ՄԱԿ-ի կլիմայի COP29 համաժողովի շրջանակում Ադրբեջանի նախագահ Իլհամ Ալիևը հանդիպել է Մեծ Բրիտանիայի վարչապետ Քիր Սթարմերի հետ. վերջինս հետաքրքրվել է Հայաստանի և Ադրբեջանի միջև բանակցային գործընթացով։ Ալիևն ասել է, որ խաղաղության պայմանագրի տեքստի զգալի մասն արդեն համաձայնեցված է, միաժամանակ, հերթական անգամ դժգոհել է Հայաստանի Սահմանադրությունից՝ նշելով դրանում պարունակվող «տարածքային հավակնությունները»։               
 

Մանուէլին Հայկական Տուները

Մանուէլին Հայկական Տուները
22.07.2024 | 18:02
Մանուէլ Չէքէմեան ծնած է Մալաթիա, Թուրքիա: Մալաթիայէն եկած է Պոլիս եւ ուսում ստացած Հայոց դպրեվանքին մէջ: Պոլիսը` սկսելով դպրեվանքէն, եղած է իր կեանքին մէկ մասը: Եւ յստակ է, թէ կեանքի այդ «մէկ մասը» Մանուէլին համար եղած է երազային, ուր ան վայելած է Պոսֆորի գեղեցիկ Պոլիսը ու անոր հայկական կեանքը:
Ես Մանուէլին հանդիպեցայ Նետըրլանտներու Ռոթերտամ քաղաքին մէջ` յունիս 2024-ին:
Վահէն` տղաս, լաւ ճանչցած է զիս: Գիտէ իմ հետաքրքրութիւններս եւ մանաւանդ անոնց հայկական բնոյթը:
«Պա՛պ, այսօր քեզի հայու մը պիտի ծանօթացնեմ», ըսաւ ան:
Ուրեմն Ռոթերտամի մէջ ալ հայ կայ, տղուս կողքին` նաեւ ուրիշներ: Թէեւ հատ ու կենտ, բայց անոնք հայեր են, որոնք կ՛ապրին, կը գործեն եւ կը ստեղծագործեն այս քաղաքին մէջ:
Նետըրլանտները հռչակ ունին իրենց պանիրի արտադրութեամբ: Ինչպէս չունենան, երբ ամբողջ երկրի տարածքին կան կանաչ մարգագետիններ, ուր անդադար արջառներ կ՛արածին: Մանուէլ հասկցած է երկրին ու անոր բնութեան հարստութիւնը եւ լծուած է աշխատանքի:
Քաղաքի շատ բանուկ եւ կեդրոնական մասին մէջ մտանք Մանուէլին վաճառատունը`«De Kaashoeve» անունով: Կարելի չէ չզմայլիլ վաճառատան մէջ տեղ գտած պանիրներու տարբեր տեսակները տեսնելով: Երեւի վաճառատունէ աւելի պէտք էր ան թանգարան ըլլար: Մանուէլին տիկնոջ` Թագուհի Սէքէմի բոլոր յատկանիշերը ցոյց կու տան, թէ ան ոչ միայն աշխատասէր հայ կին մըն է, այլ նոյնքան ալ` բանիմաց եւ վարչական-կազմակերպչական յատուկ կարողութիւններով օժտուած:
Վաճառատունը խճողուած էր յաճախորդներով: «Ամէն օր այս է վիճակը», ըսաւ Վահէն` շարունակելով. «Շատ լաւ անուն վաստկած են: Ամէն մարդ հոս կու գայ պանիր գնելու համար»:
Հայկական ջերմութիւնը, սակայն, զգլխեց ու շրջանցեց խճողուած յաճախորդներուն կարգը: Թագուհին գեղեցիկ եւ հաղորդական ժպիտով մը մօտեցաւ մեզի եւ ողջունեց բոլորս:
«Մալաթիա ծնայ եւ մեծցայ, հոն կարելիութիւն չունէինք հայերէն սորվելու», ըսաւ Թագուհի անգլերէն լեզուով: Բայց Թագուհին` իր անունին եւ անոր կոչումին յենելով, դուրս հանեց իր հայկական հաղորդական նկարագիրը եւ պատուեց մեզ պանիրներու հիւրասիրութեամբ:
Չուշացաւ Մանուէլի ժամանումը: Անոր դէմքին վրայ կար մեծ ժպիտ մը, որուն մէջէն կ՛արտացոլային հայկական հաղորդականութիւնն ու ջերմութիւնը: Եւ Մանուէլ սկսաւ պատմել իր պատմութիւնը:
«Մալաթիայէն Պոլիս տեղափոխուեցայ եւ հոն աշակերտեցի հայոց դպրեվանքին», ըսաւ Մանուէլ:
Սկզբնական խօսակցութենէն արդէն յստակ էր, թէ ան լաւապէս տիրապետած էր մայրենիին: «Դպրեվանքը, անոր ուսուցմունքը եւ հոգեւոր մթնոլորտը մեծ ազդեցութիւն ձգած են իմ վրաս», շարունակեց ան:
Բայց Մանուէլի ոգեւորութիւնը շատ աւելի մեծ եղաւ, երբ իրեն իմացուցի, թէ յաճախ Պոլիս կը գտնուիմ եւ քաջածանօթ եմ հայկական մեր իրականութիւններուն:
Մանուէլ կարծէք գտած էր ոչ միայն հայ մը, այլ նաեւ երեւի մէկը «իր երկրէն ու քաղաքէն», որուն հետ պիտի թարմացնէր իր անցած կեանքի անուշ յուշերը:
Այսպէս ալ, ան սկսաւ քակել այդ յուշերու ծրարը եւ հոն պահուած պատմութիւնները:
«Կեդրոնական վարժարանի մէջ թուաբանութեան ուսուցիչ եղած եմ քանի մը տարիներ», ըսաւ Մանուէլ: Բայց թուաբանութենէ անդին, Մանուէլի համար Կեդրոնականի հայկական շունչն է, որ ան տակաւին ամուր բռնած ու պահած է: Մանուէլի դէմքի վրայ ժպիտը աւելիով ընդլայնեցաւ:
Ու շարունակեցինք կիսել մեր ծանօթութիւններու շարքը:
«Արազ հրատարակչատունն է ալ գիտես՞», հարց տուաւ ան:
«Անշուշտ գիտեմ», եղաւ արագ պատասխանս:
Այնպէս կ՛երեւէր, որ Մանուէլ «Արազ»-ի սեփականատէր Թովմասեան ընտանիքին հետ լաւ ծանօթութիւն ունէր: Ու երթը շարունակեցինք` «Ակօս», «Ժամանակ», «Նոր Մարմարա» ու տակաւին:
Ճիշդ է, որ Մանուէլ կը խօսէր ինծի հետ, բայց ան շատ աւելիով կ՛ապրէր իր տունը` Պոլիսը եւ Մալաթիան: Յիշատակները մէկ-մէկ կը տողանցէին իր երեւակայութեան մէջ` մերթ հետս խօսելով եւ մերթ` իր ինքնութեան հետ: Մանուէլի հայկական տուներն էին, ուր ան ապրած է կեանք մը`անկախ թէ քառասուն տարիներէ ի վեր հաստատուած է Ռոթերտամ, ուր եւս շինած է հայկական տուն: Այդ հայկական տան մէջէն Թագուհին եւ ինք դարձած են շատ յաջող գործարարներ, եւ իրենց մասին խօսիլ կու տան:
Մանուէլ նաեւ ապրած է հայուն «ցաւը»: Ան տեղացիներուն հետ կը խօսի հայուն եւ անոր ցաւին մասին:
Անցեալի յուշերէն եւ հոն ապրուած օրերէն պէտք է վերադառնայինք մեր ներկայ հանդիպումին: Մանուէլ նայեցաւ ինծի ու ըսաւ. «Հաճիս վարկեան մը սպասէ»: Ան գնաց վաճառատան պահեստի բաժինը եւ վերադարձաւ իրեն հետ բերելով «Հին Արենի» հայաստանեան գինիի շիշ մը:
«Այս ալ խմէ` մեր հանդիպումը յիշելով», ըսաւ Մանուէլ:
Կրնա՞մ ըսել, որ յուզուած չէի: Անշուշտ յուզուեցայ: Ինչքան դիպուկ է Ուիլիըմ Սարոյեանի հետեւեալ խօսքը, թէ` «երբ երկու հայեր աշխարհի որեւէ տեղ հանդիպին, անոնք կը ստեղծեն նոր Հայաստան մը»:
Մանուէլ ու ես այդ օր Ռոթերտամի մէջ ստեղծեցինք «նոր Հայաստան» մը: Եթէ ոչ աշխարհագրականօրէն, բայց անպայման հոգիով, լեզուով, մշակոյթով, կենցաղով ու շատ աւելին: Վերջապէս Հայաստանը շատ աւելին է, քան աշխարհագրական տարածք: Ան հայուն համար կեանք է` ապրող եւ ապրեցնող: Ան տուն է` հայկական տուն, որուն ճամբով իւրաքանչիւր հայ կ՛ապրի իր ինքնութիւնը եւ իտէալը անկախ անկէ, թէ ֆիզիքապէս ո՛ւր կը գտնուի:
Պէտք էր հրաժեշտ առնէի Մանուէլէն: «Յաջորդ Պոլիս երթալուդ հաճիս իմ կողմէս բարեւէ բոլորին», ըսաւ Մանուէլ` իբրեւ հրաժեշտի խօսք մեր հանդիպումին:
Եւ ինչպէս չբարեւել Մանուէլի հայկական տան անդամներուն, բարեկամներուն եւ ընտանիքին:
Ու դարձեալ սփիւռքահայ մեր իրականութիւնները: Եւ քիչ մը ամէն տեղ` Ռոթերտամ ու այլուր:
Բոլորս տարածուած ենք աշխարհի տարբեր կողմերը: Այդ տարբեր կողմերը կերտած ենք հայկական տուներ: Հիանալի է, որ այս հայկական տուներուն մէջ ինչքան ՈՒԺ կայ: Այս ուժը միայն նիւթական չէ: Անիկա մարդուժի, մասնագիտութեան, փորձառութեան, գործարարական ու տակաւին շատ մը այլ բնագաւառներու մէջի ուժն է: Մանուէլը եւ Թագուհին մէկ օրինակն են այս ուժ-մարդուժին, արդարեւ, անոնք իրենց մասին խօսիլ կու տան` իբրեւ շատ յաջող գործարարներ:
Եթէ այս ՈՒԺԵՐԸ համադրենք, կրնանք «լեռներ շարժել»: «Լեռները շարժելը»` աստուածաշնչական բացատրութեամբ, ուր կրնանք ընկալել իբրեւ մեր կեանքերը շարժել: Հայուն կեանքերը: Հայուն տուները: Հայուն հայրենիքը:
Այս հայկական տուներու մէջ մեր հայկական ուժերը եթէ համադրենք եւ ներմուծենք մեր համահայկական ու հայաստանեան-սփիւռքեան շատ մը օրակարգերուն մէջ, նոր Հայաստաններ եւ նոր սփիւռքներ կրնանք կառուցել:
Մինչ այդ…
Մանուէլ կ՛ապրի իր հայկական տան ու տուներուն մէջ: Ես եւ իւրաքանչիւր հայ նաեւ կ՛ապրիմ-կ՛ապրինք իմ- մեր հայկական տան-տուներու մէջ: Բայց բոլորս մեր հայկական տուներու մէջէն կրնանք շատ բան ընել ու յաջողցնել:
Եթէ միայն հաւատանք մեր հայկական տուն-տուներու եւ անոնց ստեղծած ՈՒԺԵՐՈՒՆ:
Մանուէլին հայկական տունը:
Իմ եւ իւրաքանչիւր հայուն հայկական տունը:
Բոլորս ու միասին` հաւաքաբար: Պիտի շինենք ու ամուր պահենք մեր հայկական տուները` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:
Քուէյթ, 26 յունիս 2024
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Լուսանկարներ

. .
Դիտվել է՝ 4119

Մեկնաբանություններ