Վա՜յ ինձ, որ կասկածեցայ Քու գոյութեանդ, Տէ՜ր, ու ինկայ տղմուտ ճամբաներուն մէջ, եւ մարմինս հողին փակած ծանր խեցի մը դարձաւ:
Վա՜յ ինձ, որ առօրեայ հոգերը որդերու նման մարմինս կրծեցին, եւ տագնապներուս մէջ չմտածեցի Քու մասին, չփնտռեցի Քու մտերմութիւնը, Տէ՜ր:
Քու մտերմութեանդ մէջ է, որ իմ օրերը պիտի գեղեցկանան եւ իմ հոգին երազի թեւեր պիտի առնէ: Իմ հոգիին մէջ՝ Քեզմով լեցուն, այլեւս տեղ պիտի չգտնեն նախանձն ու ատելութիւնը:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ