Անոնք ուզեցին երաժշտութիւնով իմանալ Քու ձայնը: Եվ սակայն Դուն միշտ լուռ մնացիր: Անոնք ուզեցին մարմարին մէջ բռնել Քու կերպարանքը, Տէ՜ր, եւ, սակայն, Դուն անկերպարան մնացիր՝ նոյնպէս մարդոց հոգիներուն պէս:
Մարդիկ, առաջին անգամ ըլլալով, այդ լռութեան մէջ զգացին յաւիտենականութիւնն ու խորհուրդը, այն խորհուրդը, ուրկէ իր խմորումը կը ստանայ մարդկային ուղեղը եւ կը ներդաշնակուի զգայարանքներուն հետ: ՈՒ անկախ մեր կամեցողութենէն միշտ ալ լռութիւնն է, որ արդար դատաւորի մը պէս մեզ կը կառավարէ ու մեր քայլերը կþառաջնորդէ: Եթէ մենք թերի ենք, որովհետեւ իմաստուն չենք մտիկ ընելու մեր հոգեկան լռութեան, հաղորդակցելու համար Քեզի հետ, Տէ՜ր:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ