Պարզէն ալ պարզ է, որ ՀՀ գործող իշխանութիւնը պիտի վերարտադրուի նախագահական բեմականացած «ընտրութիւններուն»: Քսան տարուան մէջ այդպէս ալ մեր երկիրը երբեք չկայացաւ որպէս քաղաքացիներու ազատ եւ արդար ընտրութեամբ կայացած, ժողովուրդին իրաւ մեծամասնութեան կամքը արտայայտող իշխանութիւն, որ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒ ըլլար նոյն զայն ընտրած ժողովուրդին: Կարծէք նախագահի թեկնածու Պարոյր Հայրիկեանի դէմ կատարուած մահափորձն ալ՝ քանի մը օրով հասարակութեան ուշադրութիւնը կրցաւ շեղել երկրին մէջ կուտակուած բազում-բազում ընկերային-տնտեսական եւ այլ լրջագոյն խնդիրներէն: Հարցերու հարցը կը մնայ նոյնը՝ քրէաօլիգարխիկ համակարգի փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը, այլապէս՝ մեր երկրին բարոյահոգեբանական, տնտեսական-ընկերային, արմատացած փտախտի, արտագաղթի եւ այլ կարեւորագոյն խնդիրները պիտի շարունակեն սպառնալ Հայաստանի անվտանգութեան եւ մեր երկիրը մխրճել տակաւ խորացող ճահիճին մէջ: