ՈՒկրաինայի հետ Թուրքիայի ռազմատեխնիկական համագործակցությունը տարակուսելի է՝ Hurriyet թերթին տված հարցազրույցում հայտարարել է ՌԴ ԱԳ նախարար Սերգեյ Լավրովը. «Թուրքական զենքն օգտագործվում է ՈՒկրաինայի զինված ուժերի կողմից ռուս զինվորականների և խաղաղ բնակիչների սպանության համար։ Սա չի կարող տարակուսանք չառաջացնել թուրքական ղեկավարության կողմից միջնորդական ծառայություններ մատուցելու պատրաստակամության մասին հայտարարությունների ֆոնին»,- շեշտել է Լավրովը։               
 

Երկչոտութիւն, թէ՞ զգաստութիւն

Երկչոտութիւն, թէ՞ զգաստութիւն
15.01.2024 | 23:16

Ռոթըրտամ, Նետերլանտեր, հոկտեմբեր 2023։

Առիթը ունեցած եմ յաճախակի կերպով գտնուիլ Ռոթըրտամ։ Նետերլանտները որպէս երկիր կը գերազանցեն իրենց գեղեցկութեամբ ու տակաւին ջրանցքները, որոնք կ՚անցնին բոլոր քաղաքներուն մէջէն եւ որ երկրին կուտան յաւելեալ գեղեցկութիւն։ Նետերլանտները լերներ չունին բայց կանաչ մարգագետիները եւ ծառերը բաւարար չափով կը ստեղծեն հմայք։ Ու տակաւին ոչխարները, արջառները, ձիերը եւ թռչուններու տեսակները՝ տարածուած ամէն կողմ, երկրին կուտան հրապուրիչ տեսք։ Չեն ուշանար ենթադրութիւններդ, թէ այս երկրին մէջ մարդիկ ուրախ եւ հանգիստ են։

Ռոթըրտամի կեդրոնական հրապարակին վրայ տեսայ արձան մը որ կը մարմնաւորէ երիտասարդ տղայ մը որ կքած է ինք իր մէջ։ Արձանը ցոյց կուտայ անոր յուսահատ եւ յուսախաբ ըլլալու իրականութիւնը՝ իր կեանքէ՞ն, երկրի վիճակէ՞ն, տիրող մթնոլորտէ՞ն։ Արձանին ետեւի կողմը կար այս գրութիւնը. «Անձնասպանութիւնը առաջին գլխաւոր պատճառն է մահուան՝ ի մասնաւորի երիտասարդութեան մօտ եւ յատկապէս երեսուն տարիքէն վար եղողներուն»։

Եւրոպայի այս գեղեցիկ եւ տնտեսապէս հարուստ երկրին մէջ մարդիկ՝ յատկապէս երիտասարդներ, ուրախ չեն։ Անոնք կքած են կեանքի յոյզերուն տակ եւ կը դիմեն անձնասպանութեան։ Եթէ երիտասարդներու մօտ այս իրավիճակը ընդհանրացած երեւոյթ է, կառավարութիւնը այս արձանին նման միջոցառումներու կը ձեռնարկէ՝ փորձելով արթնութիւն եւ զգաստութիւն ստեղծել հաւաքականութեան մէջ։

Շարունակեցի կենալ հոն եւ խոկալ այս արձանին միտք բանիին վրայով։ Եթէ մտածեցի որպէս հայ՝ հայրենիքին եւ Արցախին իրավիճակներէն մեկնելով, բայց նաեւ որպէս լիբանանցի ու արաբական աշխարհի մէջ ապրող անհատ, հարցերը ու տագնապները մէկը միւսին ետեւէն կը հալածեն զիս-մեզ եւ կը մղեն բոլորս ընկրկումի, յուսահատութեան եւ յուսախաբութեան։

Յուսահատ ենք, որպէս հայեր եւ յուսախաբ ենք մեր ազգային, հաւաքական, հայրենի, եւ Արցախեան կեանքերուն մէջ զարգացած ու զարգացող իրավիճակներէն։ Մենք ալ կքած ենք մեր ներկայ ողբերգութիւններուն տակ։ Արցախը կորսնցուցինք, մարդկային շատ զոհեր ունեցանք, Հայաստանի վիճակը անկայուն եւ բախտորոշ եւ սփիւռքահայ մեր շատ մը գաղութները կ՚ապրին տագնապալի օրեր։

Յուսահա՞տ ենք։ Այո։

Յուսախա՞բ ենք։ Այո։

Պիտի մնա՞նք այս վիճակին մէջ։ Եթէ ոչ, ի՞նչ պիտի ընենք։

Միասնականութիւնը եւ խօսքէն իրական գործի եւ կեանքի վերածելու հեռանկարները շատ փայլուն եւ մօտալուտ չեր երեւնար տակաւին։ Ինչ որ ալ ըլլայ մեր ներկայ օրերու անընդունելի իրավիճակները, պիտի չի յուսահատինք համահայկական միտք-գործ իրականացնելէ Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք երամիասնութեան տեսլականով։ Եթէ այսօր Արցախի հողը կորսնցուցինք բայց ոչ հոգին։

Հերի Գունտագճեանը համաշխարհային վաստակ ունեցող լուսանկարիչ եւ լրագրող էր։ Հերին եւ հայրս զարմիկներ էին։ Հերի կ՚ապրէր Սուրբ Նշան եկեղեցիին թաղամասին մէջ՝ Պէյրութ, եւ որուն հանդիպակած կողմը «Ուատի Ապու Ճեմիլ»ն էր։ Պատանեկան տարիներուս, 1960-ական տարիներուն, այս թաղը կը կոչէինք «հրեաներու» թաղ։ Բաւական թիւով հրեաներ կ՚ապրէին հոն։ 1967-ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմի նախօրեակին, հրեայ բնակչութիւնը բոլոր թաղամասը պարպեցին առանց որ որեւէ մէկը իմանայ։ Մեր ընտանեկան մէկ հանդիպումին, Հերի ըսաւ հօրս. «Վահէ, երկար տարիներու լուսանկարչական ասպարէզիս մէջ ասոր նման իրողութիւն մը չեմ տեսած։ Բոլոր թաղը պարպեցին առանց որ որեւէ մէկը իմանայ»։

Կրնա՞նք որպէս հայ ժողովուրդ՝ վերօյիշեալ դրուագին նման, սկսինք քիչ խօսիլ եւ շատ աշխատիլ։ Պիտի կարենա՞նք զսպուածութիւն եւ կարգապահութիւն յառաջացնել մեր հաւաքական ու ազգային կեանքերուն մէջ, որպէսզի արդիւնքի հասնինք։ Մտահան պէտք չէ ընել, որ երբ մեր ուժերը կը տրամադրենք խօսքի, խօսելու, եւ հակաճարելու՝ կը սպառենք մեր հաւաքական միտք-ուժը եւ գործ իրականացնելու կարողականութիւնները կը նուազին։

Ընկերային տեղեկատուութեան ցանցերը՝ դիմատետր թէ այլ, զգլխած ու անցած եւ նաեւ «տնօրինած» են մեր կեանքերը։ Անոնք «երկսայրի» սուրի նման են։ Եթէ լաւապէս օգտագործուի, կարելի է մեր կեանքերուն մէջ յառաջխաղացք արձանագրել։ Բայց կայ ժխտական կողմը։ Ան-անոնք նոյնքան կրնան կիրքերը, զգացումները հրահրել եւ հոգիները ու տրամադրութիւնները աղաւաղել ու տակաւին անհանդուրժողական կեցուածքներ սրել։ Պիտի կարենա՞նք մեր իսկ գործածած ընկերային ցանցերուն տալ դրական պարունակ։ Կարծէք հեւքի մը մէջ ենք այս ուղութեամբ։

Եթէ առաջին Քրստոնեայ պետութիւնն ենք, եւ ենք, այս պիտի նշանակէ թէ պիտի վերադառնանք մեր ակունքներուն եւ մեր ՀԱՒԱՏՔԻՆ։ Մեր քրիստոնէական հաւատքին, որ ունի իր մէջ ՈՒԺ մը, որ կը փոխէ եւ կը շինէ։ Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չի տուաւ՝հապա զօրութեան, սիրոյ եւ զգաստութեան» (Բ. Տիմոթէոս 1.7)։ Աստուածաշունչի այս համարը մեզի կուտայ ուժ։ Ուժը փոխելու, փոխուելու, շինելու ու վերաշինելու։

Այսօր յուսահատ եւ յուսախաբ ենք երիտասարդ արձանին կերպարին նման եւ կքած ենք։ Այլ խօսքով, երկչոտ եղած ենք։ Բայց ունինք հաւաստիացումը Հաւատքին եւ անոր դրոշմած ուժին։ Ուժը, որ մեր կեանքերուն կուտայ զօրութիւն։ Այս զօրութիւնը կրնայ փոխել մեր երկչոտ իրականութիւնը։

Այս զօրութիւնը պիտի լիցքաւորէ մեր հոգին։ Այս հոգիին զօրութիւնը կ՚օգնէ մեզի, որպէսզի մեր սրտերուն մէջէն դուրս հանենք անհանդուրժողականութիւնը, քէնը եւ ատելութիւնը եւ լեցնենք մեր սրտերը սիրով՝ հանդուրժելու եւ ընդունելու զիրար։

Այս զօրութիւնը պիտի լիցքաւորէ մեր միտքը։ Այս մտքի զօրութիւնը կ՚օգնէ որպէսզի կարենանք համադրել մեր համահայկական միտքը եւ քով-քովի գալ՝ կազմելու համար ազգային եւ մտաւոր կարողականութեամբ օժտուած ուժ մը։

Այս զօրութիւնը պիտի լիցքաւորէ մեր մարմինը։ Այս մարմնի զօրութիւնը կրնայ առիթը ստեղծել կազմելու ռազմական եւ դիւանագիտական կարողականութիւն, որպէսզի նաւարկենք տարածաշրջանային մեր վրայ պարտադրուած շատ մը դժուար պայմանները։

Այսօր կքած եւ երկչոտ ենք։ Բայց կայ հոգին։ Այն հոգին, որ երկչոտութիւնը կը վերածէ զօրութեան։ Եւ զօրաւոր մարդն է, որ կը սիրէ կեանքը, մարդը, հայը եւ հայրենիքը։ Այս զօրութիւնը եւ սէրը մեզ միշտ զգաստ կրնան պահել, որպէսզի մեր կեանքերը տանինք պատմութեան շարունակականութեան մէջ։

Երկչոտութի՞ւն, թէ՞ զգաստութիւն։

Պիտի ըլլանք երկչո՞տ, թէ՞ զգաստ, որպէսզի տեսնենք թէ ի՞նչ պիտի ընենք, որպէսզի դուրս գանք այս ազգային մեծ աղէտէն ու պատուհասէն։

Ընտրութիւնը մերն է։

Բայց զգաստութիւնն է, որ պիտի ապրեցնէ մեզ՝ հայը։

Քուէյթ, Դեկտեմբեր 2023

Դոկտ. Հրայր ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Դիտվել է՝ 3384

Մեկնաբանություններ