Տու՜ր ինձ, Տէ՜ր, իմաստութիւնը, որ սիրեմ իմ անձը:
Երբ իմ անձը սիրելու կատարելութիւնն ունենամ, այն ատեն պիտի սիրեմ իմ դրացին ու հեռաւորը:
Անոնք միայն վիշտ կը պատճառեն եւ վէրք կու տան, երբ իմաստութիւնը չունին իրենց անձը ըմբռնելու: Եթէ ես կը կսկծամ իմ եղունգի ցաւին համար եւ անքուն գիշերներ կþանցընեմ, ինչպէ՞ս կրնամ ցաւ ու վէրք պատճառել իմ նմանին:
Տու՜ր ինձ իմաստութիւնը, Տէ՜ր, որ մտերմանամ իմ ես-ին հետ, սիրեմ իմ անձը: Այն ատեն ոչ միայն պիտի կրնամ ըմբռնել իմ դրացին ու հեռաւորը, այլեւ պիտի կրնամ ըմբռնել Քեզ, Տէ՜ր:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ