Բանաստեղծը միշտ ալ ճախրանքը կþունենայ տալու իմաստը արեւին, կանանչին, կնոջ ժպիտին, արցունքին, կապոյտին, այն բոլոր բաներուն, ուր Քու իմաստութիւնը կայ եւ կան անծանոթ լեզուի մը տառերը շողական:
Երաժիշտը յօրինեց իր երգը հզօր՝ նուաճելու համար լռութիւնը անսահման, եւ սակայն ծովաճայերուն ճախրանքէն անդին չկրցաւ անցնիլ:
Քանդակագործը, մուրճը ձեռքին, մօտեցաւ մարմարին: Գիտնականը մտիկ ըրաւ անծանօթ լռութեան մէջ կայծող հիւլէի՝ կանանչ շողումներուն:
Անոնք բոլորը, բոլորը կþուզէին մօտենալ Քեզի, Տէ՜ր: Անոնք կը հաւատային, որ ամէն մէկ ստեղծագործութիւն նուաճում մըն է լռութեան ու Երկնքին:
Ծովաճայերու թեւերով, ծովաճայերու շնորհալի թեւերով...
ՀԱՄԱՍՏԵՂ