Մեծագոյն իմաստութիւնը լռութեան մէջ կը հասունանայ, ինչպէս նաեւ մեծագոյն սէրն ու վիշտը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս մութին ու լռութեան մէջ կը կազմաւորուին թեւը թիթեռնիկին եւ գոյնը ծաղիկին:
Ինչպէ՜ս ըմբռնել, Տէ՜ր, հովուերգութիւնը, որ կայ ծաղիկի սերմին մէջ:
Ինչպէ՜ս ըմբռնել դիւցազներգութիւնը կճեպաւոր կուտին, որուն մէջ թաքնուած է ոյժը կաղնիին եւ անոր ձգտումը դէպի երկինք:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ