Եթէ իմ տկար ձայնով երգեմ գեղեցկութիւնը կանանչին վրայ ինկած արեւին, Քեզ է, որ կը փառաբանեմ, Տէ՜ր: Աղօթքի մը ջերմութիւնը կþունենամ, երբ իմ ձեռքը խնձորենիի ծաղիկին կþերկարեմ, եւ ինծի այնպէս կը թուի, թէ հրեշտակի մը թեւերուն հպանքը կը զգամ: Ինծի այնպէս կը թուի, թէ Քու ձայնը կը լսեմ, Տէ՜ր, երբ լճակի մը գեղեցկութիւնը զիս իր մօտ կը կանչէ: Ինչպէս Քու բոլոր ստեղծագործութիւններուն մէջ Դուն կաս, Դուն կաս նաեւ իմ մէջ: Քուկդ է ոյժը, գեղեցկութիւնը իմ զգայարանքներուն, որոնցմով երջանիկ եմ, եւ իմ օրերս կþըլլան առաւօտ, կþըլլան երեկոյ:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ