Երվանդ Օտյանի այս հոդվածը տպագրվել է Կ. Պոլսի «Նոր Հայաստան» շաբաթաթերթում 1919 թ., երբ սկսվեցին հայ դավաճանների հետապնդումները և նրանց նկատմամբ հատուցման գործողությունները:
Արտատպելով սույնը, կուզենայի ասել՝ մենք կստեղծենք հիրավի Նոր Հայաստան, որտեղ դավաճաններն այլևս երբեք անելիք չեն ունենա:
Խաչատուր ԴԱԴԱՅԱՆ
Այն չորս տարուան փորձութիւնը, որուն մատնուեցաւ Թուրքիոյ հայութիւնը, եթէ մէկ կողմէն ի վեր հանեց մեր ցեղին աննկուն կորովը, ապրելու և տևելու աննուաճ կամքը, ու երբեմն ալ կռուելու և պայքարելու ոյժը, միւս կողմէ ցայտեցուց նաև նկարագրին հոռի կողմերը անոր ամենէն նողկալի ձևերովը: Այդ հայաջինջ հալածանքներու սև և անիծեալ տարիներուն գտնուեցան հայեր, որոնք դրամի սիրոյն կամ իրենց անձը ապրեցնելու համար չվարանեցան Ոճիրին միանալու և դաւաճանելու իրենց ցեղին դէմ:
Այո՛, հայ մատնիչներ ու դաւաճաններ գտնուեցան, ու հարիւրներով, որոնք ո՛չ միայն Պոլսոյ մէջ, այլ գաւառներու ամէն անկիւնները դաւեցին իրենց ազգակիցներուն դէմ ու պատճառ եղան շատերու նահատակութեան, կախաղանի վրայ, զնտաններու խորը կամ անապատներու մէջ:
Այդ անարգ հոգիները, մինչ ամբողջ չորս տարի, դաւաճաններու ոտքերուն տակ, անոնց գարշապարներուն կառչած, մատնեցին ու մատնեցին անընդհատ, նույնիսկ անոնք արդէն հալածանքի յորձանքէն բռնուած անլուր ջանքերով հազիւ կը յաջողին իրենց էութիւնը պահպանել:
Պէտք է սակայն նկատել, իբրև մխիթարութեան կէտ մը, որ մատնութիւն ու դաւաճանութիւն մեր նկարագրին էական մէկ մասը չեն կազմեր, ո՛չ ալ մեզի յատուկ անարգութիւններ են: Ամէն ազգ, ամէն ժամանակ մատնիչներ ու դաւաճաններ ունեցած է իր մէջ: Նոյնիսկ այս ընդհանուր պատերազմի շրջանին անգլիացիներու, գերմաններու, ֆրանսացիներու, իտալացիներու կամ աւստրիացիներու մէջ գտնուեցան մարդիկ, որոնք իրենց հայրենիքի դէմ դաւեցին:
Բայց տարբերութիւն մը կայ, և շատ կարևոր, մեր և ուրիշ ազգերու միջև, և կ՛ուզեմ մասնաւորաբար ասոր վրայ ծանրանալ:
Մինչդեռ ուրիշներ իրենց մատնիչներուն կամ դաւաճաններուն հանդէպ աններող են ու չեն վարանիր իրենց վրայ ամենափոքր չափով այսպիսի արատ մը բերող անձը ամենախիստ պատիժներու ենթարկել և կամ յաւիտենապէս զայն անարգութեան սիւնին գամելու, մենք, աւա՜ղ, անհասկնալի ու դատապարտելի ներողամտութիւն մը ցոյց կուտանք այդպիսի ստորին արարածներու հանդէպ՝ շուտով կը մոռնանք անոր գործած չարիքները և նոյնիսկ երբեմն կ՛արդարացնենք զինքը:
Հո՛ս է ահա մեր մեծ պակասութիւնը, մեր նկարագրին դատապարտելի մասը:
Այդ ներողամտութեան շնորհիւ կը տեսնենք, որ յաճախ յայտնի դաւաճան մը կը շարունակէ մեր մէջ ապրիլ իբրև պատուաւոր անձ, շփման մէջ մնալ ամենուն հետ, իր սովորական կեանքը շարունակել անխռով ու հանդարտիկ:
Ահա՛ այս բանը կարելի չէ բարոյականի աւելի բարձր մակարդակի մը վրայ գտնուող ուրիշ ազգերի մէջ: Հո՛ն դաւաճան մը եթէ արդարութեան ձեռքով իրեն արժանի պատիժը չկրէ իսկ, հանրային կարծիքին առջև արդէն բարոյապէս մեռած է, և ո՛չ մէկ պատուաւոր անձ կը զիջանի ձեռքը սեղմելու կամ հետը խօսելու: Եվ այս պատիժը յաճախ աւելի դառն է, քան դատաւորի կողմէ տուած պատիժը: Հանրային կարծիքի այս հզօր արտայայտութիւնը մենք՝ հայերս, չունինք բնաւ:
Երբ եռամեայ աքսորանքէ ետք վերադարձայ Պոլիս, բարեկամներ այս ու այն մարդուն անունը տալով կ՛ըսէին.
-Այսինչն ալ խաֆիէ էր, այնինչն ալ խաֆիէ էր:
Այդ անուններէն մէկ քանիները գիտէի արդէն: Հալէպի ու Գոնեայի բանտերու պատերուն վրայ կարդացած էի այդ դաւաճաններուն անունները, անէծքի ու նախատինքներու տարափի մը տակ գրուած խեղճ աքսորեալներու կողմէ:
-Հիմակ որ ազատութիւնը եկաւ, ի՞նչ կ՛ընեն այդ մարդիկը,-հարցուցի:
-Ինչ պիտի ընեն, իրենց վաստկած դրամները կուտեն, հանգիստ կ՛ապրին, մարդիկը իրենց ապագան ապահոված են:
-Եվ դուք կը շարունակէ՞ք հետերնին տեսնուիլ:
-Ի՞նչ պիտի ընենք, աներես մարդիկ են, կուգան, կը խօսին…
-Դուրս վռնտեցէք զիրենք:
-Կ՛ըլլա՞յ մի…
Եվ ահա այդ յայտնի դաւաճանները մինչև այսօր ոևէ բարոյական պատիժի մը չեն ենթարկուած, անամօթաբար հրապարակին վրայ են, իրենցմէ ոմանք նոյնիսկ կատաղի ազգայնամոլներ, թրքատեացներ դարձած են, Հայաստան երթալու, Կիլիկիան շենցնելու ծրագիրներ ունին:
Երբէք չպիտի զարմանամ, եթէ վաղը այդ մարդիկը սպրդին ազգային շրջանակներու մէջ, այսինչ միութեան կամ այնինչ ընկերութեան մէջ մտնեն, ժողովներու կամ յանձնախումբերու մասնակցին:
Արդէն Մկրտիչեան մը չհամարձակեցա՞ւ միթէ մամլոյ ազատութենէն ինքն իսկ իր քուրջի կտորը հրատարակել և ընթերցողներ գտնել, որոնց առջև ինքնարդարացումի փորձեր ալ ըրաւ:
Հմայեակ Արամեանց մըն ալ միթէ տակաւին չճգնի՞ր ջուրին երեսը ելլելու և ինքզինքը իբրև յեղափոխական մաքուր գործիչ ցոյց տալու և նոյնիսկ կ՛ըսեն թէ օրաթերթ մը հրատարակելու ծրագիրն ալ ունի եղեր…
Ահա՛ այս տեսակ երևոյթներ անկարելի է, որ տեղի ունենան եւրոպական քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ, որովհետև հոն գոյութիւն ունի հանրային կարծիք մը, որ խեցեվճռով գիտէ դատապարտել հանրային բարոյականի դէմ գործողները և թոյլ չտալ, որ անոնք շարունակեն խաղալ իրենց աղետաւոր դերը:
Որչափ ատեն որ այդ հանրային կարծիքը պակսի մեր մէջ, կարող չպիտի ըլլանք բարձր պահել մեր բարոյական նկարագիրը: