Երբ այլեւս անզօր ու անօգնական եմ շինելու: Դուն կը հեռանաս, Տէ՜ր, ձգելով աւերակ մը հողին, աւազին, նեխումին, տարրերուն, որդին ու մոռացութեան, ձգելով ոսկորգանկ մը ահաւոր պարապութիւնով:
Ես կը տխրիմ, Տէ՜ր, երբ գանկի մը ահաւոր պարապութեան մասին կը մտածեմ, կը մտածեմ աւերակին եւ ոչինչին...
Բայց ինչու՞ այդ տխրութիւնը, Տէ՜ր, չէ՞ որ Դուն նման ահաւոր ոչինչէն ստեղծեցիր այսքա՜ն գեղեցկութիւն ու կեանքն ըրիր այսքա՜ն գեղեցիկ...
ՀԱՄԱՍՏԵՂ