Տու՜ր ինձ խաղաղութիւնն իրական, որ լսեմ ոսկեջրուած մեղուին ձայնը ծաղիկի բաժակին շուրջ: Տու՜ր ինձ լուսնկոտ գիշերներու լռութիւնը, որ լսեմ հասունցած խնձորին իյնալը կանանչին վրայ ցօղաւոր:
Տու՜ր ինձ խաղաղութիւնը, Տէ՜ր, ուր խխունջն իր իր փոքրիկ եղջիւրները կþերկարէ եւ անանուխի բոյրով թաց հողին վրայ դանդաղ կը շարժի, արեւաժամացոյցի մը իմացականութեամբ՝ օրացոյցը հողին, լուսնի խաւարումին, հունձքի առատութեան եւ երաժշտութեան: Այդ խաղաղութեան մէջ միայն պիտի կարենամ զգալ Քու շունչը, զգալ Քու մտերմութիւնը, Տէ՜ր:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ