Երանի՛ կարենայինք կեանքի բանատեղծականութիւնը միայն խորապրիլ, ըմբոշխնել բնութեան, տիեզերքի հրաշք-գեղեցկութիւնները, վեհանալ, ազնուանալ, առանց մտնելու քաղաքական կեանքի անբարոյական նենգութիւններուն մէջ, ուր ամէն ինչ հաշիւ է, շահ եւ առեւտուր, ուժի գերակայութեան խնդիր է, իշխանատենչութիւն է: Կրնա՞յ մարդ էակը անվրդով ապրիլ իր կեանքը եւ անձնատուր ըլլալ միայն ՍԻՐՈՅ, ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԵԱՆ, ՎԵՀՈՒԹԵԱՆ, ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ վսեմագոյն առաքինութիւններուն: Եթէ քաղաքականութեամբ չզբաղիս, կ'ըսէ առածը, քաղաքականութիւնը կը զբաղի քեզմով: Այո՛, քանզի մարդ էակը քաղաքական անասուն մըն է, ինչպէս ըսած է հելլէն փիլիսոփան՝ Արիստոտէլը: Եւ փախուստ չկայ քաղաքականութենէն, ուր դժբախտաբար հանդիսադրուած են մարդուն յոռեգոյն կիրքերը: