ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրություններում Դոնալդ Թրամփի հաղթանակը չի փոխի վերաբերմունքը ուկրաինական ճգնաժամի նկատմամբ՝ հայտարարել է ՌԴ արտգործնախարար Սերգեյ Լավրովը։ «Վաշինգտոնի սկզբունքային վերաբերմունքը ուկրաինական և նույնիսկ եվրոպական հարցերի նկատմամբ չի փոխվի այն առումով, որ Վաշինգտոնը միշտ կձգտի իր վերահսկողության տակ պահել այն ամենը, ինչ տեղի է ունենում ՆԱՏՕ-ամերձ և բուն ՆԱՏՕ-ի տարածքում»,- ընդգծել է նա։               
 

«Չափազանցութիւն չ՛ըլլար ըսելը, որ հայկական պատմութիւնը ողբերգութիւններու շարան մըն է»: ՀԻՐՈՅՈՍԻ ՍԵԳԱՒԱ

«Չափազանցութիւն չ՛ըլլար ըսելը, որ հայկական պատմութիւնը ողբերգութիւններու շարան մըն է»: ՀԻՐՈՅՈՍԻ ՍԵԳԱՒԱ
27.05.2023 | 21:27

Փոքր տարիքէս միշտ ալ սիրած եմ պատմութիւնը: Եւ այս` նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտ եղած օրերէն, երբ կանոնաւոր կերպով կը սորվէինք հայոց պատմութիւնը` թագաւորութիւնները, հերոսները, իշխանները եւ, տակաւին, պատերազմները: Այս բոլորը եթէ մէկ-մէկ կը գծագրուէին մեր մատղաշ հոգիներուն եւ միտքերուն մէջ` իբրեւ ազգային դաստիարակութիւն, ապա նոյնքան նաեւ մտածել կու տային մեզի այդ օրերէն սկսեալ. «Ինչո՞ւ մեր պատմութիւնը այսքան դժուար եղած է»: Դժուարը կը տեսնէինք հայուն պատմութեան իւրաքանչիւր փուլին:


Վարդանանց պատերազմը աւարտեցաւ Վարդանի եւ իր քաջամարտիկներուն նահատակութեամբ, երբ պարտուեցանք, բայց բարոյապէս յաղթեցինք: Չէինք կրնար հասկնալ, թէ ի՛նչ կրնար նշանակել բարոյական յաղթանակը, երբ իրականութեան մէջ պարտուած էինք:

Բագրատունեաց եւ ապա` Կիլիկիոյ թագաւորութիւններու կործանումը:

Կը հասնէինք Ցեղասպանութեան ահաւոր իրականութիւններուն:

Բոլորը` դժուար: Բայց ինչու՞ մեր պատմութիւնը այսքան դժուար պէտք էր ըլլար: Ինչո՞ւ այսքան արիւն եւ կոտորած: Ինչո՞ւ պէտք էր, որ դժուար պատմութիւն ունեցող ազգի մը զաւակը ըլլայի:

«Ինչու՞ »-ներուն շարանը կրնար երկարիլ: Բայց նաեւ պիտի սորվէինք, որ կեանքին մէջ միայն հարցում չես կրնար ուղղել: Պիտի գտնես նաեւ պատասխանները: Եթէ ոչ միշտ հաւաքական իմաստով, ապա նոյնքան եւ աւելի` անձնական գիտակցութեան եւ փորձառութեան ընդմէջէն:

Մեծնալու այս գիտակցութիւն-փորձառութիւնը ինծի սորվեցուց, որ հայ եմ: Կը պատկանիմ ազգի մը, որ ունեցած է հսկայական քաղաքակրթութիւն, որ սկսած է Քրիստոսէ առաջ. այդ քաղաքակրթութիւնը եղած է շարունակուող իրականութիւն մը, որ անցած է պատմութեան բոլոր հոլովոյթներէն, նոյնիսկ երբ «չափազանցութիւն չ՛ըլլար ըսելը, որ հայերուն պատմութիւնը ողբերգութիւններու շարան մը եղած է» (Հիրոյոսի Սեգաւա, 2004): Ես սիրեցի եւ էութեանս մէջ ընդգրկեցի «ողբերգութիւններով» լեցուն իմ պատմութիւնս:

Հայուն եւ իմ դժուար պատմութիւնը:

Այդ դժուար պատմութեան մէկ շրջանին 105-ամեակն է, որ կը յիշատակենք այսօր. Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձը:

Դարձեալ պիտի մտասեւեռեմ եւ յիշեմ հայոց պատմութեան այն բոլոր դրուագները, զորս սորված եմ: Բայց չէ՞ որ մենք ունեցած ենք անկախութիւններ, որոնք ժամանակ մը ետք կործանած են:

Մարդկային կեանքին մէջ` անհատական եւ հաւաքական, կայ երազը: Երազը, որ կ՛ապրեցնէ մարդը եւ ազգը: Հայուն համար այդ երազը անկախութեան երազն է: Վերջապէս, «մեր սերունդը էն սերունդն է, որ դեռ երէկ ազատ Հայաստան էր երազում: Ազատ Հայաստան էին երազում հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերը` առանց սեռի ու հասակի խտրութեան» (Յովհաննէս Թումանեան, 1918-1920): Ազատութեան այս երազն էր, որ հայը ապրեցուց մինչեւ այսօր: Այս երազը, որքան ալ դժուար եղած ըլլայ տարբեր ժամանակահատուածներու ընթացքին, այսուհանդերձ կերտած է հայուն պատմութիւնը: Ասիկա իմ եւ իւրաքանչիւր հայու դժուար պատմութիւնն է, պատմութիւնը` դժուար երազի մը, որ իր կարգին կը թելադրէ, թէ պէտք չէ յուսահատինք երազելէ:

Առաջին հանրապետութիւնը հիմնադրուեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ծանր ժամանակահատուածի ընթացքին: Բայց այդ ծանր, իմա` դժուար ժամանակահատուածի ընթացքին դրսեւորուեցաւ հայու կամքը եւ չընկրկելու գիտակցութիւնը, երբ մայիսեան հերոսամարտերէն` Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերէն ետք, 28 մայիս 1918-ին ծնունդ առաւ անկախ պետականութիւնը: Երազը իրականացաւ. «Արդէն իրականութիւն է երէկուայ մեծ երազը, ազատ է Հայաստանը, ամբողջ աշխարհի կողմից ճանչցուած ինքնուրոյն հանրապետութիւն է» (Յովհաննէս Թումանեան, 1918-1920):

Առաջին հանրապետութիւնը ունէր արտաքին եւ ներքին բազմաթիւ հիմնահարցեր: Այդ հանրապետութեան հիմնադիրները հայուն պատմութիւնը պիտի կերտէին շատ դժուար պայմաններու մէջ: Ներքին իմաստով կային երիտթրքական բնաջնջումէն խուսափած բազմահազար հայ գաղթականներ, իսկ սովը եւ համաճարակը պատճառ դարձան այդ գաղթականներէն աւելի քան 150 000 հայորդիներու մահուան: Արտաքին ճակատի վրայ կային փոխադրամիջոցներու ուղիներու շրջափակումը, քեմալական Թուրքիոյ 1920-ի յարձակումը Հայաստանի վրայ եւ Խորհրդային Ռուսիոյ նուաճողական քաղաքականութիւնը: Այս բոլորը պատճառներ էին, որ հայ պետական ղեկավարները չկարենային ստեղծել կայուն պետութիւն մը:

Բայց այս բոլոր դժուար պայմանները խոչընդոտ չեղան, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը չաշխատէր: Իսկ այդ աշխատանքը հայուն երկիրը եւ անոր պատմութիւնը կերտելն էր: Անոնք ստեղծեցին խորհրդարան, կառավարութիւն, դատական իշխանութիւն եւ բանակ, ճշդեցին դրօշը, հպարտացան անով եւ հնչեցուցին « Մեր հայրենիքը»` իբրեւ պետական քայլերգ, եւ Հայաստանը ունեցաւ միջազգային ճանաչում:

Անոնք կրցան տեսնել, որ հայուն պատմութեան շարունակականութիւնը նոր սերունդին դաստիարակութեան մէջ էր: Այս իմաստով, 31 յունուար 1920-ին Ալեքսանդրապոլի (այժմ` Գիւմրի) առեւտրային դպրոցի շէնքին մէջ մեծ շուքով տեղի ունեցաւ Հայաստանի համալսարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կեանքը երկար չտեւեց: Ան գոյատեւեց մինչեւ 2 դեկտեմբեր 1920: Պատմութիւնը չ՛արժեչափուիր ժամանակի տեւողութեամբ: Հակառակ իր կարճ կեանքին` Ա. հանրապետութեան դերը անգնահատելի է պետականութեան վերականգնման գործին մէջ: Այդ օրերու ղեկավարութիւնը եղած էր հեռատես` առաջնահերթ նկատելով վերականգնած պետականութիւնը տանելու հայուն պատմութեան շարունակականութեան մէջ: Իրատես ըլլալով` «հայրենիքը փրկել»-ը անոնց համար դարձաւ անհրաժեշտ, երբ անոնք համաձայնեցան Հայաստանի մէջ հաստատել խորհրդային կարգերը:

«Պատմութեան մէջ ճակատագրական պահեր կան, որոնց դիմաց հարկ է հեռու մնալ արկածախնդրական մօտեցումներէ եւ կողմնակի նկատումներէ եւ ճիշդ կողմնորոշում որդեգրել` մեկնելով ազգին ու հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն շահերէն: Արդարեւ, առճակատումը Խորհրդային Միութեան հետ կրնար կործանումի առաջնորդել Հայաստանը: Հայրենիքի փրկութիւնը ամէն բանէ վեր էր: Վտանգալից այս պայմաններուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումը (2 դեկտեմբեր 1920) ամբողջատիրական վարչակարգին ծանր ու դառն հետեւանքները կրելով հանդերձ, ճիշդ ճանապարհն էր» (Արամ Ա. կաթողիկոս, 2018):

Խորհրդային Միութեան մէջ Հայաստան ունեցաւ տարբեր տարողութիւններով դժուարութիւններ: Եօթանասուն եւ աւելի երկար տարիներու այս ժամանակահատուածին մէջ հայուն պատմութիւնը դարձեալ դժուար էր: Հայաստանի եւ հայութեան համար կային բացասական տուեալներ, եւ անոնց ստեղծած դժուար իրավիճակները, սակայն պէտք է ըլլալ անաչառ եւ պատմութիւնը արժեւորել ճիշդ եւ առարկայական մօտեցումով: Խորհրդային Հայաստանի մէջ հայը կերտեց պատմութիւն եւ արձանագրեց յառաջխաղացք` ստեղծելով գիտական, մշակութային, կրթական եւ շինարարական լաւ ենթակառոյց: Դիպուկ է փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի մատնանշումը Հայաստանի ներկային, ինչպէս նաեւ Բ. եւ Գ. հանրապետութեանց առնչութեամբ. «Ան (իմա` Գ. հանրապետութիւնը, մատնանշումը` մեր կողմէ) նախկին խորհրդային շրջանէն ժառանգած է բաւական լաւ ենթակառոյց մը, որ գոյութիւն չունէր նախկին հանրապետութեան ժամանակ (այստեղ խօսքը Ա. հանրապետութեան մասին է, մատնանշումը` մեր կողմէ)»:

Այսօր մենք ունինք Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը, որ հիմնուեցաւ 1991-ին: Այսօրը դարձեալ դժուար է: Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, իսկ հայը դարձեալ ականատես կ՛ըլլայ իր դժուար օրերու պատմութեան եւ կը կանգնի աւելի լաւ ապագայ կերտելու հրամայականին դիմաց:

Ներկայ Հայաստանը եւ անոր աշխարհաքաղաքական տուեալներն ու իրավիճակները կարծէք երբեք չեն փոխուած նախորդ ժամանակաշրջաններէն. «Կովկասը միշտ ալ եղած է լեցուն ներքին առճակատումներով եւ ենթակայ` հեռաւոր թէ մօտաւոր ուժերու աշխարհաքաղաքական շահերուն եւ դիրքորոշումներուն: Կորսնցուցինք Հայաստանի առաջին անկախութիւնը` մեր շուրջը փչող զօրեղ քամիներուն հետեւանքով: Այսօր եւս Կովկասը կը գտնուի նոյն կացութեան մէջ» (Արամ Ա. կաթողիկոս, 2018):

Այս իմաստով եւ հետեւելով պատմութեան կրկնուող հոլովոյթներուն` առկայ է մտահոգութիւն մը, թէ արդեօք ներկայ անկախութի՞ւնն ալ կրնանք կորսնցնել:

Անհրաժեշտ է վեր առնել եւ վերլուծել Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պատմութիւնը եւ զայն «կորսնցնելու» պատճառները:

Ա. հանրապետութիւնը եւ զայն «կորսնցնելու» գործընթացը ի զուր եւ ապարդիւն չէին: Ա. հանրապետութիւնը, թէկուզ` իր անկումը ապրելով, հիմքը դրաւ Բ. հանրապետութեան: Բ. հանրապետութիւնը իր բացասական, բայց նոյնքան դրական տուեալներով, հիմքը դրաւ Գ. հանրապետութեան: Պատմութեան օղակն է, որ իրար միանալով եւ շաղկապուելով` ստեղծեց հայու պատմութիւնը, որ դժուար օրերու ընդմէջէն հասաւ մինչեւ այսօր:

Այսօրուան հրամայականը դժուար օրերու ընդմէջէն ստեղծուած Հայաստան աշխարհը եւ հայուն պատմութիւնը պահելն ու զարգացնելն է:

Զանոնք պահելու եւ զարգացնելու համար իւրաքանչիւր հայ կարիք ունի կամքի: Կամք մը, որ չ՛ընկրկիր: Չընկրկող կամքն է, որ կը ստեղծէ տեսիլք եւ իտէալ: «Ա. հանրապետութեան շրջանին բազմաթիւ պետական մարդիկ, նախարարներ եւ ղեկավարներ պէտք եղած ուսումն ու պատրաստութիւնը չունէին, բայց իրենց նուիրումը հայրենիքին անգնահատելի էր, երբ անոնք կ՛ապրէին ու կը մեռնէին ժողովուրդին համար ու հեռու էին անձնական շահարկումներէ: Սա սերունդ մըն էր իտէալապաշտ ու տեսիլք ունեցող» (Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, 2018):

Դարձեալ կը վերադառնամ հայոց պատմութեան դասապահերուս: Իւրաքանչիւր հայու պատմութիւնը, որ դժուար օրերու ընդմէջէն հասած է մինչեւ Ա. հանրապետութիւնը: Ես տեսայ, թէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը իր բոլոր դժուարութիւններուն ընդմէջէն ինչպէ՛ս դարձած է խորհրդանիշ մը ինծի նման սփիւռքահայու մը համար, որ զրկուած է իր հարազատ հողին վրայ ապրելու առանձնաշնորհումէն: Խորհրդանիշ մը` գիտակցելու, թէ հայրենիք ունենալու եւ զայն պահելու գրաւականը որքա՛ն կարեւոր է հայու պատմութեան շարունակականութեան համար:

Պատմութեան շարունակականութեան ենթահողը, թէկուզ` դժուար օրերու ընդմէջէն, լաւ կերպով կ՛արտացոլայ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հոգիին մէջէն: «Դրա համար (ակնարկը Ա. հանրապետութեան կը վերաբերի, ընդգծումը` մեր կողմէ) հայ ժողովուրդը պարտական էր ոչ թէ որեւէ պետութեան բարեհոգութեան, այլ իր հերոսական ոգորումներուն եւ առաջին հերթին` Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն: Այդ հերոսամարտերով հայ ժողովուրդը ոչ միայն պաշտպանեց իր ֆիզիքական գոյութիւնը, այլեւ ապացուցեց եւ արժանիօրէն վաստկեցաւ անկախութեան իրաւունքը»

(Արարատ Յակոբեան, 1992):

«Վաստկելու» համար հայը կարիք ունի կամքի: Կամք մը, որ չ՛ընկրկիր: Կամք մը, որ տեսիլք եւ իտէալ կը ստեղծէ` հայու պատմութիւնը դնելու շարունակական ընթացքի մէջ:

Այսօր կ՛ապրինք Գ. հանրապետութիւնը: Այդ արդիւնք է Բ. հանրապետութեան, որ իր կարգին շարունակականութիւնն է առաջինին:

Երեք հանրապետութիւնները միացնող օղակը հայուն կամքն է, որ դժուար օրերու ընդմէջէն կերտեց իր հայրենիքը եւ հողը: Հայրենիքը եւ հողը, որոնք հայու պատմութիւնն են:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ղեկավարները հաւատացած էին հայու կամքին եւ անոր դրսեւորումին: Անոնք ունեցան տեսիլքը, թէ հայու պատմութիւնը պէտք է շարունակուի, որքան ալ դժուար ըլլան օրերը: Անոնք կառչեցան այս տեսլականին, որովհետեւ հաւատացած էին, որ` «Աշխարհի մէջ չկայ մի ուրիշ ժողովուրդ, որ այնքան ուժգին, այնքան մտերիմ կերպով կապուած լինի իր հողին, որքան հայը» (Աւետիս Ահարոնեան, 1926): Արժէ շարունակել հաւատալ հողի այս ուժին:

Այս ուժը եւ անոր ստեղծած կապուածութիւնն են, որոնք պիտի կերտեն հայու պատմութիւնը, որքան ալ դժուար ըլլան օրերը:

Ա., Բ. եւ Գ. հանրապետութիւնները:

Հայու պատմութիւնը:

Դժուար օրերու պատմութիւնը: Բայց` ապրող եւ ապրեցնող պատմութիւնը:

Դոկտ. Հրայր ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Քուէյթ, մայիս, 2023 թ.

Դիտվել է՝ 5586

Մեկնաբանություններ