Վա՜յ ինձ, Տէ՜ր, որ առանց Քեզի նմանեցայ այն ջրաղացքին, որուն ջուրը ցամքեցաւ ու շողտան քարերուն վրայ սարդերն իրենց թելերը ձգեցին:
Վա՜յ ինձ, Տէ՜ր, որ չգնահատեցի իմ օրերուն արեւը, որ ամէն առաւօտ պատուհանիս վրայ կը ցաթէր: Հազար անգամ վա՜յ, Տե՜ր, որ ատելութիւն ունեցայ ու կիրքով անկողին գացի, եւ իմ երազները՝ գունաւոր հեռացան ընդմիշտ իրենց բոյները լքող աղաւնիներուն պէս:
Վա՜յ ինձ, որ յաճախ անցար իմ քովէն, ու ես չճանչցայ Քեզ, Տե՜ր:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ