ՄԱԿ-ի կլիմայի COP29 համաժողովի շրջանակում Ադրբեջանի նախագահ Իլհամ Ալիևը հանդիպել է Մեծ Բրիտանիայի վարչապետ Քիր Սթարմերի հետ. վերջինս հետաքրքրվել է Հայաստանի և Ադրբեջանի միջև բանակցային գործընթացով։ Ալիևն ասել է, որ խաղաղության պայմանագրի տեքստի զգալի մասն արդեն համաձայնեցված է, միաժամանակ, հերթական անգամ դժգոհել է Հայաստանի Սահմանադրությունից՝ նշելով դրանում պարունակվող «տարածքային հավակնությունները»։               
 

Մի՛ ճզմէք անապատներուն մէջ փոշիացած ձեր հարազատներուն սրտերը

Մի՛ ճզմէք անապատներուն մէջ փոշիացած ձեր հարազատներուն սրտերը
25.05.2023 | 21:39

Սփիւռքահայ, յատկապէս՝ լիբանանահայ, իրականութեան մէջ ժամանակէ մը ի վեր մեր ազգային արժանապատուութեան խոտոր, մէկէ աւելի վիրաւորական երեւոյթներու ականատեսը կը դառնանք: Ի մասնաւորի երեւոյթի մը, որ առաջին հայեացքով մասնաւոր ուշադրութեան արժանի չի թուիր, սակայն անոր խորքը մեծապէս մտահոգիչ եւ ցաւագինօրէն թելադրական է:

Քաղաքական դէպք մը չէ ան, ոչ ալ համայնքային հրատապ հարց մը: Երեւոյթներ կան, որոնք անմեղ, անպաճոյճ արտաքինի մը ետին կը ծածկեն ապագայ վտանգի մը ախտանշանները: Երեւոյթներ, որոնք կրնան վրիպիլ մեր տեսադաշտէն, բայց խորքին մէջ ազգային բազկերակի հայելին կը հանդիսանան, կը բացայայտեն մեր ազգային գիտակցութիւնը, զգացումները, կրնան նսեմացնել մեր վարկն ու անունը եւ կը դառնան հայապահպանման չափանիշերու ջերմաստիճանը:

Արտաքնապէս աննշան եւ յատուկ ուշադրութեան առնելու անարժան... խուժումն է դէպի արաբերէնի թարգմանուած թրքական ժապաւէնները: Խոստովանիմ, այս տողերը թուղթին յանձնելու պահուն անճրկում մը զգացի: Դժուարացայ թուղթին յանձնել բառեր, անուններ, որոնք կը կոտտացնեն հայ անհատի հոգիին մէջ տակաւին չսպիացած վէրքը: Սակայն իրողութիւնը ծածկելով եւ անուններուն նշումը խնայելով չէ որ ցաւերը կը դարմանուին:

Դժբախտ իրականութիւնը այն է, որ լիբանանեան հեռատեսիլի կայաններուն մեծամասնութիւնը կը ցուցադրէ արաբերէնի թարգմանուած թրքական ֆիլմաշարեր, որոնց հանդիսատեսներուն ութսուն առ հարիւրը հայեր են: Աւելի յստակ ըլլալու համար՝ հայ կանայք, պարմանուհիներ եւ հայ մարդիկ... Չափահաս եւ անչափահաս... Ինչ որ գայթակղեցուցիչ եւ ընդվզեցուցիչ է միանգամայն, թրքական հաղորդաշարերը քաջալերողներուն մէջ քիչ թիւ չեն կազմեր հայ մամիկներ եւ հայ պապիկներ...

Զարմանք եւ ամօթ կը զգաս այս տեսարանին առջեւ եւ ակամայ հարց կու տաս, թէ ին՞չ կայ գրաւիչ այդ հաղորդաշարերուն մէջ, որ հայ անհատը իր սրբութիւնները անարգելու կը մղէ: Կը մղէ տարագիր, պապենական հողերէն զրկուած հայը, որպէսզի մոռնայ երէկի եւ այսօրուան ողբերգութիւնը, մոռնայ իր միլիոնաւոր նահատակները, յափշտակուած հայրենիքը, հողը, կալուածները, քանդուած մշակութային կոթողները, եկեղեցիները, կրթական օճախները, արհեստանոցները, մոռնայ անոնց անէծքը ու անոնց թողած պատգամը:

Ցաւալի իրականութեան երկրորդ երեսը այն է, որ նման հաղորդաշարեր, գեղարուեստական արժէք մը չունենալէ բացի, բարոյապէս կը խաթարեն, քան կը դաստիարակեն դիտողը: Սակայն, ցաւալիօրէն, անոնց արաբերէն խօսուն ըլլալը թէեւ ապականած, այսուհանդերձ առօրեայ միջավայրէ վերցուած ըլլալը՝ ներքաշող ազդակ մը դարձած է հայուն համար: Ոմանք պիտի առարկեն հայկական ժապաւէններու, հաղորդաշարերու պատրաստութեան եւ նիւթերու ընտրութեան բաւարար չափով գոհացուցիչ չըլլալը: Ասիկա չի կրնար համոզիչ պատճառաբանութիւն մը ըլլալ: Հայրենի հեռատեսիլի կայաններէն հայկական ժապաւէններու թերի (անշուշտ թրքերէն հաղորդաշարեր դիտողներու տեսանկիւնէն մեկնած կամ՝ տրամաբանութեամբ) պատրաստութիւնը արդարացուցիչ պատճա՞ռ մըն է լիբանանահուն եւ սուրիահայուն թրքական ժապաւէններու խուժումը թոյլատրող: ՈՒ՞ր մնացին մեր ազգային առաքինութիւնները, որոնցմով կը սիրենք հպարտանալ շատ յաճախ: ՈՒ՞ր մնաց մեր պատիւը, մեր արժանապատուութիւնը, հայու զգացումը, մեր կոտորուած հարազատներուն յիշատակը: ՈՒ՞ր է հայ մնալու, հայօրէն մտածելու, հայօրէն գործելու եւ մեր ազգային նպատակներու իրականացումին համար անվհատօրէն պայքարելու մեր կամքը: Կծու ազգայնամոլութիւնը չէ, որ կը խօսի այստեղ, գրիչովս, այլ ազգային գոյամարտի մը անհրաժեշտութիւնը, սրբապղծուած իրաւունքներու, թափուած անմեղ եւ ծով արիւնի մը հանդէպ զգացուած յարգանքը, իբրեւ հայ եւ իբրեւ մարդ՝ իր արժանապատուութեան տէր մնալու գիտակցութիւնը: Անիրաւուած դատի մը հատուցման ազնիւ պահանջը: Այնքան ժամանակ, որ հատուցուած չէ այդ ահաւոր անարդարութիւնը, այդ արիւնը, տաք արիւնը, պիտի շարունակէ պղպջալ հայ մարդու սրտերուն մէջ:

Բոլոր անոնք, որոնք բացառիկ պատեհութիւն մը, վայելք մը փախցուցած չըլլալու արտորանքով թրքական այդ հաղորդաշարերը դիտելու կը շտապեն, թող չմոռնան, որ իրենց արագ քայլափոխերուն տակ կը ճզմեն անապատներուն մէջ փոշիացած իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն, հարազատներուն սրտերը:

Հայկական ժապաւէնները, հաղորդաշարերը կրնան յաջող պատրաստութիւն մը չունենալ, բայց անոնցմով հոսող հայ լեզուն, հայ հոգին, անոնցմով պարզուող մեր հայրենիքին պատկերը հազար անգամ նախընտրելի եւ գրաւիչ են քան ինչ-որ կը ներկայացուի թրքական հաղորդաշարերով՝ իբրեւ ոճ եւ խորք:

Հայ անհատը կրնայ դիտել կամ թող դիտէ որեւէ օտար ժապաւէն կամ հաղորդաշար, որեւէ լեզուով եւ բովանդակութեամբ, սակայն իր աչքերը եւ ականջները թող փակէ լեզուի մը հնչիւններուն, ինչպէս եւ նկարներուն առջեւ, որոնք պիտի յիշեցնեն իրեն «կեավուր»ը եւ աչքին պիտի պարզեն հայրենական աշխարհի արիւնաներկ համայնապատկերը:

Այս բոլորին կողքին մեզի համար մխիթարութիւն չէ երբեք, որ մեր՝ լիբանանահայ համայնքին համար անպատուաբեր այս երեւոյթը չի դատապարտուիր ազգային, կուսակցական շրջանակներէն: Մամուլը շատ հազուադէպ եւ անցողակի կ'անդրադառնայ այս անթոյլատրելի գայթակղութեան:

Չեմ փափաքիր բանավէճի բնոյթ տալ բարձրաձայն այս խորհրդածութեան: Քանի մը օր առաջ ազգովին ոգեկոչեցինք Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցը...

Ահարոն ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Դիտվել է՝ 6838

Մեկնաբանություններ