Լռութիւնը հոգիներուն մէջ անեզր ովկեան մըն է, եւ մենք ծովաճայերու նման անոր եզերքներուն վրայ է, որ կը ճախրենք: Ինչպէս որ ծովաճայերու շնորհալի թեւերը չեն կրնար նուաճել անջրպետը ովկեանին, այնպէս ալ մենք չենք կրնար նուաճել լռութիւնը, որ կայ մեր հոգիներուն մէջ:
Մարդիկ կը տիրապետեն ծովին, ցամաքին, անտառին, վայրի գազանին, անհորիզոն միջոցին, կը տիրապետեն իրարու եւ, սակայն, անզօր են տիրապետելու լռութեան, տիրապետելու իրենց հոգիին, Տէ՜ր, որովհետեւ այդ լռութիւնը Քու աստուածային սահմաններուն մէջ է:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ