Օ՜հ, ես տեսած եմ կոյրի մը դէմքին բերկրանքը եւ իմաստութիւնն անսահման, երբ ձեռքը ուսիս՝ կը քալէր ինծի հետ ու ծովաճայերու ճուացող ճախրանքներուն մէջ կը զգար դիւցազներգութիւնը ծովին ու կապոյտը երազային:
Տէրը իմ հետն է, եւ ես կը քալեմ առանց երկիւղի, որովհետեւ իմ կեանքը աւելի իրական է ու աւելի ճշմարիտ: Ճշմարիտ՝ Յիսուսի մարմնին պէս, որ բաժնուեցաւ որպէս նկանակ: Իրական՝ նոյնպէս Յիսուսի արիւնին պէս, որ մատուցուեցաւ որպէս գինի:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ