Իհարկէ, այնքան միամիտ չեմ, որ հաւատամ, թէ վաղը Հայաստանին համար շրջադարձային օր մը պէտք է ըլլայ: Բայց կը հաւատամ, որ պէտք է գայ այդ օրը, ուշ կամ կանուխ: Օր մը պիտի արթննանք նոր Հայաստանին մէջ, այն Հայաստանին մէջ, զոր կ՚երազէին Համաստեղը, Մոնթէն, մեր պապերն ու հայրերը: Անոնցմէ շատեր չտեսան հայրենիքիս անկախանալը, բայց մենք տեսանք, եկէք չմոռնանք ասիկա եւ չյուսահատինք: Հայրենիքը ծանր օրերուն լքելը, իմ խորին համոզումով, անարգանք է սեփական եսին հանդէպ: Ի վերջոյ, եթէ ծնողքդ հիւանդ եւ տկար ըլլան, պիտի չլքես անոնց:
Յարգելի Հայաստանցի ընկերներ, ձեզի պէս ես ալ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի եմ եւ իրաւունք ունիմ կարծիքս արտայայտելու այն ամէնին մասին, ինչ տեղի կ՚ունենայ այսօր հայրենիքէս ներս: Ասիկա կ՚ըսեմ՝ կանխարգիլելու համար արդէն սովորական դարձած արտայայտութիւնները, թէ «ատանկ կ՚ըսես, որովհետեւ ձայնդ տաք տեղէն կու գայ»: Ըսեմ, որ ձայնս արդէն 8 տարի է՝ նոյն տեղէն կու գայ, ինչ որ ձեր ձայնը: Արդէն 8 տարի Հայաստան կը բնակիմ եւ նպատակ չունիմ ոեւէ ատենի համար այլ տեղ բնակելու: Ասիկա իմ հայրենիքս է, մեր բոլորիս հայրենիքն է, եւ եկէք մեր մաղձը, չստացուած կեանքերը եւ ճակատագիրները անպայմանօրէն չբարդենք հայրենիքի հաշուոյն: Միգուցէ պէտք է քիչ մըն ալ մեր անձին մեջ փնտռենք ոչ միայն մեր, այլեւ հայրենիքին տկարութեան պատճառները: