Անոնք կը լսէին Պանի սրինգը անտառէն ու փոշոտ ճամբաներուն վրայ կը փնտռէին հետքերը անոր այծի ոտքերուն: Անոր կճղակներուն դրոշմները կը տեսնէին նոյնիսկ իրենց պարտէզներուն ու աղբիւրի ճամբաներուն վրայ:
Մարդիկ ինչքա՜ն իմաստուն էին, Տէ՜ր, որ Արարատեան դաշտին մէջ կը տեսնէին մշուշային կերպարանքը Վանատուրին, որ կը հսկէր ցանքին, ծիլին, հունձքին, հողին՝ մտածկոտ ու կը վարէր համանուագը ծղրիթներուն:
Արօտավայրերուն մէջ արածող խաշինքները կը ճանչնային Վանատուրի կերպարանքը, երբ իրենց մօտէն կþանցնէր: Ան երբեմն ալ կը յայտնուէր կալերուն մէջ՝ լուսնկոտ գիշերներուն:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ