38 իտալացի պատգամավորներ հայ գերիներին ազատ արձակելու կոչ են արել՝ տեղեկացնում է Tempi-ն։ Իտալիայի կառավարությանը կոչ է արվում պարտավորություն ստանձնել Հայաստանի և Ադրբեջանի հանդեպ տարածաշրջանում խաղաղության համաձայնագրի առնչությամբ և ապահովել դեռևս ադրբեջանական բանտերում պահվողների ազատ արձակումը:               
 

Յարգանք Լիբանանի նահատակներուն

Յարգանք Լիբանանի նահատակներուն
06.05.2023 | 21:43

Կար ժամանակ, լիբանանցիները համաժողովրդային միջոցառումներով, ցասումի եւ յանձնառութեան վերանորոգ ուխտով կ'ոգեկոչէին Նահատակաց Օրը:

6 Մայիս, Նահատակաց Օր, Նահատակներու հրապարակ. ամբողջական եւ միացեալ խորհուրդով երրորդութիւն մը: Լիբանանեան դրօշներով զարդարուած Նահատակաց հրապարակը, ծաղկեպսակներով դարպասուած Նահատակներու յուշարձանը ազգային արժանապատուութեան ներշնչանքի աղբիւր կը ներկանային երիտասարդ սերունդներուն:

6 Մայիս 1916...

Պատմութեան տխրայուշ այս թուականը կը խորհրդանշէ օսմանեան բռնակալութեան դէմ ազատագրութեան ճանապարհին վրայ ինկած արաբ ժողովուրդին հայրենասիրական եւ հերոսական մաքառումներու յիշատակը:

Նահատակաց Օրը, Լիբանանի տարաբախտ ժողովուրդը յարգանքի տուրք կը մատուցէր հասարակաց թշնամիին դէմ մաքառած նահատակներուն: Պատմութիւնը արդարացիօրէն իր դատակնիքը դրոշմած է օսմանեան բռնակալութեան ոճրային յղացքներուն: Որքան մարգարէական եւ իրաւացի կը հնչէ Վիքթոր Հիւկոյի՝ թուրքը անցաւ այստեղէն արտայայտութիւնը:

6 Մայիս 1916...

Ալէյ գիւղաքաղաքի օսմանեան պատերազմական ատեանին վճիռով՝ արաբ ժողովուրդի քսան եւ մէկ հայրենասէրներ Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ, միեւնոյն օրը կախաղան բարձրացան: Թուրանական ծրագիրներու իրագործման ճանապարհին, ոճրագործ թուրքը խտիր չդրաւ իսլամ եւ քրիստոնեայ արաբին միջեւ: Ի՞նչ էր կախաղանի վրայ նահատակներուն «մեղքը»: Անոնք կը մերժէին ձուլուիլ օսմանեան բարքերուն մէջ եւ կառչած կը մնային արաբական մշակոյթի, ինքնուրոյնութեան եւ ազատութիւններու պաշտպանութեան: Նահատակներու պանթէոնը կը հարստանար Մուհամմէտ Ալ Շանթի, Ապտէլ Ղանի Ալ Արայիսի (Ալ Մուֆիտ թերթի խմբագիր), բանաստեղծ Օմար Համայի, Էմիր Արէֆի (Ֆաթհ Ալ Արապ թերթի տնօրէն), կրթական մշակ՝ Թուֆիք Ալ Պսաթի, Ահմէտ Թապպարայի (Իթթիհատ Օսմանի թերթի խմբագիր), մտաւորականներ Սէյֆէլլտին Ալ Խաթիպի, Պետրօ Փաւլիի, Ճըրճի Հատատի, թրքական բանակի սպայ՝ Սալիմ Ալ Ճազայիրիի, մարոնի քահանա Թուֆիք Հայէքի, Էմին Լութֆիի, շէյխ Ճալալ Ալ Պուխարինիի, բանաստեղծ Ռաֆիք Սալլումի, Ռիւշտի Պէյ Շամայի, Ապտէլ Հաամիտ Ալ Զահրաուիի, Շիւքրի Պէլ Ասէյլիի եւ ուրիշ անմահներու արեամբ: Բոլորն ալ հայրենասիրութեան եւ արաբականութեան նահատակներ:

Ալէյի ռազմական ատեանը չբաւարարուեցաւ մտաւորականներու ֆիզիքական հաշուեյարդարով: Այս անմարդկային ոճիրներուն դէմ յառաջանալիք ժողովրդային ըմբոստութիւնը խեղդելու նպատակով՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի երեւելի ընտանիքներ, նշանաւոր քաղաքական դէմքեր տեղահանուեցան ու աքսոռուեցան Կիլիկիոյ եւ կեդրոնական Անատոլուի խորերը: Գլխատուած ժողովուրդը ենթարկուեցաւ հալածանքի ու բռնութեան: Անօթութիւնը այն աստիճանի հասաւ, ուր ի մասնաւորի Լիբանանի մէջ, յառաջացաւ սովամահութիւն եւ համաճարակ: Մարդկային ողբերգութեան այս ժամանակաշրջանին, հայ եւ արաբ ժողովուրդներու ճաշակած բռնութիւններուն, տեղահանութեան մասին հազուագիւտ մանրամասնութիւններ կարելի է քաղել Արիւնարբու Ճեմալ Փաշայի քարտուղար Սալէհ Ֆըքրիի վկայութիւններէն:

Իրերու բնական բերումով, հայ եւ արաբ ժողովուրդները, աշխարհագրական դրացնութեամբ, հոգեկան, մշակութային, իմացական եւ այլ մարզերու մէջ կիսած են միեւնոյն արժանիքները: Շփումները նուազ չեն եղած հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն միջեւ, մեծամասնութեամբ՝ բարեկամական: Երկու ժողովուրդներն ալ ենթարկուած են թրքական բռնակալութեան դաժան եւ անմարդկային ճակատագիրին: Ապրիլ 24-ը եւ Մայիսը 6-ը ժամանակագրական առումով հեռաւոր թուականներ չեն բախտակից երկու ժողովուրդներուն համար:

Լիբանանահայութեան համար, Նահատակաց Օրը միաժամանակ երախտագիտութեան օր է ՝ արաբ ժողովուրդին մարդասիրական ծառայութիւններուն: Մեր վիշտերը հասարակաց թշնամիին դէմ միեւնոյնն են եւ նոյնքան խոր: Պերլինի, Թիֆլիսի մէջ եւ այլուր թուրք դահիճները զգետնող հայ վրիժառուները միաժամանակ կը լուծէին արաբ, քիւրտ ժողովուրդներուն վրէժը:

Դար մը եւ աւելի անցած է պատմութեան այս արհաւրալից ժամանակաշրջանէն: Դժբախտաբար, անհասկնալի պատճառներով, հայրենիքի եւ ազատութիւններու պաշտպանութեան համար կախաղաններու վրայ իրենց գերագոյնը նուիրաբերող հայրենասէրները անգամ մը եւս նահատակուեցան, երբ պետական որոշումի մը հետեւանքով, ազգային սգոյ օրը կորսնցուց իր խորհուրդը երբ վերանուանուեցաւ՝ մամլոյ նահատակներու յիշատակի օր: Ոչ մէկ նախատինք մամլոյ նահատակներուն, սակայն նախընտրելի պիտի ըլլար իր խորհուրդին մէջ պահել օսմանեան բռնատիրութիւնը խորհրդանշող Լիբանանի պատմութեան տխուր մէկ ժամանակաշրջանին յիշատակը եւ տարբեր թուականի մը տակ ոգեկոչել մամլոյ նահատակներուն յիշատակը:

Երկիւղածօրէն կը խոնարհինք օսմանեան բռնատիրութեան դէմ պայքարող արաբ ժողովուրդի նահատակներուն անթառամ յիշատակին առջեւ:

Ողջոյն հայ եւ արաբ ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան:

Ահարոն ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Դիտվել է՝ 3163

Մեկնաբանություններ