Երբ վերադարձայ խնճոյքին, տեսայ, որ գինիին ու կիներուն մարմնեղէն համանուագը, որ տարածուած էր մարմնիս մէջ, դանդաղեցաւ, եւ հետզհետէ աւելի պայծառացաւ ծանր դէմքը մուրացկանին: Տեսայ խոր գծերը անոր դէմքին, որուն վրայ մարմարին իմացականութիւնը կար: Տեսայ նաեւ անոր ծանր, ծերացած ձեռքերը, որ կարծես մաշած էին Աւետարանի էջերը թերթելով իւղի կանթեղին առջեւ: ՈՒ ես յանկարծ հեռացայ կոչնականներէն, դուրս նետուեցայ գլխաբաց՝ մուրացիկին ոտքերուն հետքերը փնտռելու ձիւնին մէջ: Ինծի այնպէս թուեցաւ, որ մուրացիկը հրաշքով մը աներեւութացած էր, հրեշտակները կարծես երկինք տարեր էին զայն, ու ձիւնը գոցեր էր անոր ոտքերուն հետքերը:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ