Բրիքսը․․․ հայ-ադրբեջանական անորոշ, անձեւաչափ, աներաշխիք բանակցային գործընթացը, սահմանազատման անսկզբունք ու անկանոն կանոնակարգումը․․․ պտտում են գլխումս։ Եւ մտատանջութիւնների այս թնջուկը պատճառ է հանդիսանում վերստին մտաբերել հայ յեղափոխական գործիչ, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ռազմական նախարար, ՀՅԴ բազմամեայ ղեկավարներից՝ Ռուբէն Տէր Մինասեանի (1882-1951թթ․) վերլուծական մտքերը, որոնք նա ամփոփել է 1926թ․, որոնք եւ ցանկանում եմ կիսել ընթերցողների հետ․
«Եզրակացութիւն․
1․ Գանձակի նահանգը ամբողջութիւն մը չի կազմեր, ոչ պատմական, ոչ տնտեսական, ոչ աշխարհագրական եւ ոչ ալ ազգագրական տեսակէտէ։
2․ Անոր բաղկացուցիչ չորս տարբեր շրջաններէն՝ լեռնային Գանձակն ու Ղարաբաղը կը կազմեն մէկ միութիւն ամեն տեսակէտով:
3․ Այդ շրջանին բնակիչներն են հայերը, որոնք բազմիցս իրենց կամքը յայտնած են միանալու Հայաստանին, իբրեւ անոր օրկանական մասը, եւ եթե մինչեւ հիմա չեն հասած իրենց նպատակին, պատճառը Ատրբեյջանի նուաճողական ձգտումն է եւ խորհրդային իշխանութեանց «աչառու» ընթացքը դէպի հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը:
4․ Այդ աչառու ընթացքը կը բխի խորհրդային իշխանութեան «Բաժանեայ զի տիրեսցես»-ի քաղաքականութենէն:
«Ի՞նչ պիտի ըլլայ հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի դիրքը այդ դժբախտ կացութեան հանդէպ։ Խիստ որոշ եւ վճռական՝ Հայ ժողովուրդը եւ անոր վարիչները առանց տատանումի պիտի կանգնին լեռանային Գանձակն ու Ղարաբաղը Հայաստանին միացնելու տեսակէտին վրայ, ինչպէս կանգնած է այդ երկրամասի բնիկ ժողովուրդը:
«․․․ Ներկայ Հայաստանը խիստ փոքր է իբր քաղաքական ազգակ, եւ կշիռը չի համապատասխաներ հայ ժողովուրդի թիւին եւ որակին։ Ղարաբաղ եւ Գանձակ ունենալով 9600 քառ. վերստ տարածութիւն (շուրջ 12,000քկ - ԿԽ), գրեթէ Հայաստանի աւելի քան մէկ երրորդը կը կազմէ իր մեծութեամբ: Կարելի չէ արհամարել այդ առաւելութիւնը:
«․․․ Այդ լեռնագաւառները աշխարհագրականօրէն Հայաստանի մաս կը կազմեն․․․ սահմանապահն են Հայաստանին, եւ իրենց ամուր շղթաներով կը կազմեն Հայաստանի ողնայարը, առանց այդ լեռներուն մեր լեռնանցքները բաց են հիւսիսէն եւ արեւելքէն՝ Իջեւան-Դիլիջան շրջանները կախուած են օդին մէջ, Զանգեզուրը վտանգի տակ է, իսկ Բայազիտը (Սեւանի աւազանը - ԿԽ) բաց ասպարէզ շահատակման:
«․․․ Զոհել Ղարաբաղի եւ Լեռնային Գանձակի մօտ 200,000 հայութիւնը․․․ կը նշանակէ դաւաճանել ոչ միայն լեռնային Գանձակին եւ Ղարաբաղին, այլ եւ Հայաստանին եւ անոր ժողովուրդին․․․ Յիշեալ գաւառները ինքնաբաւ են. ոչ նիւթապէս, ոչ բարոյապէս բեռ պիտի ըլլան Հայաստանին։ Ընդհակառակն՝ այդ գաւառներով մեր երկիրը հոգսէ կ’ազատի հիւսիսի եւ արեւելքի վտանգներուն դէմ համաթուրանական ծովու մէջ, եւ միայն դէպի հարաւ նայելու պարտականութիւն կ’ունենայ:
«․․․ Բացորոշ պէտք է ըլլայ բոլոր հոսանքի հայերու համար։ Անոնք որ միացեալ Հայաստանի գաղափարը ունին, զայն իրագործելու համար, նախ պիտի ամրացնեն իրենց կռուանը ներկայ Հայաստանի մէջ։ Անոնք որ բուրժուական խաւերուն կը պատկանին եւ չեն ընդունիր միացեալ Հայաստանը, բայց հայերը կը նկատեն յառաջապահը Մեծն Ռուսաստանի, անոնք ալ պէտք է հասկնան, որ յառաջապահ ըլլալու համար, նախ պէտք է թիկունքը ապահովել Ղարաբաղ-Գանձակէն։ Այս կէտը նոյնքան կը պատշաճի բոլշեւիկ հայերուն, որոնք համամարդկային յեղափոխութեան երազն ունին եւ հայ ժողովուրգը կը նկատեն յառաջապահը Մերձաւոր Արեւելքի, պէտք է նախ այդ ժողովուրդը ապահովել համաթուրանական, թաթարական վտանգներէն, որոնց դառնութիւնը եւ վէրքը այնքան խոր է:
«ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իբրեւ հայ ժողովրդի յոյսի եւ հաւատի խտացումը, չէ դաւաճանած Գանձակ-Ղարաբաղցիին, ընդառաջ է գացած անոր բաղձանքին, եւ ամէնէն տագնապալի վայրկեանին իսկ չէ մոռցած զայն: Այսօր ալ իր հալածական վիճակին մէջ, իր ծրագրին մէջ ունի հին Արցախի գաւառներուն ազատագրումը: Այդ ծրագիրը ինք չէ յղացած, այլ քաղած է Ղարաբաղի ժողովուրդին կամքէն։
«Ինչ որ ալ ըլլայ, ուշ-կանուխ այդ գաւառները Հայաստանի մասը պիտի կազմեն»:
(Դրօշակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրգան, Փարիզ, 1926 փետրուար, No 2, էջ 51-52)
Կարէն ԽԱՆԼԱՐԵԱՆ