Եւ վա՜յ անոր, որ չի շիներ այդ տաճարը իր հոգիին, իր զգայարանքներուն ճարտարապետութիւնով: Բայց ես կը տխրիմ, Տէ՜ր, որովհետեւ գիտեմ, որ օր մը պիտի փլի այդ տաճարը եգիպտական հին տաճարներուն նման, որոնց սիւները կան միայն, արձաններ՝ իրարու վրայ ինկած, ուրկէ հեռացեր են աստուածները:
Գիտեմ, որ Դուն եւս պիտի հեռանաս, Տէ՜ր, այն ատեն, երբ մարած է իմ տաճարին կանթեղը, ու պատրոյգին շուրջ սարդի թելեր կան ձգուած: Այն ատեն, երբ կը ճեղքուին պատերը, երբ սիւները իրարու վրայ կը յենուին, երբ կը փլչին գմբէթն ու զանգակատունը:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ