելի վաղ երկրի առաջնորդ Կիմ Չեն Ընը հայտարարել էր, որ խստորեն կպատժի նրանց, ովքեր «չեն կատարել իրենց պարտքը և այսքան զոհերի պատճառ են դարձել»։                
 

«Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս» գիրքի շնորհահանդէս-ներկայացում Քրէտէյի մէջ

«Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս» գիրքի շնորհահանդէս-ներկայացում Քրէտէյի մէջ
29.08.2024 | 23:11
Հովանաւորութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ Քրէտէյի Հայոց հոգեւոր առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Եզնիք Արք. Պետրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Սուրբ Յովհաննու Կարապետի եկեղեցիին Թաղական խորհուրդի, կիրակի 25 Օգոստոսի, 2024, եկեղեցիին պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս» գիրքի շնորհահանդէս-ներկայացումը եկեղեցիին հանդիսասրահին մէջ։ Ներկայ էին գաղութի անդամներ, յոյն բարեկամներ եւ այցելու հայեր՝ Ֆրանսայէն։
Բացման խօսքը կատարեց Սրբազան Հայրը, որ ներկայացուց գիրքի բովանդակութիւնը։ Ան վեր առաւ քանի մը յօդուածներ եւ ընդգծեց անոնց միջոցաւ գիրքին միտք բանին։ «Հայկական սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ հանդիպումներու մեծ հաւաքածոյ մըն է այս գիրքը», ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան՝ ընկերալեզուաբան, համալսարանի դասախօս եւ գիրքին խմբագիրը, ներկայացուց խմբագրական աշխատանքին տարբեր հանգրուանները։ Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան նաեւ խօսեցաւ հայ մշակոյթի եւ մայրենի լեզուի պահպանման կարեւորութեան մասին եւ թէ ինչպէս այս գիրքը կը նպաստէ հայկական մշակոյթի եւ լեզուի սատարման։
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան՝ գիրքի հեղինակը, խօսեցաւ մէկ կողմէ գիրքի տարբեր հատուածներուն եւ մասերուն մասին, բայց նաեւ ներկայացուց իր փորձառութիւն-տպաւորութիւնները տարբեր գաղութներու իր այցելութիւններուն մէջէն եւ ունեցած հանդիպումները հայերու հետ։ Ան աւելի քան իննսուն երկիրներ ճամբորդած է իր աշխատանքային ասպարէզի միջոցաւ եւ ժամանակ տուած է նաեւ տեսնելու հայկական իրականութիւնները։ Դոկտ. Ճէպէճեան խօսեցաւ սփիւռքահայ իրականութիւններու մասին, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու մասին ու հայրենիքի կարեւոր դերը հայապահպանումի եւ ազգային ինքնութեան եւ գիտակցութեան պահպանումին մէջ՝ յատկապէս երիտասարդ սերունդին համար։ Ան քաջալերեց քրէտահայ գաղութը որ չի յուսահատի հայապահպանումի իր առաքելութեան մէջ։ «Հայապահպանումի մեծ պատերազմի մէջ ենք բոլորս եւ տարբեր գաղութներու մէջ», ըսաւ Դոկտ. Ճէպէճեան։ «Այս պատերազմը որքան ալ դժուար ըլլայ, պիտի չի յուսահատինք», եզրափակեց Դոկտ. Ճէպէճեան։
Փակման խօսքը կատարեց Սրբազան Հայրը որ նաեւ հակիրճ կերպով տուաւ նկարագրականը արտասանուած խօսքերուն յունարէն լեզուով՝ նկատի ունենալով որ ելոյթին ներկայ էին եկեղեցիին յոյն բարեկամները։
Շնորհահանդէս-ներկայացումէն ետք տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն եկեղեցիին շրջափակին մէջ։

Լուսանկարներ

. .
Դիտվել է՝ 1420

Մեկնաբանություններ