Գազայի հատվածում և Լիբանանում հրադադարի մասին Իսրայելի համաձայնությունը կարող է ազդել հոկտեմբերի 26-ի հարձակումից հետո հրեական պետությանը հակահարված տալու Իրանի որոշման վրա՝ հայտարարել է ԻԻՀ նախագահ Մասուդ Փեզեշքիանը։ «Նրանք լավ գիտեն, որ եթե որևէ սխալ թույլ տան Իրանի Իսլամական Հանրապետության դեմ, կստանան ջախջախիչ պատասխան»,- ասել է նա:               
 

«Վերջին Ընթրիք»-ը՝ Ընդվզո՞ւմ, թէ՞ Զգաստութիւն

«Վերջին Ընթրիք»-ը՝ Ընդվզո՞ւմ, թէ՞ Զգաստութիւն
30.07.2024 | 22:21
Փարիզի մէջ Ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայացուած Քրիստոսի «վերջին ընթրիք»-ի պատկերը յառաջացուց ընդվզումի մեծ ալիք քրիստոնէական շրջանակներու մէջ։
Ընդունուած տեսութիւն է, թէ իւրաքանչիւր անհատ իր կարդացած որեւէ գրութիւն կամ պատկեր կը հասկնայ եւ կ՛ընկալէ մեկնելով իր տեսանկիւնէն։
Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութեան ներկայացուած «վերջին ընթրիք»-ի պատկերացումին մէջ տեսայ մեր ներկայ աշխարհը՝ իր ամբողջութեան մէջ։
Տեղադրուած իւրաքանչիւր կերպար ունէր իր իւրայատուկ նկարագիրը, որ կը զանազանուէր միւսէն՝ ստեղծելով տարբերութիւններու աշխարհ մը։ Տարբերութիւններ՝ իրենց կենցաղով, ցեղով եւ տակաւին ֆիզիքական թէ այլ յատկութիւններով։ Տեսայ աշխարհ մը՝ իր տարբերութիւններով, այլազանութիւններով, բայց նաեւ՝ այլանդակութիւններով։ Այդ բոլորին մէջ կար ներկայ օրերու մարդկութեան ստեղծած «քրիստոսը»՝ իր յաղթանդամ կերպարով, բազմած կեդրոնը, որ կը ստեղծէր իր «լոյսը»՝ երեւի ներկայացուած՝ կախուած այն մեծ լուսամփոփով։ Այս պատկերը ներկայացուց ներկայ աշխարհ մը, որ վերածուած էր «լաբիւրինթոս»-ի։
Ներկայացուած «վերջին ընթրիք» պատկերը, որ տեղադրուած էր Քրիստոսի Վերջին ընթրիքի պատկերին կից, երեւի կը փոխանցէր ներկայ աշխարհի պատգամը, որ պիտի գար փոխարինելու Քրիստոսի շնորհած Վերջին ընթրիքի պատգամը։ Եթէ նպատակը ներկայացնել էր նոր պատգամ մը, որ կը բխէր ներկայ աշխարհի տեսլականէն, ապա հարց պէտք է տալ, թէ ի՞նչ է այդ պատգամը եւ ի՞նչ է անոր նպատակը։
Այս «նոր պատգամ»-ը՝ մեկնելով ներկայ աշխարհի տեսլականէն, մինչեւ այսօր չկրցաւ ստեղծել մարդկութեան համար համակարգ մը, որ հիմնուած ըլլայ համերաշխութեան, համակեցութեան, եղբայրասիրութեան եւ խաղաղութեան վրայ։ Ու տակաւի՛ն՝ արդարութեան եւ ճշմարտութեան վրայ։
Ինչպէս նաեւ՝ ուրիշը ընդունիլ եւ յարգել՝ մեկնելով իւրաքանչիւրին լեզուական, մշակութային, պատմական-քաղաքական տարբերութիւններէն, ինչ որ ստեղծուած պատկերին միտք բանիներէն մէկն էր, ներկայացնել ուրիշը իր տարբերութիւններով։
Եթէ ստեղծուած «վերջին ընթրիք»-ը (պատկեր երկրորդ) եւ անոր պատգամը մինչեւ այսօր չկրցան ստեղծել աւելի լաւ աշխարհ մը, ուրեմն կը մնայ հիմնականը՝ Քրիստոսի ստեղծած Վերջին ընթրիքի (պատկեր առաջին) պատգամը։ Քրիստոս իր կեանքով մարդկութեան համար ստեղծեց Նոր կեանքը։ Այս այն Նոր կեանքն է, որ աշխարհին տուաւ համերաշխ կեանք մը ապրելու գրաւականը։ Ու տակաւի՛ն, Նոր կեանքը, որ մարդը կ՛ապրի այս աշխարհի մէջ ու կը տանի զայն յաւիտենականութեան։
Փարիզի Ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութեան ընթացքին ստեղծուած եւ ներկայացուած այս «վերջին ընթրիք»-ի պատկեր-պատկերացումին դիմաց մեզի կը մնայ ճղդել, թէ ի՛նչ տեսակի դիրքորոշում մը պէտք է որդեգրել։
Ընդվզումի՞։ Ինչ որ հասկնալի է։
Թէ՞ զգաստութեան կոչ մը՝ համայն մարդկութեան։
Զգաստութիւնը, թէ Քրիստոսի ստեղծած եւ սարքած Վերջին ընթրիքն է, որ հիմքը դրաւ Նոր կեանքի իրականութեան։ Այս առաջին պատկերին մէջ ներկայացուած են աշակերտները, որոնց մէջ նոյնքան կ՛արտացոլար տարբերութիւններու իրականութիւնը. անոնք կրցած էին ստեղծել համերաշխ կեանքի մը իրականութիւնը։ Անոնք կրցած էին ընել այդ, որովհետեւ մասնակից էին Քրիստոսի Վերջին ընթրիքի իրականութեան։
Վերջին ընթրիք պատկերի ոդիսականը։ Կոչ մը ընդվզումի՞, թէ՞ կոչ մը զգաստութեան։
Եթէ աւելի լաւ աշխարհ մը պիտի ստեղծենք, այս կը նշանակէ, թէ կոչ մը պիտի ընենք ԶԳԱՍՏՈՒԹԵԱՆ։ Թէ առաջին պատկերի սարքուած Վերջին ընթրիքն է, որ աշխարհը աւելի լաւին պիտի առաջնորդէ։
Պէյրութ ,29 յուլիս 2024
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Լուսանկարներ

. .
Դիտվել է՝ 5050

Մեկնաբանություններ