...Հայաստանը անորոշութեան եւ անտարբերութեան ամպերով է ծածկուած. իսկ արիւնաքամ դարձած Արցախը ամրօրէն կը մնայ պատնէշի վրայ: Պատի՛ւ իրեն: Արցախը մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն ու Հայաստանի ամբողջականութեան, անվտանգութեան եւ անկախութեան պաշտպանութեան առաջին ճակատն է. պէտք է զայն ամէն գնով պահել ամուր:
Արդ, չենք կրնար այլեւս հանդիսատես մնալ ներկայ ահաւոր ու աննախատեսելի վտանգներով լեցուն կացութեան դիմաց՝ սոսկ տագնապելով ու դատապարտելով: Ժողովուրդը կ՚ըսէ՝ բաժակը յորդած է. դանակը ոսկորին է հասած արդէն:
Հետեւաբար, սա պահուն Անթիլիասի Մայրավանքէն կոչ կ՚ուղղենք
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԶՕՐԱՇԱՐԺԻ
Այո՛, համազգային զօրաշարժ. այլ ընտրանք չկայ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա Վեհափառ Հայրապետ