ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահ Դոնալդ Թրամփը, պաշտոնը ստանձնելու առաջին իսկ օրից, ծրագրում է վերականգնել իր «առավելագույն ճնշման ռազմավարությունն Իրանին սնանկացնելու համար»՝ գրում է Financial Times-ը: «Առավելագույն ճնշման» արշավը նպատակ ունի զրկել Իրանին բանակը հզորացնելու հնարավորությունից, սակայն վերջնական նպատակը Թեհրանին միջուկային նոր համաձայնագրի շուրջ բանակցությունների մղելն է։               
 

«Այս դպրոցը կրկին պիտի բանաք…»

«Այս դպրոցը կրկին պիտի բանաք…»
09.09.2023 | 18:00

Նիկոսիա, Կիպրոս: Օգոստոս ամսուան կիրակի օրերէն մէկն էր: Եղանակը` շատ տաք… Կիպրոսի մէջ ամրան տօթէն փախչելու համար անհրաժեշտ է կա՛մ ծով ուղղուիլ, կա՛մ ալ` գիւղական շրջանները, որպէսզի զովանաս: Կիպրոսի գիւղերը նոյնքան գեղեցիկ են, որքան` ծովեզերեայ շրջանները: Եթէ այս երկու կարելիութիւններէն մէկուն չընդառաջես, երեւի այդ պարագային պէտք է մտածել այլ ելքի մը մասին: Արտան` կողակիցս, եւ ես այդ կիրակի օրը ընտրեցինք սրճարան մը, ինչպէս վարժ ենք կոչել` «Քոֆի շափ» մը, որ լաւապէս զովացուած կ՛ըլլայ:

Այսպիսի սրճարանները ներկայ օրերու մշակոյթ-կենցաղի վերածուած են: Անոնք ամէն տեղ են, եւ անոնց կրնաս հանդիպիլ իւրաքանչիւր քայլափոխի: Եթէ անիկա սուրճի սիրահարներու տեղն է, բայց նոյնքան նաեւ` հանդիպումի եւ հաւաքի վայր մը, ուր կրնաս բարեկամներու հետ ժամեր անցընել` առանց ձանձրանալու: Եւ երեւի անոնք այլ տեղերէ ա՛լ աւելի մատչելի են նիւթական իմաստով…

Նիկոսիոյ այս սրճարանին մէկ անկիւնը նստած` Արտան եւ ես կը սպասէինք մեր սուրճի մատակարարումին: Արտան համալսարանի դասախօս է, եւ ինչպէս ոեւէ ակադեմական գործիչ` ինքն ալ ունի քննական միտք եւ հարցում ուղղելու յատուկ կարողութիւն: Այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալու խօսակցութեան միջոցով բարեկամութիւններ հաստատելու Արտային յատկութիւնը:

Մեր մօտ նստած էին երեք տարեցներ, որոնք շատ հաճելի խօսակցութեան բռնուած էին: Եւ չուշացան Արտայի քննական միտքն ու պրպտումները: «Այս երեք մարդիկը ինչո՞ւ մինակ եկած են», հարցուց Արտան ինծի: «Ո՞ւր են անոնց կողակիցները, երբ այսօր կիրակի է»:

Կրցայ գուշակել գալիքը, բայց շատ արագ ընդմիջեցի Արտային հետաքրքրութիւնները: «Չըլլայ բան մը ըսես իրենց, ամօթ է…», եղաւ իմ կարճ եւ քիչ մըն ալ կտրուկ պատասխան-պատուէրս:

Երբ իմ տեղէս ելայ, որպէսզի կարենամ պատրաստուած սուրճերը բերել մեր սեղանը, արդէն վերադարձին տեսայ, որ «բանը բանէն» անցած էր: Արտան սկսած էր շատ հաճելի խօսակցութիւն մը` այս երեք տարեց կիպրացիներուն հետ: Տեսայ նաեւ, որ անոնք ալ սիրով ընդառաջած էին Արտայի հետաքրքիր, բայց նոյնքան բարեկամական հաղորդակցութեան:

Եւ պարզուեցաւ, թէ ինչո՛ւ այս երեք տարեց բարեկամները մինակ եկած էին…

Մէկուն կողակիցը մահացած էր, միւսինը հիւանդ էր, իսկ երրորդը`ճամբորդած: Եւ կիրակի կէսօրէ ետք երեք տարեց բարեկամները եկած էին սուրճի մը շուրջ իրենց բարեկամութիւնը դարձեալ ջերմացնելու` կլիմային ջերմութեան հետ հաճելի ժամանակ մը անցընելու համար:

Անդրէասը, ըստ երեւոյթին, երեքին մէջ ամէնէն լեզուանին եւ փորձառուն էր: Երբ ան իմացաւ, որ հայ ենք, ըսաւ. « 2013 թուականին Եւրոպական խորհուրդին կողմէ ղրկուեցայ Հայաստան` իբրեւ դիտորդ ստուգելու համար նախագահական ընտրութիւններու թափանցիկութիւնը եւ ճշգրտութիւնը: Շատ գեղեցիկ երկիր մը ունիք: Առիթը ունեցայ այցելելու Ս. Էջմիածին: Շատ գեղեցիկ ու հոգեպարար էր պատարագը եւ` մեր կիպրական եկեղեցիի արարողութեան մօտիկ»:

«Օրթոտոքս-ուղղափառ եկեղեցիներ ենք, եւ այս իմաստով նմանութիւններ կան», ըսի Անդրէասին:

Չուշացաւ հայ-կիպրական յարաբերութիւններուն մասին մեր խօսակցութիւնը, եւ թէ ինչպէ՛ս երկու ժողովուրդներ ենք` նոյնանման մարտահրաւէրներ եւ ճգնաժամեր ունեցող:

Կիպրոսը բարեկամ պետութիւն է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին: Ասիկա շատ ակներեւ է: Կիպրոս այն քիչ պետութիւններէն է, որ միշտ ալ նեցուկ եղաւ մեզի ներկայ արցախեան հիմնահարցին մէջ: Անդրէաս եւ իր բարեկամները քաջատեղեակ էին արցախեան հիմնահարցին: «Արցախի ժողովուրդը արժանի է իր արդար իրաւունքին», ըսաւ Անդրէաս:

Երկու սեղաններու շուրջ նստած էինք եւ կը շարունակէինք մեր զրոյցը: Սեղաններուն դիմաց կար մեծ ապակի մը, ուր կրնայիր տեսնել սրճարանին դուրսի կողմերը: Իսկ դուրսը` սրճարանին հանդիպակաց կողմը, կ՛երեւէր Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը:

«Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը շատ կարեւոր դպրոց մըն էր ոչ միայն հայերուն, այլ նաեւ Կիպրոսի համար», ըսաւ Անդրէաս: «Չեմ կրնար հասկնալ, թէ իբրեւ հայեր` ինչպէ՛ս գոցեցիք այս դպրոցը»:

Անդրէասի եւ իր բարեկամներուն հետ ունեցանք նաեւ հաճելի խօսակցութիւն` կրթական ոլորտին վերաբերեալ: Երեքն ալ ուսեալ եւ բանիմաց կիպրացիներ էին, որոնք կեանքին մէջ ձեռք ձգած են բաւական փորձառութիւն եւ փորձ: Անդրէաս ինծի նայեցաւ եւ մատով ցոյց տուաւ Մելգոնեան հաստատութիւնը ապակիէն անդին եւ ըսաւ.

«Այս դպրոցը կրկին պիտի բանաք»:

Պատուէ՞ր, թէ՞ մարտահրաւէր…

Հրաժեշտ առինք երեք կիպրացի բարեկամներէն, բայց նոյնքան` յագեցած ազգային-կրթական թէ տեղական խորքային զրոյցէ մը ետք:

Կարելի չէր չմտածել այդ կիրակի օր արծարծուած բոլոր միտքերուն մասին: Բայց մանաւանդ` Անդրէասի պատուէրին մասին…

Շատ բան խօսուեցաւ եւ գրուեցաւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան փակման եւ անոր առաքելութեան դադրեցման առնչութեամբ: Քննարկումներ, քննադատութիւններ, նեղուած ու բորբոքած տրամադրութիւններ, կեցուածքներ ու տակաւին այլ բաներ: Եթէ առաքելութիւնը կասեցուած է, բայց շէնքերը տակաւին հոն են` Նիկոսիոյ մուտքին: Եւ կարելի չէ, որ չտեսնեմ այս շէնքերը գէթ իւրաքանչիւր օր, երբ կը գտնուիմ Կիպրոս, նկատի ունենալով, որ իմ տունս մօտիկ է դպրոցին: Եւ փակուած շէնքերը կը խօսին… Եթէ Անդրէասի միջոցով, բայց նոյնքան նաեւ` իմ ներսիդիս…

«Այս դպրոցը կրկին պէտք է բանաք»:

Մելգոնեան կրթական հաստատութեան փակուելէն ետք շատ բան փոխուեցաւ մեր ազգային եւ համահայկական ու համասփիւռքեան կեանքերուն մէջ` քիչ մը ամէն տեղ: Դպրոցի առաքելութիւնը կասեցուած է, բայց` ոչ երբեք մեր ներհայկական ու համասփիւռքեան կեանքերուն տարբեր ոլորտները: Մեր կեանքերը` իրենց յոյզերով, յոյսերով եւ տագնապ-ընելիքներով, տակաւին շատ արագ կը փոխուին, եւ նոր իրավիճակներ կը ստեղծուին: Եւ այս բոլոր նոր իրավիճակներուն մէջ կան նոր տեսիլքներ ծանրացնող պայմանները եւ պահանջները:

Հայաստան-Արցախ մեր միասնական հայրենիքը կ՛ապրի մեծ տագնապներ: Միջին Արեւելքի կոտտացող վէրքերը շատ են: Սփիւռք(ներ)ը ունի(ն) ծանրացող եւ դժուար օրակարգեր: Օրակարգեր, որոնք մեծ են եւ կը պահանջեն ուժ ու կարողականութիւն:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, երկրորդ յաջորդական տարին ըլլալով, կը հրաւիրէ մեզ բոլորս` վերանայելու մեր սփիւռքեան իրականութիւնները եւ լիցքաւորելու զանոնք նոր տուեալներով` ի խնդիր հայապահպանումի եւ մեր կեանքերուն բարելաւումին համար: Այս իմաստով իւրաքանչիւր սփիւռքահայ գաղութ ունի իր կարեւոր պարտականութիւնը` վերանորոգելու ու վերանայելու իր առաքելութիւնը եւ ազգային հաստատութիւններուն ու կառոյցներուն տալու նոր սլացք: Բայց նաեւ կայ անհրաժեշտութիւնը մեր համահայկական կեանքերը համադրելու եւ բոլորը զիրար շաղկապելու` մէկ կողմէ սփիւռքեան իրականութիւններու, բայց նոյնքան նաեւ` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք եռամիասնութեան ընդմէջէն: Հոս պէտք է նայիլ-վերանայիլ մեր իւրաքանչիւր միաւոր-հաստատութեան եւ անոր արժէքին, ինքնութեան, տեղին եւ դերին մէկ կողմէ նոյն գաղութի կեանքին համար, բայց նաեւ` համահայկական իրականութեան մէջ: Ներկայ օրերու մեր կեանքերը շատ աւելիով իրարու հետ կամրջուած են, ուր պատեհութիւններ եւ կարելիութիւններ-կարողականութիւններ կարելի է նոյնպէս ներմուծել աշխարհագրական մէկ սահմանէ միւսը:

Եւ կիպրական դիտանկիւնէն, կան ներկայ օրերու հարցումները: Եւ այս` մեկնելով մէկ կողմէ կիպրահայ իրականութենէն, բայց նոյնքան նաեւ` համահայկական վիճակէն:

Արդեօք Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը տակաւին իր տեղը-դիրքը ունի՞ (եւ տակաւին կրնա՞յ ունենալ) մեր համահայկական ու հայապահպանումի նոր առաքելութիւններուն մէջ: Երբ բոլորս պարտականութիւնը ունինք վերատեսութեան ենթարկելու մեր սփիւռքահայ կեանքերը տարբեր ոլորտներու ընդմէջէն կազմակերպելու ձեւերը:

Այս իմաստով, պիտի կարենա՞նք գիտական-առարկայական ու քննական մօտեցումներով եւ ազգային համապարփակ պրիսմակէն մեկնելով` նայելու-վերանայելու…

Թէ ճի՞շդ էր կամ սխալ, որ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը փակուեցաւ…

Եթէ ճիշդ էր, մինչեւ օրս չտեսանք տակաւին զայն փոխարինող այլ նախաձեռնութիւն մը, որ պիտի գար լեցնելու մեր հայկական կեանքերու նոր պահանջները իրենց նոր տուեալներուն ընդմէջէն: Վերջապէս, հայուն կեանքը կը շարունակուի եւ ան չէ կեցած: Եւ շարունակուող կեանքը կարիքը ունի նոր տուեալներու` ապահովելու համար ազգային մեր կեանքերուն շարունակականութիւնը: Եթէ պիտի փակենք մէկ միաւոր, նոյնպէս պիտի կարենանք նոր նախաձեռնութիւն մը մէջտեղ բերել-փոխարինել, կամ` գտնել այլ միջոց մը, որ պիտի նպաստէ մեր կեանքերու կազմաւորումին` նոր տուեալներու ընդմէջէն:

Եթէ սխալ էր… Այս պիտի նշանակէր, որ պարտինք ընդունիլ մեր սխալը… Սխալը ընդունիլը վեհանձնութիւն է եւ ոչ երբեք` ամօթ: Սխալը ընդունիլը վեհանձնութիւն է, քանի որ առիթը կու տայ վերանայելու նոյնինքն սխալին, սրբագրելու զայն եւ նոր եռանդ ու լիցքաւորում տալու` մեկնելով մեր ազգային կեանքերուն պարտադրած նոր իրավիճակներէն: Ի՛նչ խօսք, որ մեր ազգային կեանքին նոր իրավիճակները բազմազան են եւ բազմաթիւ… Պիտի կարենա՞նք այս վեհանձնութիւնը ցուցաբերել եւ ստեղծել նոր կեանքի գործընթաց մը, ուր Մելգոնեան կրթական հաստատութեան միջոցով կիպրական-կիպրահայ եւ համահայկական մեր կեանքերուն կարելի ըլլայ տալ նոր դրուածք` նոր առաքելութեան մը ընդմէջէն:

Մելգոնեան կրթական հաստատութեան առաքելութիւնը կասեցուած է, բայց շէնքերը տակաւին կանգուն են: Այս շէնքերը կը խօսին տակաւին: Եւ Անդրէասը կը պատուիրէ… «Այս դպրոցը կրկին պիտի բանաք»:

Եւ «կրկին բանալու» մէջ կայ նոր տեսիլքի իրագործումը: Նոր տեսիլքը` նոր իրավիճակներու մէջ: Եւ նոր իրավիճակները կերտելով է, որ հայուն պատմութիւնը պիտի դնենք շարունակական գործընթացի մէջ:

«Այս դպրոցը կրկին պիտի բանաք»:

Անդրէասին պատուէրը:

Հայուն մարտահրաւէրը:

Դոկտ. Հրայր ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Նիկոսիա, 5 սեպտեմբեր 2023

Դիտվել է՝ 3869

Մեկնաբանություններ