Դուն բոլորին համար եղած ես ներդաշնակ համանուագ մը: Եղած ես իշխանին, ծառային, բանուորին, գողին, անմիտին: Եղած ես ներդաշնակութիւն սատանային ու հրեշտակին, անմեղին ու մեղաւորին ճիշդ այնպէս, ինչպէս եղած ես ներդաշնակութիւնը իմ զգայարանքներուն, արցունքին ու ժպիտին: Ներէ՜, Տէ՜ր, որ մարդը՝ լեցուն Քու համանուագով, չհաւատայ, որ կրնան այդ համանուագին լարերը կտրիլ յանկարծ:
Դուն, որ, Տէ՜ր, բարկ արեւի ճառագայթում մը եղած ես, ու Քեզմով սնած ու ուռճացած է կենսունակութիւնը զգայարանքներուն, ներէ՜, որ մարդը պահ մը չհաւատայ, որ կրնայ յանկարծ պաղիլ այդ հրաբորբոք արեւը ուղեղին:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ