Le Figaro պարբերականը հրապարակել է քաղաքական ամենատարբեր շրջանակներ ներկայացնող ֆրանսիացի շուրջ երեք տասնյակ գործիչների հավաքական ուղերձը, որով նրանք դատապարտում են Ֆրանսիայի մասնակցությունը Բաքվում կայանալիք COP29-ին և պահանջում անհապաղ ազատ արձակել հայ պատանդներին: «Ամոթալի այս համաժողովի անցկացումը չպետք է ծառայի Ադրբեջանի ավտորիտար և կոռումպացված վարչակարգի պաշտպանությանը, ոչ էլ խրախուսի դրա ծավալապաշտական մտադրությունների իրականացումը»,- շեշտված է ուղերձում:                
 

Հայկական Ազգագրական Պատկերներ. Տեսիլք, Կամք Եւ Յոյս» Հատորի Շնորհահանդէս

Հայկական Ազգագրական Պատկերներ. Տեսիլք, Կամք Եւ Յոյս» Հատորի Շնորհահանդէս
26.02.2024 | 18:35

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին, ուրբաթ, 16 փետրուար 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի հեղինակած «Հայկական ազգագրական պատկերներ. տեսիլք, կամք եւ յոյս» հատորին շնորհահանդէսը:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Լոռի Գորեսեան, որ դիտել տուաւ, թէ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի այս հատորի հրատարակութիւնը ձեւով մը գործադրութիւնն է «Ազդակ»-ի կողմէ եղած յանձնարարականի, որ նոյն հետեւողականութեամբ, խանդավառութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ դոկտ. Ճէպէճեանը շարունակէ աշխատակցիլ թերթին, որպէսզի վերստին յօդուածները հաւաքուին, խմբագրուին եւ թերթի էջերէն հատորի տեսքով հրատարակուին եւ, ահաւասիկ, ներկայացուին հանրութեան:

Ան ըսաւ, որ օրուան խորհուրդին մէջ տեսիլք կայ մամուլը կենսունակ պահելու, նաեւ` արեւմտահայերէնը ապրեցնելու, տարածելու եւ արեւմտահայերէնով յօդուածներ արտադրելու, ինչպէս նաեւ` հայրենիքէն թէ սփիւռքէն ցաւի ու հպարտութեան ապրումներ, խորհրդածութիւններ, յուշագրութիւններ բաժնեկցելու նախ օրաթերթով, ապա` հատորով: Գորեսեան հաստատեց, որ այս բոլորը կ՛ենթադրեն կամք, հակառակ դժուարութիւններուն շարունակելու, եւ յոյս` լաւատեսութիւնն ու հաւատքը չկորսնցնելու եւ իւրաքանչիւր երեւոյթ թէ՛ իբրեւ քրիստոնեայ եւ թէ՛ իբրեւ հայ դիտելու, ընկալելու եւ այդ ուղղութեամբ խոչընդոտներն ու պարտադրուած կացութիւնները յաղթահարելու:

Ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց հատորի խմբագիր դոկտ. Արտա Ճէպէճեան, որ նկատել տուաւ, թէ ասիկա չորրորդ գիրքն է, որ Հրայր Ճէպէճեանին հետ կը պատրաստեն եւ կը հրատարակեն` նշելով, որ այս հատորի աշխատանքները տեւած են երկու տարի: Ան ներկայացուց խմբագրական աշխատանքներուն ընթացքն ու ընդհանրապէս գիրքի կազմութեան փուլերը: Անդրադառնալով հատորի խորագիրին` Ճէպէճեան բացատրեց, որ իւրաքանչիւր յօդուածի մէջ կ՛արտացոլան տեսիլքը, կամքը եւ յոյսը` յատկապէս շեշտը դնելով Հ. Ճէպէճեանի մօտ առկայ լաւատեսութեան վրայ, որ շատ կարեւոր է թէ՛

իբրեւ մարդ եւ թէ՛ իբրեւ գրող: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց ներկայութեան համար` շեշտելով, որ հայը միշտ սիրած է մշակոյթը, գիրը եւ գրականութիւնը եւ այդպիսով` հաստատած, որ մենք վերապրող ժողովուրդ ենք եւ կը գնահատենք լաւը եւ գեղեցիկը:

Այնուհետեւ Միացեալ Նահանգներէն վեր. Վահան Թութիկեան առցանց ներկայացուց իր սրտի խօսքը. ան նկատել տուաւ, որ սփիւռքահայ կեանքի դժուար պայմաններուն մէջ հայերէն գիրք հրատարակելը մեծապէս գնահատելի աշխատանք է, իսկ նման աշխատանք ա՛լ աւելի գնահատելի կը դառնայ, երբ հեղինակը, իր աշխատանքի կողքին, ժամանակ կը տրամադրէ ստեղծագործելու եւ հրատարակելու գեղեցիկ գործեր, ինչպէս է պարագան Հրայր Ճէպէճեանի: Վեր. Վահան Թութիկեան Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդին եւ իր կողմէ անգամ մը եւս գնահատեց հեղինակը իր կրօնաշունչ եւ ազգաշունչ գործերուն համար, ինչպէս նաեւ` հայ մամուլի մէջ անոր լոյս ընծայած յօդուածներուն:

Օրուան բանախօսն էր յատկապէս այս առիթով Լիբանան ժամանած «Սփիւռք» գիտակրթական հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան: Ան յայտնեց, որ սփիւռքի հարիւրամեայ տեւական շնչառութեան մէջ հայրենիքը գոյապայքարի ենթագիտակցութիւն, ինքնութեան ամէնօրեայ հաստատման ճիգ է, աւելցնելով, որ գոյապայքարը սփիւռքի դիմագիծն է, սակայն ան ուսումնառութեան ամբողջական դիմագիծ է նաեւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի համար, որուն գիտական եւ հրապարակագրական սուր հարցադրումներուն մէջ կայ ժանրային կայուն, մնայուն յատկանիշ մը, որ ընթերցողին հետ երկխօսութեան նստելու բուռն ցանկութիւնն է:

Բանախօսը դիտել տուաւ, որ 1990-էն ի վեր Արաբական ծոցի Աստուածաշնչային ընկերութեան գլխաւոր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան իր ապրած հարուստ կեանքի փորձառութենէն բերած է իր կենսափիլիսոփայութիւնը, թէ ոչինչ կատարեալ է այս աշխարհի մէջ, նոյնիսկ հայրենիքի անվերջանալի ճանաչումը` պատմական մաքառումներով, կորուստներով ու երրորդ ուժի սպասումէն յոգնած երանաւէտ առաւելութիւններով: Ան ըսաւ, որ հեղինակին նախորդ երկու գիրքերուն հետ պարզ համեմատութեամբ, այս երրորդը ունի ընկերային աշխարհատես, ընդգրկուն շեշտուածութիւն, անպայմանօրէն` համահայկական խորաշերտ տարողութեամբ, աւելցնելով, որ գիրքի պատկերներու ընդմէջէն շեշտուած են ներթաքոյց, բայց ուղղակի պատգամներ, որոնք ուղղուած են 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի ռազմական անյաջողութիւններու իբրեւ հետեւանք քաղաքական ճգնաժամի յաղթահարման ուղիներուն: Դանիէլեան դիտել տուաւ, որ երրորդ գիրքին իւրայատկութիւնը տեսլականի եւ իրականի հանդիպումն ու համադրումն է: Ան ըսաւ, որ Ճէպէճեանի ազգային կեանքի գիտակից կազմաւորումը անցած է գութի, եկեղեցւոյ` մեր օրերու դժուարահաճ դաստիարակութեան միջոցով խորացնելով անոր այլասիրութիւնը, արմատաւորելով մարդասիրութեան ակունքը, որ զինք հասցուցած է ազգային ինքնութեան իմացական զօրաւոր ըմբռնումի: Շարունակելով իր խօսքը` բանախօսը ըսաւ, որ ներկայիս աւելի դժուար խնդիր կայ, որ ազգային ներքին կեանքի վերակազմակերպումն է, որուն մասին կ՛անդրադառնայ հեղինակը` յենելով առաջին հերթին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հզօր փորձառութեան եւ անսխալական բնազդի զգացողութիւններուն վրայ, հաստատելով, որ հեղինակը վեհափառի հեռանկարային խօսքին մէջ արդէն 2022-ին կը տեսնէ սփիւռքի ռազմավարական վերակազմակերպումի բարդ ու երկարաշունչ ծրագիր: Նման հսկայածաւալ աշխատանքի իրագործումը կ՛ենթադրէ հաւաքական հաւատք ու նուիրում, ըստ էութեան` հռչակագրի բովանդակութիւն եւ հաւաքական աշխատանք, որուն ինքը եւ սփիւռքի մտաւորականութիւնը պատրաստ են լծուելու:

Դանիէլեան նշեց, որ Արամ Ա. կաթողիկոս համահայկական տագնապ հնչեցուցած է, իսկ Հրայր Ճէպէճեան իրաւացիօրէն ահազանգը կը խորացնէ` հաստատելով, որ սփիւռքը սկսած է անտարբեր ըլլալ նոյնիսկ ինքն իր նկատմամբ, յատկապէս` վերջին քանի մը տարիներուն, Արցախի պատերազմէն ետք եւ շեշտած է, որ վեհափառ հայրապետը իրավիճակները կը կարդայ շատ յստակ, իրապաշտ եւ գործնական տուեալներէ մեկնելով: Ճէպէճեան նկատել տուած է, որ հայապահպանումը գլխաւոր գրաւականն է, մինչդեռ հայութիւնը կը շարունակէ բազմաթիւ ու բազմատեսակ մարտահրաւէրներ ու վտանգներ դիմագրաւել, եւ անոր համար անհրաժեշտ է, որ վերստեղծենք հայկական ուժը` զօրացնելով բարութեան արմատը, հաստատելով, որ հայկական ուժի հիմքն ու նպատակակէտը «Հզօր Հայաստան – հզօր սփիւռք» յարատեւող տեսլականի մէջ է: Հայ ըլլալէն առաջ այլեւս իւրաքանչիւր երկրի մէջ ծնած սփիւռքահայը, որ նախ այդ երկրի քաղաքացին է, կ՛իւրացնէ օտար երկրի մշակոյթը, կենցաղը, ապա կը զուգորդէ զայն հայկական նախնական արժէքին, եզրակացնելով, որ լեզուն, հայրենիքը, կրօնը, աւանդութիւնները, պահանջատիրութիւնը մէկ ազգի պատկանելիութեան ամուր յենարաններն են:

Եզրափակելով իր խօսքը` փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան ըսաւ, որ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան կը յայտարարէ, թէ մեր մեծ պարտականութիւնը այսօր սփիւռքի մէջ ազգային մշակոյթի պաշտպանութիւնն է, հետեւաբար անհրաժեշտը, աւանդական կառոյցներու կողքին, մեր մտածելակերպն ու գործելակերպերը վերակազմակերպելն է:

Այնուհետեւ ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին` դոկտ. Պարոյր Աղպաշեան, Ահարոն Շխըրտըմեան, Յակոբ Հաւաթեան: Պարոյր Աղպաշեան դիտել տուաւ, որ սփիւռքի մէջ հետզհետէ խամրող ու նօսրացող գրիչներու բացակայութիւնը եւ անհետացումը արդէն բացայայտ իրականութիւն մըն է, որ մեզ կը դնէ խիստ մտահոգիչ ու տագնապեցուցիչ ամայութիւններու դիմաց, ուր հայ միտքի ու տեսիլքի, խոհականութեան ու կոչումի հեղինակները հազուագիւտ դարձած են, աւելցնելով, որ այս բոլորը յառաջացան տարբեր պայմաններու բերմամբ, սակայն անպայման կան եւ պիտի ըլլան լոյսի եւ յոյսի ճառագայթումներ, որոնք հայակերտումի գոյամարտին մէջ կրնան մնալ իրենց պատուաբեր պատուանդանին վրայ` միշտ անսալով իրենց դիրքին եւ առաքելութեան կանչին:

Ան հաստատեց, որ Հ. Ճէպէճեան դարձաւ այն յուսատու եւ արժանաւոր դէմքերէն, որ ազգային-կրօնական կեանքին մէջ, ինքզինք արժեցնելու եւ արժեւորելու ընթացքի մը մէջ գտնուեցաւ, աւելցնելով, որ անոր հաւատքի արմատները ամբողջովին կը խորհրդանշեն հայրենասիրութիւն ու հայրենիքի նկատմամբ կառչածութիւն:

Դոկտ. Աղպաշեան նկատել տուաւ, որ Ճէպէճեան Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերակցութեան ընդհանուր քարտուղարը դառնալով` ինքզինք գտաւ նոր պարտաւորութեան մը դիմաց, իր մասնագիտական գործունէութեան զուգահեռ, իր շրջուն դերակատարութիւններէն օգտուելով, ծանօթանալու, շաղուելու եւ յարաբերելու բազմախաւ հայկական շրջանակներու հետ, ինչ որ զինք մղեց գրիչով արտայայտուելու ազնիւ փորձութեան: Ան ըսաւ, որ յօդուածագրութեան, հրապարակագրութեան, յուշագրութեան, հայագրութեան, զրուցագրութեան հարուստ հաւաքածոյի մէջ մէկտեղուած են անոր հինգ տարեշրջաններու (2018-2022) ամէնէն շահեկան կտորները, որոնք կը բուրեն անձնական, ազգային, գաղափարական, մարդասիրական, բարոյական ու կրօնագիտական բովանդակութիւններով համեմուած ճոխ ընտրանի մը, շեշտելով, որ այդ հատընտիրը կը բնորոշուի ու կ՛արժեւորուի ոչ միայն իր հրատարակչական տպագրութեամբ, այլեւ` հայ իրականութենէն քաղուած նիւթերով: Եզրափակելով իր խօսքը` Պ. Աղպաշեան շեշտեց, որ Ճէպէճեան իր ծառայողական գործով ու մտային արտադրողականութեամբ, արժանի է գնահատանքի ու շնորհաւորանքի:

Ահարոն Շխըրտըմեան իր սրտի խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ դոկտ. Ճէպէճեանի կերպարները կենդանի մարդիկ են, որոնք այսօր կ՛ապրին, կը շնչեն գիրքին մէջ իր բնորոշած ձեւով` հզօր հայրենիք ունենալու տեսիլքով, հայ ազգային ինքնութիւնը պահպանելու կամքով եւ քրիստոնէական հաւատքի լաւատեսական յոյսով, աւելցնելով, որ ներկայիս կը գտնուինք այնպիսի փուլի մը մէջ, որ մեր գրիչները պէտք է աւելի համարձակ ըլլան, որովհետեւ կը գտնուինք աւելի վտանգաւոր սպառնալիքի առջեւ, եւ մեր ամբողջ ինքնութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձած է:

Յակոբ Հաւաթեան մեկնելով Հ. Ճէպէճեանի հետ անցնող 15 տարիներու ընթացքին իր ունեցած համագործակցութենէն հաստատեց, որ մարդը կարելի է աշխատանքի մէջ լաւապէս ճանչնալ, ծանօթանալ եւ ըմբռնել անոր արժանիքները, աւելցնելով, որ Ճէպէճեան բծախնդիր եւ նախանձախնդիր անձ մըն է եւ օրական դրութեամբ հայութեան համար բան մը ընելու մարմաջով եւ փափաքով կ՛ապրի ու կը կենսաւորուի: Ան ըսաւ, որ մեր կեանքին մէջ, եթէ որոշ թիւ մը դոկտ. Ճէպէճեանի պէս մօտենայ, սփիւռքի մեր պատմութիւնը կը հարստանայ, որովհետեւ սփիւռքի մեր անցած ուղին կարիքը ունի, հրապարակագրութեան կողքին, խոր վերլուծումներու, եւ այս մէկը` յառաջիկայ սերունդներուն իբրեւ ժառանգ ձգելու առումով, եւ նման աշխատանքներ կը կարեւորուին այդ իմաստով: Հաւաթեան հաստատեց, որ դոկտ. Ճէպէճեան գաղափարական անձնաւորութիւն մըն է, որ ունի իր համայնական հաւատամքները, աւելցնելով, որ անոր համար հայկականութիւնը, հայկական արժէքները, հայութեան հաւաքական եւ միասնական ուժի դրսեւորումը գաղափարական հիմքի վրայ հիմնուած են` ագուցուած աստուածաշնչական, կրօնական հասկացողութիւններով, որ կը դառնայ նաեւ համամարդկային արժէք, եւ այս իմաստով անոր մէջ պէտք է տեսնել խոհուն համոզումով առաջնորդուող հրապարակագիրը: Ըստ անոր, հեղինակը իր հրապարակային յօդուածներու այս հաւաքածոներուն մէջ պարզապէս տեղեկութիւններ չի փոխանցեր, այլ այդ տեղեկութիւններու ճամբով պատգամներ ունի, որոնք մեր ամէնօրեայ կեանքին հետ առնչուած են եւ հիմնուած են մտահոգութիւններու վրայ: Եզրափակելով իր խօսքը` Հաւաթեան ըսաւ, որ դոկտ. Ճէպէճեան յաւերժի ուխտաւոր մըն է, որ ուխտած է հայկականութիւնը, հայկական արժէքները, հայ մարդու ամբասիր նկարագիրը լուսարձակի տակ բերել եւ լուսաւորել մեր կեանքը, իր նկարիչի լաւ ոսպնեակով յուսադրել բոլորս ազգագրական պատկերներով, որ տեսիլքը, կամքը եւ յոյսը անմար մնան հայ կեանքէն ներս: Ան հաստատեց, որ հեղինակը պայքարող է առաջին հերթին ինքն իրեն հետ` մերժելով ամէն տեսակի տեղատուութիւն եւ նահանջ միջավայրին մէջ:

Այնուհետեւ, հատորի հեղինակ դոկտ. Ճէպէճեան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան հատորի հրատարակութեան եւ շնորհահանդէսի յաջողութեան: Ան յորդորեց ներկաները միշտ ապրելու, որուն համար կարիքը ունին տեսիլքի, որ իրենց կեանքերը դնեն պատմութեան շարունակականութեան մէջ, եւ այդ մէկը իրականացնելու համար պէտք ունին հայկական կամքի, ինչպէս նաեւ` յոյսի, եւ որպէս քրիստոնեայ ժողովուրդ` մեր քրիստոնէական աստուածաբանութեան հիմքը Քրիստոսի շնորհած նոր կեանքի յոյսն է, որուն հետ պիտի շարունակենք ապրիլ:

Աւարտին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան իր սրտի խօսքին մէջ հաստատեց, որ դոկտ. Ճէպէճեան իր կատարած շարունակական ճամբորդութիւններուն ընդմէջէն միշտ առիթ կը ստեղծէ հանդիպելու Լիբանան, որպէսզի անհատապէս նորոգուի, եւ կը հանդիպի կարգ մը բարեկամներու, նաեւ իրեն համար նուիրականութիւն ներկայացնող հաստատութիւններ կ՛այցելէ եւ քանի մը այցելութիւններէ ետք մեզի կը ներկայանայ հատորով մը, ինչպէս հիմա: Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց հեղինակին` մաղթելով անոր առողջութիւն, նաեւ` բեղուն գրիչ, որպէսզի շարունակէ իր առաքելութիւնը:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հատորի գինեձօն:

Դիտվել է՝ 3127

Մեկնաբանություններ