ՄԱԿ-ի կլիմայի COP29 համաժողովի շրջանակում Ադրբեջանի նախագահ Իլհամ Ալիևը հանդիպել է Մեծ Բրիտանիայի վարչապետ Քիր Սթարմերի հետ. վերջինս հետաքրքրվել է Հայաստանի և Ադրբեջանի միջև բանակցային գործընթացով։ Ալիևն ասել է, որ խաղաղության պայմանագրի տեքստի զգալի մասն արդեն համաձայնեցված է, միաժամանակ, հերթական անգամ դժգոհել է Հայաստանի Սահմանադրությունից՝ նշելով դրանում պարունակվող «տարածքային հավակնությունները»։               
 

«Մենք մեռանք՝ որպէսզի դուն ապրիս...»

«Մենք մեռանք՝ որպէսզի դուն ապրիս...»
24.04.2024 | 21:31
Այսօր կը յիշատակենք հայոց ցեղասպանութեան 109 րդ ամեակը։ Մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակները ու տակաւին մեր պապենական հողերը ու տուները զորս կորսնցուցինք ու մշակութային հսկայ ժառանգը։ Եւ իմ պարագային՝կայ իմ ընտանիքի պատմութիւնը, որուն արմատները կուգան Այնթապէն եւ Հասան Պէյլիէն՝ Ճէպէճեան եւ Գունտաքճեան գերդաստաններ։ Եւ իմ երկու ընտանիքի գերդաստանններէն՝մեր նահատակները՝թիւով քսան եւ հինգ։ Եթէ իւրաքանչիւրին նկարները ունիմ իմ ընտանեկան հաւաքածոյիս մէջ՝բայց անոնք կը խօսին ինծի ամէն անգամ որ կը նայիմ իրենց։
Այսօր՝Ապրիլ 24, 2024, եւ 109 տարիներ ետք՝այս նկարները դարձեալ կը խօսին։ Անոնց աչքերուն մէջէն կայ մէկ պատգամ մը ինծի։ « Հրայր, մենք մեռանք՝որպէսզի դուն ապրիս»։
Ու այսօրուայ իմ եւ երեւի իւրաքանչիւր հայուն ապրելու գրաւականը։
Պիտի շարունակեմ ապրիլ իմ Քրիստոնէական հաւատքովս՝Ան՝որ ինծի սորվեցուց թէ «երկչոտ» պէտք չէ որ ըլլալ՝ այլ «զգաստ»։ Զգաստ՝գիտակցելով թէ հայուն հաւատքը, կեանքը եւ պատմութիւնը չի մեռաւ։ Չի մեռաւ՝որովհետեւ կային արժանաւորներ՝որոնք ի գին իրենց կեանքին՝հայուն պատմութիւնը դրին շարունակական եւ ապրող գործընթացի մը մէջ։
Պիտի ապրիմ սիրելով եւ գիտակցելով հայկական իմ ամբողջական մշակոյթի արժէքը եւ անոր աւանդը ։ Պիտի անդրադառնալ նորէն ու նորէն՝թէ հայը մեծ ներդրում ունեցած է համաշխարհային քաղաքակրթութեանը եւ անոր զարգացմանը եւ թէ այս հսկայական աւանդը պիտի պահենք ու աւելիով կերտենք։
Պիտի ապրիմ հայրենիքի տեսլականովը։ Հայրենիքը՝որ ուժեղ է եւ համերաշխ։ Եւ անոր իւրաքանչիւր անհատը արժէք է՝ որ պէտք է գուրգուրալ։ Բայց որ նաեւ գիտակցիլ թէ իւրաքանչիւր հայ պիտի ապրի հայուն հետ՝անկախ մտածելակերպի ու համոզմունքի տարբերութիւններու։
Պիտի ապրիմ՝քաջ գիտնալով թէ հայուն պահանջատիրութիւնը՝ցեղասպանութեան, Արցախի ու տակաւին՝ունի արդար եւ ճշմարիտ հիմքեր՝ որ պէտք է տիրանայ իր արդար իրաւունքին։
Պիտի ապրիմ հայկական հպարտութեամբ։ Հպարտութիւնը՝ ոչ թէ գերակայութեան տրամադրութեամբ՝այլ հպարտութիւնը իմ հաւատքին, ինքնութեանը ու արժէքին նկատմամբ։
Իմ հարազատները մեռան՝որպէսզի ես ապրիմ։
Մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակները մեռան՝որպէսզի հայը ապրի։
Յարգանք իմ ընտանիքի նահատակներուն ու տակաւին իւրաքանչիւր հայ նահատակին՝որ-որոնք մեռան որպէսզի ես եւ իւրաքանչիւր հայը ապրի։ Իւրաքանչիւր հայը՝Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք...։
Շնորհակալութիւն՝ իմ նահատակ ընտանիքի անդամներուն ու տակաւին մեր բոլոր նահատակներուն՝ իրենց նուիրական կեանքերուն համար։
Իսկ մենք այսօր...։
Պիտի ապրինք՞...
Անպայմանօրէն՝այո...։
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան
Քուէյթ, Ապրիլ 24, 2024
Դիտվել է՝ 1963

Մեկնաբանություններ