«Իրատեսի» հյուրը Աստվածաբանության մագիստրոս, Բեյրութի Հայկազյան համալսարանի նախագահ, վերապատվելի դոկտոր ՓՈԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆՆ է:
- Վերապատուելի Հայտոսթեան, Բեյրութում օգոստոսի 4-ին տեղի ունեցած հզոր պայթյունից մեծապես տուժել էր Հայկազյան համալսարանի շենքը: Անշուշտ, համալսարանի ղեկավարության առջև ծառացած էր աղետի հետևանքները հաղթահարելու բարդ խնդիրը: Ի՞նչ քայլեր են արվել և արվում այս ուղղությամբ:
- Օգոստոս 4-էն շատ առաջ արդէն ծանր վիճակ կար Լիբանանի մէջ. քաղաքական, ժողովրդային շարժումներ, տնտեսական, դրամատնային տագնապ, եւ արդէն իսկ կացութիւնը բաւական ծանր էր: Անոնց կողքին նաեւ Covid-19-ի բարդութիւնները... Եւ յանկարծ Օգոստոս 4-ի այդ պայթումին իբր հետեւանք ցնցուեցաւ ոչ միայն Պէյրութ քաղաքը, այլեւ Պէյրութի լայն շրջակայքը: Ցնցուեցան նաեւ շէնքերը Հայկազեան Համալսարանին, որոնք կը գտնուին մօտ 2,4 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ Պէյրութի նաւահանգիստէն: Համալսարանին եօթ մասնաշէնքերը տարբեր կերպերով եւ չափերով տուժեցին: Մեր վնասները եղան այն պատճառով, որ շէնքերը տարբեր տեղեր տարածուած են եւ ամէն մէկ շէնքի յարկի վրայ եղան տարբեր տեսակի վնասներ: Հիմնական վնասներն էին փայտէ դռները, պատուհանները, ապակիները, ալիւմինիւմի սարքաւորումները, կարգ մը լոյսերու սարքաւորումները, տարրալուծարանին մէջ եղան մանր մունր վնասներ... Եղան այստեսակի վնասներ, որոնք նախնական հաշիւով շուրջ 150000 տոլարի գումարի կարիք մը կը յառաջացնեն: Ասիկա, բնականաբար, վնաս է, պէտք է նորոգուին այդ բոլորը, սակայն բաղդատած ամբողջ քաղաքի եւ մօտակայ շրջաններու վնասներուն՝ իրապէս երկրորդական պիտի սեպուի մերը, մանաւանդ որ ուրիշներ շէնքեր կորսնցուցին, կեանքեր կորսուեցան: Գալով Հայկազեանի ֆիզիքական, մարդկային վնասներուն, փառք Աստուծոյ մահ չպատահեցաւ, սակայն ուսանողներու մէջ ունեցանք վիրաւորներ, իրենց ընտանիքները վիրաւորուեցան, մեր աշխատակազմի անդամներու տուներ վնասուեցան, վիրաւոր եղաւ, անոնց զաւակներէն կամ ընտանիքներէն տուժողներ եղան, վիրաւորեալներ, որոնց մեծ մասը ապաքինած է եւ վերադարձած աշխատանքի: Միքանին կան, որոնք տակաւին բժշկական հոգատարութեան տակ են:
- Որքանո՞վ են համալսարանի վերականգնման և վերամուտի աշխատանքներում ընդգրկված ուսանողները:
- Ես պիտի չմոռնամ բնաւ պայթումին յաջորդող առաջին ժամերը: Պայթումնին պահուն եւ ընթացքին, համալսարանին մէջ, մեր ընտանիքը՝ մենք, հիւրեր կ'ընդունէինք համալսարանի մէկ շէնքին վրայ, պարտէզին մօտ: Այդ պահուն համալսարան կը գտնուէին մէկ երկու դասախօս, մի քանի աշխատակից, ապահովութեան պատասխանատուներ եւ հանրակացարանին մէջ մօտ տասն ուսանող: Առաջին այդ մէկ ժամուն ընթացքին մենք ջանացինք նայիլ, թէ ինչ պատահած է. ցնցման մէջ կը դիտէինք թէ Հայկազեանի մէջ եւ շուրջը, բոլոր փողոցները ձիւնի նման ապակիով լեցուն էին, կոտրած փայտեր, պատշգամներէն եւ տուներէն փողոց ինկած նիւթեր, մինչ մեր կից հիւանդանոցը կը խուժէին մեծ թիւով վիրաւորներ: Չորս ժամու ընթացքին 300 վիրաւորներ բերուեցան Հայկազեանի կողքի փոքր հիւանդանոցը, որուն շտապ օգնութեան սենեակը հազիւ 2-3 հոգիի տարողութիւն ունէր: ՈՒրեմն հիւանդանոցին պարտէզին մէջ եւ թաղին վրայ ջանացին մարդիկ բուժել արիւնլուայ վիրաւորները, որովհետեւ աւելի մեծ հիւանդանոցները, կամ համալսարաններու հիւանդանոցները տեղ չունէին, կամ անոնցմէ չորսը արդէն վնասուած էին եւ չէին կրնար օգտակար դառնալ: Անմիջապէս այդ մէկ ժամէն ետքը, մինչեւ ժամը 11 ու կէս, մենք եւ հանրակացարանէն 3-4 տղաք մի քանի ժամ անցուցինք մաքրելով, որպէսզի անցք ունենանք, մարդ անխափան ու ապահով անցնի մէկ շէնքէն միւսը եւ ապակիի վրայ չկոխկրտէ: Երկրորդ բանը որ ըրինք՝ մեր ամէնէն խոշոր շէնքին՝ Մեխակեանին, որ դասարաններու, լսարաններու շէնք է, անոր ապակիներուն մէկ մասը կոտրած էր, ոմանք դուրս ցցուած էին եւ վտանգ կար որ իյնան անցորդներու վրայ: Մինչեւ գիշերուան ժամը մէկուկէսը ջանացինք մեր ուսանողներով կոտրել կիսատ կոտրած ապակիները, որպէսզի ապահովենք մեր անմիջական շրջապատը: Յաջորդ օրերուն մեր աշխատակազմն ու պաշտօնէութիւնը մաքրագործումը կատարեցին եւ երեք օրուան մէջ արդէն ընդունելի վիճակի մէջ դրուած էին համալսարանին շէնքերը: ՈՒսանողներուն գալով, մեր ուսանողները՝ ոչ թէ համալսարանին մէջ այլ աղէտեալ գօտիին մէջ, արդէն առաջին ութ օրերուն 5-10 հոգինոց խումբերով գացին եւ գործիքներով մաքրութիւն կատարեցին օտարներու տուները, խանութները, փողոցները, աղէտեալ գօտիի անծանօթ շէնքերը մտան եւ երկար օրեր մաքրութեան ժամանակ տուին օտար աղէտեալներուն: Իսկ աւելի ետք, անկէ չորս շաբաթ ետք, Հայկազեանի 65-ամեակին առիթով, կէսօրուան ճաշ մատակարարեցին առանձին մնացածներու տանը:
- Աղետի ֆիզիկական հետևանքների հաղթահարումը կարևոր է, սակայն ոչ պակաս հարված է հասցվել, կարծում եմ, մարդկանց հոգեբանությանը: Ի՞նչ տրամադրություն է այսօր տիրում Հայկազյանում և առհասարակ աղետից զգալիորեն տուժած հայկական Բուրջ Համուտ թաղամասում:
- Ճիշտ է, որ ֆիզիքական վնասները աներեւակայելի պատկեր մը կը ներկայացնեն, կը թուի մեզի, որ Լիբանանի մէջ, Մեծն Պէյրութի ծիրին մէջ, մօտ մէկ միլիոն մարդ, հոգեկան-հոգեբանական ծանր կացութեան մէջ ապրեցաւ եւ մեծ մասը կը շարունակէ ապրիլ: Ժողովուրդը աւելի զգացական է, վախի մէջ է, անհամբեր է, զգուշ է եւ ասիկա երկար ժամանակ պիտի տեւէ: Հայկազեան Համալսարանի հոգեբանը անմիջապէս մղուեցաւ զումով, հեռաձայնով, առցանց կերպով մեր աշխատակազմին հոգեբանական օժանդակութիւն ցուցաբերեց: Նաեւ ուսանողական խմբակի մը օգնութիւն տուինք հոգեբանական առումով, որովհետեւ կարիքը ունէին: Եւ սակայն մինչ մենք նոր կրթաշրջան մը կը սկսինք արդէն շատ լաւ ծանօթ ենք, որ ժողովուրդը՝ թէ՛ ծնողներ եւ թէ՛ ուսանողներ, ե՛ւ պաշտօնեաներ ու դասախօսներ՝ բոլորն ալ, տակաւին այդ ցնցումին հետեւանքները կ'ապրին: Ասիկա պիտի ունենայ իր հետեւանքը, իր ազդեցութիւնը նաեւ ուսումնառութեան վրայ: Երբ տեղ մը վախերը կը կուտակուին եւ հետեւանքներ կ'ունենան: Զորօրինակ ոմանք կրնան տեղէտեղ փոխադրուելու վախ ունենալ, ուրիշներ՝ ոչ: Նոյնիսկ նիւթական-ֆինանսական կարողութիւն ունեցողը կրնայ հանգիստ չզգալ վճարելու ուսումնական ծախսերը, որովհետեւ չի գիտեր թէ վաղը ինչ պիտի բերէ: Կամ նոր քայլեր ընողները՝ նոր աշխատանքի մտնել, նոր դպրոց սկսիլ, նոր համալսարան սկսիլ... Այս բոլորը վախի մէջ ձգեցին մարդիկը եւ ասոր հոգեբանական-զգացական հետեւանքները իբրեւ տուժ մենք երկար ժամանակ պիտի ունենանք եւ կրենք: Բայց մեր մօտեցումը իբրեւ համալսարան, միշտ կ'ըլլայ դրական եւ քաջալերական. մենք պատերազմ տեսած ժողովուրդ ենք. Հայկազեան Համալսարանի շէնքերը գոնէ երեք եթէ ոչ չորս անգամ ծանր վնասներու ենթարկուած են, շատ աւելի մեծ վնասներո, քան ներկայի վնասը, տարբեր պայթումներու, պատերազմական գործողութիւններու պատճառով: Սակայն, ամէն ինչ կը վերականգնի եւ մեր հիմնական շեշտը կը մնայ մարդոց մտաւորական, հոգեւոր, հոգեբանական, զգացական իմաստներով նեցուկ կանգնիլը ինչ որ Հայկազեանի կոչումին մէկ մասն է արդէն:
-Հայաստանից ստացված աջակցությունը ի՞նչ նշանակություն ունեցավ լիբանանահայության և մասնավորապես Հայկազյան համալսարանի համար:
-Ամբողջ աշխարհը, ներառեալ Սփիւռքի հայութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց, նաեւ որոշ նիւթական աջակցութիւններ ցուցաբերուեցան. համաշխարհային ոչ-կառավարական կազմակերպութիւներ, անհատներ, տարբեր կազմակերպութիւններ բերին իրենց օժանդակութիւնը Լիբանանին: Լիբանանահայութիւնը կազմեց Լիբանանի հայութեան վերականգնումի յատուկ յանձնախումբ մը, ուր նախապատուութիւնը կը տրուի տուժած բնակարաններու դուռ պատուհանի շինութեան խնդիրներուն, առողջապահական խնդիրներուն, աշխատանքի վայրերու (խանութներ եւն) վերաշինութեան: Կան նաեւ տուժած եկեղեցիներ եւ դպրոցներ, որոնց օժանդակութիւնը կը հասնի եւ պիտի հասնի: Հայկազեան Համալսարանին չվերաբերեցան այս օժանդակութիւնները, որովհետեւ Հայկազեանը չդիմեց անոնց, քանի որ ժողովուրդը աւելի կարիքն ունի: Հայկազեանը ըլլալով համալսարան, ունի իր շրջանաւարտները, իր խնամակալ մարմինը, Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը, որոնք ջանացին իրենց նեցուկը ցոյց տալ համալսարանին: ՈՒրեմն, լիբանանահայութեան ստացած այդ օժանդակութիւնները ընդհանրապէս կ'ուղղուին ընտանիքներուն, տուժած ընտանիքներուն: Հայաստանի եւ Արցախի օժանդակութիւնը շօշափելի եւ ազգային առումով շատ բարոյական քաջալերանք մը եղաւ ե՛ւ նիւթական ե՛ւ բարոյական իմաստներով: Բայց անոնց շեշտը եղաւ - մէկ մասը - ուտեստեղէնի՝ կարօտեալ ընտանիքներու, եւ միւս մասը՝ լիբանանահայ 17-18 վարժարաններուն պիւտճէներուն: Հայաստանի եւ Արցախի կողմէ մեր ստացած այցելութիւնները, հեռաձայնային խօսակցութիւնները, մեծ քաջալերանք էին. երբ կը գիտնանք որ Հայաստանը մեր կողքին է: Նաեւ նոյնիսկ «Հայաստան» Հիմնադրամը իր յատուկ ուշադրութիւնը դարձուց Լիբանանին: Բայց Հայկազեանը այդ բոլորին մէջ չէր ընդգրկուած. մերը զատ պարագայ է որ նաեւ ունի թերեւս աւելի կարողականութիւնը այս իր տուժած վիճակներուն մէջ իր ձեւերով լուծելու իր խնդիրները:
-Կա՞ն լիբանանահայեր, որոնք այս աղետից հետո մտածում են հայրենիք տեղափոխվելու մասին:
-Վերջին երկու տարիներու ծանր տնտեսական կացութեան մէջ մեծ թիւով ընտանիքներ առնուազն սկսան մտածել թէ իրենք պէտք է տեղափոխուին: Թէ ուր տեղափոխուին՝ բնական է որ իրենց համար եւ մեր ալ քաջալերանքը եղաւ որ Հայաստան ուղղուին: Բոլորին համար ատիկա նոյնքան կարելի չէ, նոյնքան գրաւիչ չէ: Կրնան նաեւ ուրիշ երկիրներու մասին մտածել, բայց հայրենիքը ըլլալով հայրենիք՝ եղաւ այն գրաւիչ հողը, գրաւիչ հասցէն, նաեւ երկքաղաքացիութեան դիւրութիւնը, լեզուի դիւրութիւնը, հոգեկան մօտիկութիւնը, ուր նաեւ երիտասարդներ եւ որոշ ընտանիքներ կը մտադրէին արտագաղթել: Եւ հայրենիքը առաջին հասցէն կամ առաջին հասցէներէն մէկը եղաւ բոլորին: Օգոստոս 4-ի պայթումէն ետք, ես պիտի ըսեմ կրկնապատկուեցաւ այդ մտայնութիւնը եւ ժողովուրդը դարձաւ անհամբեր եւ անկարող դիմանալու այս ահաւոր ճնշումներուն. ե՛ւ ֆիզիքական, ե՛ւ տնտեսական, ե՛ւ ապահովական, ե՛ւ այլ տեսակի... Գիտէք՝ աղէտի ժամանակ մարդ չի տեսներ յոյսի նշոյլ եւ կը նայի դէպի դուրս: Հայրենիքը առաջին հասցէն է եւ պիտի մնայ առաջին հասցէն: Թէ որքանով կը բաւարարուին պէտքերը լիբանանահայութեան հոն՝ ատիկա ուրիշ նիւթ է, որքանով մնայուն հաստատուելու համար կը մտածեն լիբանանահայերը Հայաստանի կամ Արցախի մասին՝ ուրիշ նիւթ է, բայց գոնէ մենք Աստուծոյ փառք կու տանք, որ հայրենիքը կը մնայ հայրենիք եւ մեր մնայուն հասցէն:
Զրույցը վարեց
Կարինե ՌԱՖԱՅԵԼՅԱՆԸ