Տու՜ր ինձ, Տէ՜ր, իմաստութիւնը հաւատքին, որ հաւատամ կնոջ մը ժպիտին, ինչպէս կը հաւատամ ծաղիկի գոյնին: Հաւատամ, որ մարդիկ միշտ ալ բարի են եւ չար չի կրնար ըլլալ ան, որ Քու կերպարանքով ստեղծուած է:
Մարդիկ եթէ չար են, ուրեմն անոնց մէջ պակաս է կեանքին գեղեցկութիւնը ըմբռնելու իմաստութիւնը, մանաւանդ՝ իմաստութիւնը զգայարանքներուն:
Մարդիկ եթէ չար են, ուրեմն հիւանդ են, պէտք է բժշկել, անօգնական են, պէտք է օգնել, տխեղծ են, պէտք է գթալ այնպէս, ինչպէս կþօգնենք կաղին, կոյրին ու հաշմանդամին: Պէտք է օգնել, որ զգան բարիին երանութիւնը, զգան Քու շունչը, Տէ՜ր:
Կը հաւատամ, Տէ՜ր, որ կը լսես զիս, երբ ես աղօթքի կը կենամ՝ աղերսելու համար կտոր մը լոյս չարագործին, բռնակալին, մարդասպանին, նաեւ իմ հոգւոյն: Աղերսելու լոյս բոլոր անոնց համար, որ Քեզ կը փառաբանեն, Տէ՜ր:
Կը հաւատամ, որ զիս կը լսես, ինչպէս կը լսես աղօթքը նոճիներուն:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ