Մարդը կը հաւատայ Քեզի, Տէ՜ր, որ այնպէս, ինչպէս զինքը կեանքի մէջէն կþառաջնորդես, նոյնպէս ալ անոր ձեռքէն բռնած պիտի առաջնորդես զայն մահուան հովիտէն՝ նոյն արեւին, նոյն զգայարանքներու համանուագին: Երբ կատարեալ ես եւ իմաստուն կեանքին մէջ, կը հաւատանք, որ նոյնպէս իմաստուն ես մահուան մէջ:
ՈՒ դալկահար փնտռեցին Քեզ, երբ օր մը հեռացար անոնց մարմնի տաճարէն՝ հոգիի կերպարանքով: Անոնք փնտռեցին Քեզ եղերական երգերով՝ նման այն գառնուկներու հօտին, որ կորսուած է հովտին մէջ ու գայլերու ոռնումը կայ ձիւնախառն փոթորիկին մէջ:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ