Վա՜յ ինձ, որ մարդոց մոլուցքին մէջ ինկայ, անոնց հետ արշաւեցի, եւ ատելութիւնը, ագահութիւնը, նախանձը մտրակեցին զիս դեւերու պէս:
Վա՜յ ինձ, որ դագաղակիրն եղայ գեղեցիկ բաներուն եւ պատերազմի դաշտը քշուեցայ՝ սպաննելու կատաղութիւնով ու դիւային քրքիջով:
Վա՜յ ինձ, որ երազներս խանգարուեցան երկաթի աղմուկներով, շոգեկառքերու երկաթեղէն արշաւանքներով եւ սաւառնակներու մոլեգին կռիւներով: Խանգարուեցան իմ երազները սպանդանոցներու մէջ մորթուող անհամար արջառներու բառաչներով:
Ես խաղաղութիւն չունեցայ՝ մտածելու կապոյտին, աստղերու մասին եւ այդ խաղաղութեան մէջ լսելու Քու ոտնաձայնը, Տէ՜ր:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ