Ինծի հետ էիր իմ ուրախութեան ու իմ տխրութեան օրերուն: Զիս չլքեցիր, երբ չար եղայ, մեղաւոր եղայ, երբ քարայրի մարդուն՝ աւազակելու, սպաննելու, յափշտակելու Ադամայ մեղքը զգացի իմ մէջ: Դուն չյուսահատեցար, Տէ՜ր, ու չլքեցիր զիս, երբ մինչեւ իսկ Քու գոյութիւնը ուրացայ:
Աղօտեցան դէմքերն իմ բարեկամներուն, եւ, սակայն, Դուն ինծի հետ մնացիր ու բուժեցիր վէրքերն իմ՝ թշնամիներէն ստացած: Ինծի սորվեցուցիր, որ ներեմ անոնց:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ