16.02.2018|
00:06
ՈՒ երբ սկսայ ծառի մը գեղեցիկ կերպարանքով խանդավառուիլ ու դիտել շարժումները շերեփակոր թիթեռին, երբ տխրեցայ ծաղիկի բաժակէն վար ինկած ոսկեղէն մեղուի մը մահով, երբ շրթներս գարունի առաջին ծաղիկին մօտեցուցի արցունքով մը կենարար, երբ գարունը սկսաւ թռվռալ իմ մէջ արտոյտի մը թեւերուն ու երգին պէս, այն ատեն, Տե՜ր, ես ներեցի բոլորին, բոլորին, որ ինծի վիշտ տուած էին: