Անբիծ սպիտակութիւնով ձիւնը իջած էր մուրացիկի գլխուն, ուսերուն վրայ, եւ ցուրտ հով մը կարծես փոթորկած էր անոր մօրուսը:
«Ի՞նչ պիտի ըսեն իմ յարգոյ պարոնայք եւ տիկնայք կոչնականներս,- ըսի ինքնիրենս,- երբ ներս առնեմ այն մուրացիկը, որուն մօրուսն ու գլխուն մազերը խռիւ, կարծես ժանգ կապած էին»:
Եւ փակեցի դուռը, ես՝ մեղաւորս, ես՝ անկատարս:
Երբ փակեցի, ան չդժգոհեցաւ: Աչքերուն, դէմքին վրայ ներողամիտ ժպիտ մը երեւցաւ, ու ան հեռացաւ:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ