Սիրելի Արցախի քոյրեր եւ եղբայրներ,
Այսօր Լիբանանէն դուրս կը գտնուիմ, բայց որպէս Լիբանանահայ, կը միանամ իմ գաղութին «Մենակ Չէք» նախաձեռնութեան՝ որպէս զօրակցութիւն ձեր իւրաքանչիւրին:
Արցախի տագնապը բոլոր հայութեանն է եւ «Մենակ Չէք» կուգայ գօտեպնդելու Արցախի տագնապի համահայկական տարողութիւնը:
«Մենակ Չէք» միայն խօսք չէ:
Ան աղօթք է, հոգի, միտք բայց նաեւ ՈՒժ եւ Յոյս:
ՈՒժը ապրելու համար մեր կեանքերը մեր հայրենի հողին վրայ եւ մեր ազգային արժանապատուութեանը մէջ:
Եւ Յոյսը՝ որ «Ճանաչում Յանուն Փրկութեան» մեր կարգախօսը պիտի իրականանայ:
Քրիստոս ըսաւ` «Ես աշխարհին (իմա մեղքին) յաղթեցի»: Եւ այս ճշմարտութիւնը թող խթանէ մեզ բոլորս՝ համայն հայութիւնը՝ թէ ԻՐՄՈՎ եւ մենք բոլորս ՄԻԱՍԻՆ, կրնանք յաղթե:
Հաւատանք եւ կառչինք այս յաղթանակին շնորհած ՈՒժին եւ Յոյսին:
Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք…
Բոլորս միասին…
Լաւ եւ հաստատ մնացէք:
Ձեզի հետ ենք…
«Մենակ Չէք»:
Հրայր ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 1, 2023