Ներքին տեսողութիւնը նոյնքան կարեւոր է, որքան արտաքինը, քանզի անիկա է, որ անմիջապէս կը տեսնէ կեղծն ու անկեղծը, սխալն ու ճիշդը, տգեղն ու գեղեցիկը, կը զգայ վտանգը, չարն ու բարին եւ այսպէս շարունակ: Ներքին տեսողութիւնը կարելի է նաեւ անուանել յայտնատեսութիւն, որ կեանքը ճիշդ ապրելու մեր ուղեցոյցներէն մէկն է, որքան ալ գործնապաշտ մարդիկ ստորագնահատեն անոր էական դերակատարումը: