ԱՄՆ-ի նախագահ Ջո Բայդենը հայտարարել է, որ դուրս կգա նախագահական ընտրապայքարից, եթե բժիշկները պարզեն, որ ինքն առողջական խնդիրներ ունի։ «Անկեղծ ասած, ես կարծում եմ, որ միակ բանը, որ տարիքը բերում է, իմաստությունն է»,- հավելել է Բայդենը։ Ավելի վաղ նա ասել էր, որ կհրաժարվի նախընտրական մրցապայքարից միայն այն դեպքում, եթե Աստված իրեն ասի դա անել։               
 

«Հայկական ազգագրական պատկերներ՝ տեսիլք, կամք եւ յոյս» գիրքի շնորհահանդէսը Աթէն­քի մէջ

«Հայկական ազգագրական պատկերներ՝ տեսիլք, կամք եւ յոյս» գիրքի շնորհահանդէսը Աթէն­քի մէջ
17.05.2024 | 21:02

­Հինգ­շաբ­թի, 9 ­Մա­յիս 2024-ի ե­րե­կո­յեան, ­Գո­քի­նիոյ ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ գիր­քի բա­ցա­ռիկ շնոր­հա­հան­դէս մը, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Յու­նաս­տա­նի Ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի հո­վիւ վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեա­նի եւ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գա­բար­ձու­թեան։ Շ­նոր­հա­հան­դէ­սը նո­ւի­րուած էր սփիւռ­քա­հայ կեան­քի հան­րա­ծա­նօթ անձ­նա­ւո­րու­թիւն դոկտ. Հ­րայր ­Ճէ­պէ­ճեա­նի «­Հայ­կա­կան ազ­գագ­րա­կան պատ­կեր­ներ՝ տե­սիլք, կամք եւ յոյս» գիր­քին, որ հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ 2023-ին ­Պէյ­րու­թի մէջ, իսկ ար­դէն շարք մը հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րէն ներս ար­ժա­նա­ցած է հան­րա­յին ներ­կա­յաց­ման։
­Գիր­քի շնոր­հա­հան­դէ­սը կա­տա­րո­ւե­ցաւ հե­ղի­նա­կի մաս­նակ­ցու­թեամբ, որ յա­տուկ ժա­մա­նած էր Ա­թէնք ներ­կա­յացնե­լու հա­մար իր աշ­խա­տու­թիւ­նը։ ­Գիր­քը դոկտ. ­Ճէ­պէ­ճեա­նի՝ վեր­ջին հինգ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին հայ մա­մու­լին մէջ հրա­տա­րա­կած շա­հե­կան յօ­դո­ւած­նե­րու ամ­բող­ջու­թիւնն է, որ կը բաղ­կա­նայ 88 տար­բեր գրու­թիւն­նե­րէ։ ­Ծա­ւա­լուն հա­տո­րը կազ­մո­ւած է 400 է­ջե­րէ, ո­րուն խմբագ­րու­թիւ­նը եւ նիւ­թե­րու հա­մադ­րու­մը ի­րա­գոր­ծո­ւած է դոկտ. Ար­տա ­Ճէ­պէ­ճեա­նին կող­մէ։
­Գիր­քի շնոր­հա­հան­դէ­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ ներ­կա­յու­թեամբ ­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեա­նի, ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ ժո­ղովր­դա­պետ ­գերպ. ­Յով­սէփ ծ.վրդ. ­Պէ­զա­զեա­նի, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պ. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեա­նի, Հ.Յ.Դ. ­Կեդր. կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի, ­Հա­մազ­գա­յի­նի, «Ա­զատ Օր»-ի, «­Նոր Աշ­խարհ»-ի եւ «­Հայ ­Կեանք»-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու ու­սուց­չա­կան կազ­մե­րուն եւ գրա­սէր բազ­մու­թեան մը։

Ե­րե­կո­յին բա­ցու­մը կա­տա­րեց վեր. ­Չո­լա­քեան, որ հա­կիրճ անդ­րա­դար­ձաւ շնոր­հա­հան­դէ­սին, ա­պա լայն տե­ղե­կու­թիւն­ներ տո­ւաւ դոկտ. Հ­րայր ­Ճէ­պէ­ճեա­նի կեն­սագ­րա­կան գի­ծե­րուն, ա­նոր հան­գա­ման­քին որ­պէս Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի ­Ծո­ցի ըն­կե­րու­թեան ընդհ. քար­տու­ղար, ինչ­պէս նաեւ գրա­կան գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին։
­Գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ կո­կիկ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր մը, ո­րուն ըն­թաց­քին ծա­նօթ եր­գիչ Ս­տե­փան ­Թե­քի­րեան դաշ­նա­մու­րի վրայ յա­ջո­ղա­պէս մեկ­նա­բա­նեց հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­յին եր­գեր, ո­րոնք նրբա­ցու­ցին մթնո­լոր­տը, իսկ տիկ. ­Մա­նի­շակ Ե­սա­յեան-­Մի­նա­սեան խոր ապ­րու­մով ար­տա­սա­նեց Ս. ­Կա­պու­տի­կեա­նի «­Խօսք իմ որ­դուն» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը։
­Գիր­քի ներ­կա­յաց­ման առն­չու­թեամբ, բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ պ. ­Քե­րոբ Է­քի­զեան, որ կա­տա­րեց դոկտ. ­Ճէ­պէ­ճեա­նի հրա­տա­րա­կու­թեան ար­ժե­ւո­րու­մը, ներ­կա­յաց­նե­լով ա­նոր ո­գին ու ար­տա­յայ­տած պատ­գամ­նե­րը։ ­Խօս­քը կը հրա­տա­րա­կենք ա­ռան­ձին։
Երկ­րորդ խօ­սո­ղը ե­ղաւ պ. ­Զա­ւէն Գ­րի­գո­րեան, որ կարգ մը գլուխ­նե­րու ընտրու­թիւ­նը կա­տա­րե­լով, անդ­րա­դար­ձաւ ա­նոնց մէջ տեղ գտած գա­ղա­փար­նե­րուն եւ մտա­ծում­նե­րուն։
Եզ­րա­փա­կիչ խօս­քը ե­ղաւ գիր­քի հե­ղի­նա­կին կող­մէ։ ­Դոկտ. ­Ճէ­պէ­ճեան նախ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վի­ւին եւ հո­գա­բար­ձու­թեան, ո­րոնք յանձն ա­ռին ի­րա­գոր­ծել շնոր­հա­հան­դէ­սը, ա­պա իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նեց խօ­սող­նե­րուն եւ յայ­տա­գի­րի մե­նա­կա­տար­նե­րուն։
Ան անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց գիր­քի բո­վան­դա­կու­թեան, ա­պա իր խո­հե­րը ներ­կա­յա­ցուց հա­յու­թեան ու յատ­կա­պէս սփիւռ­քա­հայ կեան­քին մա­սին։ Անդ­րա­դառ­նա­լով հա­յու ար­դի տագ­նապ­նե­րուն եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն, ան մատ­նանշեց հա­յու ինք­նու­թեան ո­րո­նու­մին եւ պահ­պա­նու­մին հա­մար կա­տա­րո­ւած պայ­քա­րը, նոյ­նիսկ ե­թէ սփիւռ­քա­հայ տար­րին մէջ նա­հան­ջած է հա­յե­րէն խօ­սե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը։ Ան օ­րի­նակ­ներ ներ­կա­յա­ցուց զա­նա­զան եր­կիր­նե­րուն մէջ, իր ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին հան­դի­պած ան­ծա­նօթ հա­յե­րուն մա­սին, ո­րոնց մէջ կը նշմա­րէ հայ մնա­լու զօ­րա­ւոր կամք եւ գի­տակ­ցու­թիւն։ Ան նշեց, թէ հա­կա­ռակ հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած մռայլ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, հա­յը ու­նի վե­րապ­րե­լու եւ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու կամք։
Ե­լոյ­թի ա­ւար­տին դոկտ. ­Ճէ­պէ­ճեան իր նո­րա­տիպ գիր­քի օ­րի­նակ­նե­րը մա­կագրեց եւ տրա­մադ­րեց ներ­կա­նե­րուն։ ­Յա­ջոր­դեց մտեր­միկ զրոյց հե­ղի­նա­կին եւ ներ­կա­նե­րուն մի­ջեւ։

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

***

­Քե­րոբ Է­քի­զեանի խօսքը

­­Յա­ճախ կ­­՚ը­սո­ւի, թէ գիրք մը, իր ամ­բող­ջու­թեամբ, ար­տա­ցո­լումն է հե­ղի­նա­կի աշ­խար­հին։ Այս հաս­տա­տու­մը մէջս ա­ւե­լի խո­րա­ցաւ երբ ձեռքս ա­ռի դոկտ. Հ­րայր ­­Ճէ­պէ­ճեա­նի վեր­ջին հա­տո­րը՝ «­­Հայ­կա­կան ազ­գագ­րա­կան պատ­կեր­ներ՝ տե­սիլք, կամք եւ յոյս» խո­րա­գի­րով։ ­­Գիր­քին տիտ­ղո­սը նա­խա­պէս ո­չինչ կը յայտ­նէ հե­ղի­նա­կի աշ­խար­հին մա­սին։ ­­Զայն ձեռ­քը առ­նո­ղը պի­տի կար­ծէ, թէ ծաղ­կա­քաղ մըն է մեր ազ­գագ­րու­թեան, սա­կայն խո­րա­գի­րի երկ­րորդ մա­սը՝ «­­Տե­սիլք, կամք եւ յոյս» իր բա­ժի­նով, ըն­թեր­ցո­ղը ար­դէն դրա­կան կը նա­խա­պա­շա­րէ ա­նոր մէջ ար­տա­յայ­տո­ւած՝ հե­ղի­նա­կին ու­նե­ցած ազ­գա­յին մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն, բայց նաեւ ճամ­բայ հար­թե­լու, լոյ­սը փնտռե­լու, հո­գեմ­տա­ւոր տե­սիլ­քը շօ­շա­փե­լի ի­րա­կա­նու­թեան մը վե­րա­ծե­լու ան­կոտ­րում կամ­քին հա­մար։
­­Դոկտ. Հ­րայր ­­Ճէ­պէ­ճեա­նի նե­րաշ­խար­հը լի է մտա­ծում­նե­րով, մտա­հո­գու­թիւն­նե­րով, գա­ղա­փար­նե­րով եւ տագ­նապ­նե­րով, ո­րոնք, ու­շադ­րու­թիւն՝ մղձա­ւան­ջի չեն վե­րա­ծեր իր հո­գե­կան աշ­խար­հը, այլ ինք՝ հմուտ նա­ւա­վա­րի մը նման, գի­տէ թուղ­թին յանձ­նել դէ­պի ա­պա­հով նա­ւա­հան­գիստ նա­ւա­վա­րե­լու ճկու­նու­թիւն մը, հա­յու տագ­նապն ու փո­թոր­կոտ եր­թը վե­րա­ծե­լով յոյ­սի ճա­նա­պար­հի։
Ան որ կը ճանչ­նայ դոկտ. Հ­րայ­րը գի­տէ, թէ հե­ղի­նա­կը յոյ­սի եւ մնա­յուն լա­ւա­տե­սու­թեան տէր անձ մըն է։ ­­Հոս չէ, որ իր մարդ­կա­յին բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րը շռայ­լօ­րէն ծա­ւա­լե­լու փորձ կ­­՚ու­զեմ ը­նել։ ­­Սա­կայն, չեմ կրնար ան­տե­սել իր հո­գիի ան­բի­ծու­թիւնն ու միտ­քի պայ­ծա­ռու­թիւ­նը, ո­րոնք դրոշ­մո­ւած են իր բո­լոր գրու­թիւն­նե­րուն մէջ։
Հ­րայր ­­Ճէ­պէ­ճեան դէ­պի մար­դը բա­ցո­ւող, մար­դը սի­րող, մար­դուն ար­ժէ­քը գնա­հա­տող անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն է։ Ար­դէն, այս բա­ցա­ռիկ յատ­կա­նիշ­նե­րը հա­րա­զա­տօ­րէն տեղ գտած են իր կեն­ցա­ղին մէջ։ Սկ­սած իր գլխա­ւոր հան­գա­ման­քէն՝ Ա­րա­բա­կան ­­Ծո­ցի Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի ըն­կե­րու­թեան քար­տու­ղա­րու­թեան պաշ­տօ­նէն, մին­չեւ իր ան­վերջ ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րը հա­յա­գա­ղութ­նե­րուն կամ այլ եր­կիր­նե­րուն մէջ՝ մար­դը փնտռե­լու, ա­նոր զգա­ցում­նե­րուն հա­ղորդ դառ­նա­լու ճի­գին մէջ, հա­յե­լիի մը նման կ­­՚ե­րե­ւի աս­տո­ւա­ծաշն­չա­կան ո­գին՝ մար­դու փրկու­թեան ու ա­նոր ինք­նա­հաս­տատ­ման հա­մար Աս­տու­ծոյ պատ­կե­րին հաս­նե­լու ջան­քը։
Իսկ մե­զի՝ հա­յե­րուս հա­մար, ­­Ճէ­պէ­ճեա­նի գիր­քե­րը ա­ւե­լի ար­ժէք ու զա­նոնք կար­դա­լու նշա­նա­կու­թիւն կը ստա­նան, ո­րով­հե­տեւ կը խօ­սին ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒ տագ­նա­պին մա­սին. իր ազ­գա­յին, հո­գե­ւոր, ըն­կե­րա­յին, մշա­կու­թա­յին ինք­նու­թեան մա­սին։ Թղ­թա­տե­ցէք գիր­քի բո­վան­դա­կու­թեան ցան­կը եւ ստու­գե­ցէք թէ քա­նի ան­գամ պի­տի կար­դաք «հայ, հա­յեր, հայ­րե­նի, հայ­կա­կան, ­­Հա­յաս­տան, Ար­ցախ, Ս­փիւռք» բա­ռե­րը։ ­­Հայ մար­դը կը կազ­մէ ա­ռանց­քը հե­ղի­նա­կի սե­ւե­ռու­մին, իսկ մտա­ծում­նե­րուն ու ապ­րում­նե­րուն յոր­դա­ռատ հո­սան­քը իր զու­լալ ջու­րե­րուն խո­րե­րէն մա­կե­րե­սին կը բե­րէ հա­յու ազ­գա­յին վե­րա­զարթ­նու­մի եւ վե­րա­կեն­սա­ւոր­ման յոյ­սը։
Ու­շադ­րու­թեամբ ծռե­լով գիր­քի 400 է­ջե­րուն վրայ, հոն կը տես­նենք հինգ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին գրո­ւած մօտ 90 յօ­դո­ւած, ո­րոնք նա­խա­պէս լոյս տե­սած են մեր մա­մու­լին մէջ, սե­փա­կա­նու­թիւ­նը դառ­նա­լով ա­ւե­լի ընդ­հան­րա­կան գրա­սէր բազ­մու­թեան մը, ա­պա այս ամ­բողջ տա­րի­նե­րու գրի­չի ար­գա­սի­քը իր ար­ժա­նի տե­ղը կը գտնէ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ՝ ՏԵՍԻԼՔ, ԿԱՄՔ ԵՒ ՅՈՅՍ» հա­տո­րին մէջ։ Այս աշ­խա­տու­թիւ­նը ա­ռա­ջին հո­գե­զա­ւա­կը չէ սի­րե­լի հե­ղի­նա­կին, այլ իր եր­րորդ գիրքն է, որ կու գայ ամ­բող­ջու­թիւն մը կազ­մե­լու նա­խորդ եր­կու գիր­քե­րուն հետ, որ­պէս բեմ հա­յու ինք­նու­թեան ո­րո­նու­մին։
­­Ճէ­պէ­ճեան ճար­տար խօ­սող մըն է, այն­պէս ինչ­պէս ճար­տա­րօ­րէն կը հո­սի իր գրի­չը։ Իր գիր­քե­րը զար­դա­րող յօ­դուած­նե­րը յստակ ու մա­քուր հա­յե­րէ­նով, մատ­չե­լի ո­ճով, ո՛չ սա­կայն ա­ժան դառ­նա­լու մի­տու­մով, կը հրամց­նեն խո­րի­մաստ մտա­ծում­նե­րու, ազ­գա­յին տագ­նա­պում­նե­րու, հա­մա­հայ­կա­կան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րու, այ­լեւ ա­նոնց լու­ծում տա­լու ու ճամ­բայ բա­նա­լու օ­րի­նակ­ներ։
­­Հոն է հա­յը իր ար­դի տագ­նապ­նե­րով ու ար­ժա­նիք­նե­րով, ի ­­Հա­յաս­տան եւ ի սփիւռս աշ­խար­հի։ ­­Հայ­րե­նի­քին առ­ջեւ ցցո­ւող վտանգ­ներ, այ­լա­սե­րում, ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծի գու­նա­թա­փում, ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն, մշա­կու­թա­յին ծաղ­կում, պատ­մու­թեան գի­տակ­ցու­թիւն, հա­յու հո­գե­ւոր վե­րել­քը, իր միտ­քի ու ձեռ­քի կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը, ապ­րե­լու վճռա­կա­մու­թիւ­նը, եւ տա­կա­ւին որ­քա՜ն շատ մտա­ծում­ներ ու խո­հեր, ո­րոնք ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս կը սա­հին ­­Ճէ­պէ­ճեա­նի հա­րուստ է­ջե­րուն մէ­ջէն։
Իսկ, իր բո­լոր մտա­ծում­նե­րը կը դառ­նան ե­ռա­միաս­նու­թեան մը շուրջ. ­­Հա­յաս­տան, Ար­ցախ եւ Ս­փիւռք։ ­­Հե­ղի­նա­կը չի վա­րա­նիր, բա­ռե­րը չի ծամծ­մեր, ը­սե­լու՝ թէ որ­քան խախ­տած կը թո­ւի ըլ­լալ միաս­նու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս ար­ցա­խեան 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մէն ետք հա­յու ու­ժա­թափ ու ան­յոյս վի­ճա­կին պատ­ճա­ռով։
­­Մաս­նա­ւո­րա­բար Ս­փիւռ­քի պա­րա­գա­յին, ան յայտ­նա­պէս կը խօ­սի ա­նոր վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին, որ­պէս գլխա­ւոր օ­րի­նակ գոր­ծա­ծե­լով Ս­փիւռ­քի ա­հա­զան­գը հնչեց­նող ­­Մե­ծի ­­Տանն ­­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա.-ի մտա­ծում­նե­րը եւ հրա­պա­րա­կա­յին ու­ղե­ցոյ­ցը։
Եւ ա­հա, հե­ղի­նա­կի գրի­չէն կը հո­սի ար­դար հար­ցադ­րու­մը, որ կը տագ­նա­պեց­նէ հա­յու ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րը. «Ս­փիւռ­քը` մ­­նա­յո՞ւն, թէ՞ ան­ցո­ղա­կի ի­րա­կա­նու­թիւն», հարց կը դնէ ­­Ճէ­պէ­ճեան։ Ու կը շա­րու­նա­կէ։
«Ի՛նչ որ ալ ըլ­լայ պա­րա­գան, կայ մէկ կա­րե­ւոր ա­ռա­քե­լու­թիւն` հայ­կա­կան-սփիւռ­քեան կեան­քի վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մը եւ վե­րաշ­խու­ժա­ցու­մը: ­­Հա­յուն գո­յու­թիւ­նը իր ազ­գա­յին կեան­քին շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լուն մէջ է: Իսկ այդ ը­նե­լու հա­մար պի­տի հա­ւա­տանք, որ Ս­փիւռ­քը պի­տի պա­հենք եւ պի­տի վե­րա­կազ­մա­կեր­պենք` քաջ գիտ­նա­լով տար­բե­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք առ­կայ են իւ­րա­քան­չիւր գա­ղու­թի մէջ: ­­Բայց նոյն­քան նաեւ պի­տի հա­մո­զո­ւինք, որ այս տար­բե­րու­թիւն­նե­րը ե­թէ լա­ւա­պէս հա­մադ­րո­ւին, կրնան վե­րա­ծո­ւիլ ու­ժի մը, որ կրնայ ամ­րապնդել մեր ընդ­հան­րա­կան կեան­քե­րը: Ար­ժէ, որ հայ­րե­նիքն ալ տես­նէ, թէ իր ու­ժը Ս­փիւռ­քին ու­ժե­ղա­ցու­մին մէջ է»:
Իսկ ան ան­մի­ջա­պէս կ­­՚անց­նի յստակ ու հա­մա­պար­փակ լու­ծու­մի մը ա­ռա­ջար­կին. «­­Քա­ղա­քա­ցիա­կան եւ ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը պի­տի կեր­տէ մեր կեան­քե­րը իր մշա­կու­թա­յին, քրիս­տո­նէա­կան եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ինք­նու­թիւն­նե­րով: Այս դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը նոյն­քան անհ­րա­ժեշտ գրա­ւա­կան է` կեր­տե­լու մեր հայ­րե­նի­քը եւ ա­պա­հո­վե­լու ա­նոր անվ­տան­գու­թիւ­նը: Այս դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը հա­յուն հա­մար հա­մա­պար­փակ գոր­ծըն­թաց է: ­­Հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը, ազ­գա­սի­րու­թիւ­նը, մշա­կու­թա­յին ա­ւան­դը, քրիս­տո­նէա­կան կեան­քի դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը եւ ա­նոր ի­մաս­տը հա­յը կը պա­հեն ու կը զօ­րաց­նեն: Ս­փիւռ­քեան պայ­ման­նե­րու մէջ պատ­մու­թեան փոր­ձը ցոյց տո­ւած է, որ դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը ե­ղած է մեր գո­յա­տեւ­ման հիմ­քը»:
­­Դոկտ. Հ­րայր ­­Ճէ­պէ­ճեա­նի հե­ղի­նա­կած գիր­քե­րուն մէջ պի­տի չգտնէք պո­ռո­տա­խօ­սու­թեան կամ սնա­պար­ծու­թեան նշոյլ­ներ։ Իր խօս­քը էա­պէս ազ­գա­շունչ է, հայ­րե­նա­սի­րա­կան է, ո­գե­ւո­րիչ ու խան­դա­վա­ռող է, սա­կայն մաք­րո­ւած է մեծ­խօ­սիկ լո­զունգ­նե­րէ։ Ան կը մնայ հա­րա­զատ, հան­դարտ, հա­մո­զիչ շրջա­գի­ծի մը մէջ, ո­րուն մէ­ջէն կը ցայ­տի հայ հո­ղին անս­պառ ու­ժը, ար­թուն պա­հա­կի նման կանգ­նած է հայ­կա­կա­նը, հա­յու էու­թեան, ա­նոր հո­գեմ­տա­յին կազ­մո­ւած­քի ողջ պատ­մու­թիւնն ու ա­պա­գա­յի յոյ­սը։
«ՏԵՍԻԼՔ, ԿԱՄՔ ԵՒ ՅՈՅՍ», այս է պատ­գա­մը դոկ­տո­րի հե­ղի­նա­կած գիր­քին։ Կ­­՚ար­ժէ կար­դալ այս հա­տո­րը ու սնա­նիլ ա­նոր մէջ տեղ գտած հո­գե­հա­րա­զատ ար­ժէք­նե­րու շուն­չով։
­­Մա­նա­ւանդ, պէտք է մաղ­թել սի­րե­լի Հ­րայ­րին՝ եր­կար կեանք, անս­պառ ուժ, ան­վերջ հո­սող իր գրի­չէն վա­յե­լե­լու հա­մար նոր գո­հար­ներ, հա­յու կեան­քը ի­մաս­տա­ւո­րող մար­գա­րիտ­ներ։
­­Վարձ­քը կա­տար, սի­րե­լի դոկտ. Հ­րայր ­­Ճէ­պէ­ճեա­նին։

«Ազատ օր» օրաթերթ

Դիտվել է՝ 1779

Մեկնաբանություններ